«ԵԹԷ ԱՍՏՈՒԱԾ ՄԵԶԻ ՀԵՏ Է…»

Մեծ պահոց 30-րդ օրն է:

Ճանապարհորդութեան աւարտին շատ չէ մնացած: Այդ պատճառով, ամէն ճիգ թափենք, որպէսզի կարենանք զգաստ, առողջ եւ լաւ վիճակով հասնինք աւարտին, կարենալ համարձակապէս կանգնելու մեր Տիրոջ ներկայութեան: Իսկ այդ մէկը կարենալ կատարելու համար, անպայմանօրէն պէտք է զԱստուած մեր կողքին ունենանք, այլ խօսքով՝ պէտք է մենք միշտ Աստուծոյ կողքին եւ Աստուծոյ հետ ըլլանք, որովհետեւ Աստուած միշտ մեզի հետ է, խնդիրը մենք ենք սակայն, որ շատ յաճախ կը փակենք մեր հոգիին դռները...

Արդարեւ, Եսայի մարգարէն կ՚ըսէ. «Խորհո՛ւրդ ըրէք, բայց պիտի խափանուի, խօ՛սք խօսեցէք, բայց պիտի չհաստատուի: Քանզի Աստուած մեզի հետ է» (8.10): Մարգարէն այս խօսքերը կ՚ուղղէ այն ժողովուրդներուն, որոնք Աստուծոյ ժողովուրդին կը հակառակէին ու կը նեղէին զանոնք: Սակայն, այստեղ խօսքը հակառակողներէն աւելի, ուղղուած պէտք է ըլլայ իւրաքանչիւր ճշմարիտ քրիստոնեայ հաւատացեալի համար, որով քրիստոնեային համար էականը այն չէ, թէ դիմացինը՝ այս պարագային հակառակողը ի՛նչ կ՚ընէ, այլ՝ էականը այն է, թէ ի՛նք ինչ կ՚ընէ եւ ինքզինք ինչպէս կը պահէ:

Մանաւանդ պահեցողութեան այս օրերուն, երբ պահեցողներուն վրայ յարձակումները կը սաստկանան, հակառակորդները կը բազմանան, ի՞նչ կերպով կը դիմագրաւեն. հակառակութեան հակառակութեա՞մբ պատասխանելով, թշնամանքին՝ թշնամանքո՞վ. եթէ այդպէս է, հետեւաբար զուր է այդպիսիին պահեցողութիւնը. իսկ երբ չարութեամբ պատասխանելու փոխարէն, աստուածային սիրով կը վարուին, աւելին՝ իրենց եղած հակառակութիւնն ու թշնամութիւնը կը յանձնեն Աստուծոյ արդար դատաստանին, ո՛վ կրնայ այլեւս հակառակիլ այդպիսի պահեցողին, որովհետեւ ինչպէս Մարգարէն կ՚ըսէ՝ «քանզի Աստուած մեզի հետ է»:

Յիշե՛նք Սրբազան Պօղոս առաքեալին սա ինքնավստահութիւն ներշնչող խօսքը. «Ի՞նչ կրնանք ըսել այս բոլորին դիմաց: Եթէ Աստուած մեր կողմն է, ո՞վ կրնայ մեզի հակառակ ըլլալ» (Հռ 8.31): Լաւ իմանանք, հոն ուր Աստուած կայ, այնտեղ հակառակող չի կրնար ըլլալ, հակառակող ալ ըլլայ նոյնիսկ, Աստուծոյ զօրութեամբ կը չքանայ:

Երեսուներորդ օրուան մարտահրաւէր. սորվեցնենք մեր հոգիին մի միայն Աստուծոյ ապաւինիլ եւ միշտ Աստուծոյ հետ ըլլալ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Մարտ 29, 2022