ՄԱՍՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Երեւանի Մատենադարանի ղեկավար կազմէն ներկայացուցիչներ վերջերս այցելեցին Անթիլիաս, ուր հիւրընկալուեցան Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի հովանաւորութեան ներքեւ։ Այսպէս, 22-26 փետրուարին Անթիլիասի մէջ շփումներ ունեցան Մատենադարանի տնօրէն Արա Խզմալեան, փոխ-տնօրէն Վահէ Թորոսեան, տնօրէնի խորհրդական Գուրգէն Գասպարեան եւ նոյնպէս տնօրէնի խորհրդական Միհրան Մինասեան։

Արամ Ա. Կաթողիկոսի հետ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան համագործակցութեան խորացման վերաբերեալ զանազան հարցեր։ Մատենադարանի ներկայացուցիչները, ըստ էութեան, կեդրոնացան հայկական ձեռագրական ժառանգութեան յաւերժացման, գրչական կեդրոններու միջեւ համագործակցութեան, ձեռագրերու պահպանման, վերականգնումի եւ թուայնացումի վրայ։ Անոնց հետաքրքրութեան առարկայ էր նաեւ հայագիտութեան ներկայ վիճակն ու ապագայ ձգտումները։

Մատենադարանի ղեկավարութեան ներկայացուցիչները կեցութեան օրերուն «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ մէկտեղուեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հայագիտական կեդրոնի ներկայացուցիչներուն, միաբանութեան անդամներուն եւ ուսանողութեան հետ։

Արա Խզմալեան եւ ընկերակիցները այցելեցին նաեւ Զմմառի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանը, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքն ու դպրեվանքը։

Մատենադարանի պատուիրակութեան անդամները այցելեցին նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» մատենադարանն ու թանգարանը, ուր ծանօթացան ձեռագրական ու հնատիպ հաւաքածոներուն եւ թանկարժէք մշակութային փրկեալ ժառանգութեան։

Ուղեւորութեան եզրափակիչ փուլին Արա Խզմալեան եւ ընկերակիցները Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ կարծիքի փոխանակումներ ունեցան իրենց շփումներու ընդհանուր արդիւնքներուն շուրջ։

Մատենադարանի ղեկավարութեան միացաւ նաեւ Պէյրութի մօտ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան։

Հինգշաբթի, Փետրուար 29, 2024