ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՎԱՐԴԱՊԵՏԱԿԱՆ ԹԵԶԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԻՒՆ

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ Ա­րե­ւե­լեան ծէ­սի ըն­կե­րու­թեան 6-րդ մի­ջազ­գա­յին գի­տա­ժո­ղո­վը։ Եէյ­լի հա­մալ­սա­րա­նէն Պրա­յան Սփինկ­սի կող­մէ գլխա­ւո­րուած այս ըն­կե­րակ­ցու­թեան ան­դամ­ներն ու գի­տա­ժո­ղո­վի մաս­նա­կից­նե­րը ըն­դու­նուե­ցան նաեւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սին կող­մէ։ Հիւ­րե­րը Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին ներ­կա­յա­ցուց Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ս. Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րե­ւե­լեան Թե­մի «Զօհ­րապ» տե­ղե­կա­տուա­կան կեդ­րո­նի տնօ­րէն Տ. Դա­նիէլ Վրդ. Ֆըն­տը­քեան, որ այս ըն­կե­րու­թեան հա­մա­հիմ­նա­դիրն է։ Որ­պէս Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի միա­բան Տ. Դա­նիէլ Վրդ. Ֆըն­տը­քեան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին՝ սոյն գի­տա­ժո­ղո­վը մայ­րա­վան­քի հա­մա­լի­րէն ներս գու­մա­րե­լու հրա­ւէ­րին եւ ջերմ հիւ­րըն­կա­լու­թեան հա­մար։

Փրոֆ. Պրա­յան Սփինկս Նո­րին Սրբու­թեան ներ­կա­յա­ցուց ըն­կե­րու­թեան ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը եւ Ա­րե­ւե­լեան ծէ­սի ու­սում­նա­սի­րու­թեան նպա­տակ­նե­րը։ Ան ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ ընդգ­ծեց, որ գի­տա­ժո­ղո­վը ա­ռա­ջին ան­գամ ի­րա­կա­նա­ցուած է ե­կե­ղեց­ւոյ մը պե­տին հրա­ւէ­րով ու գու­մա­րուած՝ ե­կե­ղեց­ւոյ մը կեդ­րո­նէն ներս։

Հիւ­րե­րուն իր օրհ­նու­թիւ­նը փո­խան­ցե­լով՝ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը կա­րե­ւո­րեց գի­տա­ժո­ղո­վին Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ տե­ղի ու­նե­նա­լը։ Ան ընդգ­ծեց, որ նման հա­ւաք­նե­րը մե­ծա­պէս կը նպաս­տեն զի­րար ա­ւե­լի լաւ ճանչ­նա­լու, ի­րա­րու ա­ւան­դու­թիւն­նե­րուն, ծէ­սին եւ հո­գե­ւոր ար­ժէք­նե­րուն հա­ղոր­դա­կից դառ­նա­լու։ Նո­րին Սրբու­թեան հա­մոզ­մամբ, այս գի­տա­ժո­ղո­վը իւ­րա­յա­տուկ ներդ­րում մըն է մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան շարժ­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն ծի­րէն ներս եւ այս առ­թիւ ու­րա­խու­թիւն յայտ­նեց ե­կե­ղե­ցի­նե­րու մի­ջեւ ստեղ­ծուած այն սի­րոյ ո­գիին մա­սին, որ ճա­նա­պարհ կը հար­թէ նման բա­րի գոր­ծակ­ցու­թեան առ­ջեւ։

Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը մաս­նա­ւոր գնա­հա­տան­քով ար­տա­յայ­տուե­ցաւ գի­տա­ժո­ղո­վին մաս­նա­կից այն ծի­սա­գէտ­նե­րուն մա­սին, ո­րոնք մեծ ա­ւանդ ու­նին Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ ծէ­սի ու­սում­նա­սի­րու­թեան եւ ա­նոր ծա­նօ­թաց­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը մատ­նան­շեց, որ ներ­կայ գիտ­նա­կան­նե­րու ձեռք­բե­րում­նե­րով կը կրթուին Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րը՝ ա­նոնց հո­վա­նիին եւ ա­ռաջ­նոր­դու­թեան ներ­քեւ շա­րու­նա­կե­լով ի­րենց ու­սում­նա­ռու­թիւ­նը եւ գի­տա­կան աշ­խա­տան­քը զա­նա­զան հա­մալ­սա­րան­նե­րու մէջ։

Հան­դիպ­ման տե­ւո­ղու­թեան Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը պա­տաս­խա­նեց ծի­սա­գէտ­նե­րու հար­ցում­նե­րուն, ո­րոնք կը վե­րա­բե­րէին ե­կե­ղեց­ւոյ առ­ջեւ ծա­ռա­ցած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն, ա­նոր գոր­ծու­նէու­թեան, ծի­սա­կան լե­զուին եւ վա­նա­կան կեան­քի վե­րա­կանգն­ման ուղ­ղու­թեամբ տա­րուած աշ­խա­տանք­նե­րուն։

Բաց աս­տի, Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը վեր­ջին օ­րե­րուն Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց «Հո­վարտ Գա­րա­կէօ­զեան» յի­շա­տա­կի ըն­կե­րակ­ցու­թեան տնօ­րէն­նե­րու խոր­հուր­դի նա­խա­գահ Մայ­քըլ Յա­րու­թիւ­նեա­նը։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ այս ըն­կե­րակ­ցու­թիւ­նը կը նշէ իր հիմ­նադ­րու­թեան 95-ա­մեայ յո­բե­լեա­նը՝ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը գնա­հա­տեց հաս­տա­տու­թեան վաս­տա­կը ազ­գա­յին եւ հայ­րե­նա­կան կեան­քէն ներս։ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու եւ ա­րա­րո­ղա­կար­գի բաժ­նի տնօ­րէն Տ. Նա­թան Արք. Յով­հան­նի­սեան անդ­րա­դար­ձաւ այս ըն­կե­րակ­ցու­թեան հայ­րե­նա­նուէր եւ ազ­գան­պաստ գոր­ծու­նէու­թեան եւ բո­լո­րած 95-ա­մեայ ու­ղիին։

Բա­րե­յի­շա­տակ Միհ­րան եւ Զա­պէլ Գա­րա­կէօ­զեան­նե­րու կող­մէ հիմ­նուած այս ըն­կե­րակ­ցու­թեան յո­բե­լե­նա­կան շրջա­նին Մայ­քըլ Յա­րու­թիւ­նեա­նին հան­դի­սա­ւո­րա­պէս յանձ­նուե­ցաւ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի օրհ­նու­թեան գի­րը։ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Քրիս­տո­նէա­կան դաս­տիա­րա­կու­թեան կեդ­րո­նի տնօ­րէն Տ. Վար­դան Եպսկ. Նա­ւա­սար­դեան հան­դի­սա­ւո­րա­պէս ըն­թեր­ցեց Հայ­րա­պե­տա­կան սրբա­տառ կոն­դա­կը։

Իր կար­գին, Մայ­քըլ Յա­րու­թիւ­նեանն ալ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նին նուի­րեց ըն­կե­րակ­ցու­թեան կող­մէ Պոլ­սոյ մէջ օգ­նու­թիւն ստա­ցած ա­ռա­ջին հայ որ­բե­րուն խմբան­կա­րը։

Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ «Ս. Սա­հակ-Ս. Մես­րոպ» պա­տուոյ բարձր շքան­շան­ներ յանձ­նեց նաեւ Ֆրան­սա­յէն՝ հա­յա­գէտ Հայր Ա­թա­նաս Շարլ Ռը­նուին եւ Հա­յաս­տա­նի Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րա­նի նա­խա­գահ Տքթ. Ար­մէն Տէր-Կիւ­րե­ղեա­նին։

Միւս կող­մէ, Գէոր­գեան հո­գե­ւոր ճե­մա­րա­նէն ներս 2016-2017 կրթա­կան շրջա­նը բա­ցուե­ցաւ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին նա­խա­գա­հու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը։ Իսկ ե­րէկ, ճե­մա­րա­նի դահ­լի­ճին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ վար­դա­պե­տա­կան թե­զի մը բա­նա­ւոր պաշտ­պա­նու­թիւ­նը, նոյն­պէս Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին մաս­նակ­ցու­թեամբ։

Նոյն­պէս ե­րէկ, մայ­րա­վան­քի դի­ւա­նա­տան եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ պար­գե­ւատր­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն մը եւս։ Այս­պէս, Մայր Ա­թո­ռէ ներս գտնուող «Ե­րե­միան» միա­բա­նա­կան շէն­քի յու­շա­տախ­տա­կը բա­ցուե­ցաւ մաս­նա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը, որ­մէ վերջ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տիը «Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ» շքան­շա­նով պար­գե­ւատ­րեց Է­տուըրտ եւ Ժա­նէթ Մար­տի­կեան­նե­րը, ո­րոնց ազ­նիւ բա­րե­րու­թեամբ հիմ­նա­նո­րո­գուած էր այդ շէն­քը։ Ներ­կայ էին նաեւ Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րե­ւե­լեան Թե­մի Հայ օգ­նու­թեան ֆոն­տի տնօ­րէն­նե­րու խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րը՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ ու ֆոն­տի նա­խա­գահ Տ. Խա­ժակ Արք. Պար­սա­մեա­նի եւ Ֆոն­տի գոր­ծա­դիր տնօ­րէն Գառ­նիկ Նա­նա­կու­լեա­նի։ Հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին ար­տա­յայ­տուե­ցաւ Տ. Խա­ժակ Արք. Պար­սա­մեան, որ անդ­րա­դար­ձաւ մե­ծա­րեալ­նե­րու օ­րի­նա­կե­լի կեր­պա­րին։ Ան ը­սաւ, թէ Մար­տի­կեան­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ զօ­րակ­ցե­լու ի­րենց նուի­րա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը՝ հա­ւա­տա­րիմ մնա­լով ի­րենց ծնող­նե­րու որ­դեգ­րած ու­ղիին։

Տ. Մու­շեղ Եպսկ. Պա­պա­յեան ըն­թեր­ցեց Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի սրբա­տառ կոն­դա­կը եւ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը մե­ծա­րեալ­նե­րուն յանձ­նեց շքան­շա­նը։ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը այս փու­լին դրուա­տեց Մար­տի­կեան­նե­րու ազ­գա­շէն ու ե­կե­ղե­ցա­նուէր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։ Ան գնա­հա­տեց մե­ծա­րեալ­նե­րուն օրհ­նեալ ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը ազ­գա­յին կեան­քէն ներս ու շեշ­տեց, թէ ա­նոնք ի­րենց ազ­նիւ վաս­տա­կը կը ներդ­նեն ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քի շի­նու­թեան գոր­ծին։ 

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2016