Չորեքշաբթի 5, Փետրուար 2025
ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԼԱՏԻՆ ԿԱԹՈԼԻԿ ՊԱՊԱԿԱՆ ՓՈԽԱՆՈՐԴԻՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Ս. Ծնունդի առթիւ շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Իսթանպուլի Լատին կաթոլիկ պապական նուիրակ Մոնս. Մասսիմիլիանօ Փալինուրօ Եպիսկոպոսին։ Երկու հոգեւոր առաջնորդները սիրալիր մթնոլորտի մէջ ողջագուրուեցան եւ փոխանակեցին բարեմաղթանքներ։
Նորին Ամենապատուութեան ընկերացան Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։
Շաբաթ, Դեկտեմբեր 28, 2024