ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԷՆ ՆԵՐՍ ՆՇՈՒԵՑԱՒ Տ. ԱԲՐԱՀԱՄ ՔՀՆՅ. ՄԱԼԽԱՍԵԱՆԻ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Պէյսայտի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հոգիւ Տ. Աբրահամ Քհնյ. Մալխասեանի յոբելեանը, որուն առթիւ կազմակերպուեցաւ մասնաւոր երեկոյթ մը։ Յոբելեար տէր հօր քահանայագործութեան տասնամեակին առթիւ կազմակերպուած ձեռնարկին մասնակցեցաւ նաեւ Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ այս շրջանին կը գտնուի Նիւ Եորքի մէջ։ Ձեռնարկը գլխաւորեց Արեւելեան թեմի առաջնորդական փոխանորդ Տ. Սիմէոն Աբեղայ Օտապաշեան, որու կողքին էին Ս. Ներսէս ընծայարանի տեսուչ Տ. Մարտիրոս Աւ. Քհնյ. Չեւեան եւ թեմի հոգեւորականաց դասէն այլ անդամներ։ Երեկոյթը կազմակերպուած էր կարգադիր յանձնախումբի մը կողմէ՝ գլխաւորութեամբ տքթ. Լին Չեթինի։

Եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ սարքուած սեղաններուն շուրջ համախմբուեցան երեկոյթի բոլոր մասնակիցները։ Յոբելեար քահանայ հայրը առարկայ դարձաւ բոլորի ամենաջերմ վերաբերմունքին, բարեմաղթանքներով հանդերձ։

Տ. Աբրահամ Քահանայ Մալխասեան սրտի խօսքով մըն ալ հանդէս եկաւ՝ շնորհակալութիւն յայտնելով իրեն նկատմամբ ցուցաբերուած ջերմ վերաբերմունքին համար։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 28, 2022