ԱՒԱԳ ՈՒՐԲԱԹ ԵՒ ԱՒԱԳ ՇԱԲԱԹ
Աւագ ուրբաթ օրը եկեղեցւոյ կեանքին ամենէն սրբազնագոյն, նուիրական եւ միաժամանակ ամենածանր օրն է։ Այդ օրուան ընթացքին է, որ կը կատարուին մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի ձերբակալութիւնը, չարչարանքները, խաչելութիւնը, մահն ու թաղումը։
Առաւօտեան ժամերգութիւն կը կատարուի, կ՚ըլլան Աւետարաններէն ընթերցումներ, որոնք Յիսուսի երկրաւոր կեանքի վերջին հանգրուաններու մասին կը պատմեն՝ վերջին ընթրիքը, մատնութիւնը, Գեթսեմանիի մէջ աղօթելը, ձերբակալութիւնը, Պիղատոսի մօտ տարուիլը, Պետրոսի ուրացումը, չարչարանքները, խաչը ուսին Գողգոթա բարձրանալը, խաչելութիւնը, արեգակին խաւարումը, երկրաշարժը, տաճարին վարագոյրին կէսէն բաժնուիլը, մահն ու թաղումը։
Աւագ ուրբաթ օր կարելի չէ Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցել, որովհետեւ Քրիստոս Ի՛նք, պատարագուեցաւ խաչին վրայ։
Երեկոյեան ժամերգութիւն կը կատարուի, որ խորհրդանիշն է Քրիստոսի թաղումին:
Շնորհք Արք. Գալուստեան կը գրէ. «Աւագ ուրբաթը Աստուծոյ անսահման սիրոյ եւ մարդոց անյատակ ապերախտութեան գերագոյն փաստն է։
ՕՐԸ՝
Յիսուսի Մատնութեան եւ մարդ արարածի վատութեան։
Քրիստոսի Չարչարանքներուն եւ մարդ արարածի չարութեան։
Անմեղին դատապարտութեան, մեղաւորին՝ փրկութեան։
Անոր Խաչելութեան, մեր՝ ազատագրումին։
Անմահին մահանալուն, մահկանացուին՝ անմահութեան։
Լոյսի թաղումին, խաւարեալներու՝ յարութեան» (Շնորհք Արք. Գալուստեան, «Աւագ շաբաթ», Թեհրան 2005, էջ 202)։
Եկեղեցւոյ Հայրերէն՝ Թէոփիլոս, Տէր Յիսուսի գերեզմանին մասին այսպէս կը գրէ. «Գերեզման՝ եւ Կենդանիին բնակարան։
Գերեզման՝ եւ դժոխքը աւերող։
Գերեզման՝ եւ սգաւորներուն մխիթարութիւն։
Գերեզման՝ եւ ուրախացողներուն տաճար։
Գերեզման՝ եւ երկնաւոր հարսանիքի հաւաքավայր։
Գերեզման՝ եւ զարդարուած առագաստ։
Գերեզման՝ եւ արդարութեան արեգակին արեւմուտք։
Գերեզման՝ եւ անմուտ Լոյսին արեւելք։
Գերեզման՝ եւ անծայրածիր երկինք։
Գերեզման՝ եւ անվայրափակ հաստատութիւն։
Գերեզման՝ եւ անմատոյց Լոյսի բնակարան։
Գերեզման՝ եւ նորոգող աշխարհի։
Գերեզման՝ եւ մեղաւորներու քաւարան։
Գերեզման՝ եւ արդարներու հանգստարան։
Գերեզման՝ եւ հրեշտակներու բնակարան։
Գերեզման՝ եւ ծաղկաւէտ բուրաստան։
Գերեզման՝ եւ ծաղկազարդ դրախտ։
Գերեզման՝ եւ Եդեմէն աւելի պայծառ։
Գերեզման՝ եւ երկինքէն աւելի բարձր»։
Մակար Եպիսկոպոս Աշգարեան խօսելով Աւագ ուրբաթ օրուան մասին, կը գրէ. «Աւագ ուրբաթը Քրիստոսի կեանքին ծանրագոյն եւ դառնագոյն օրն է: Ատիկա միաժամանակ Աստուծոյ անսահման սիրոյ գերագոյն վկայութեան օրն է, ինչպէս նաեւ Արդարութեան յաղթանակի եւ մարդ արարածի ապերախտութեան օրն է:
Այս օրուան ընթացքին է, որ Քրիստոս սիրոյ Աստուածը ամբողջ աշխարհի մարդոց մեղքերուն ծանրութեան հետեւանքը առանձին կը կրէ եւ Իր արեան վերջին կաթիլին հեղումովը դարեր շարունակ Աստուած-մարդ բաժանումի թշնամութեան պատը կը քանդէ ու մարդ արարածը իր Արարիչին հետ կը հաշտեցնէ: Ան մեր առջեւ կը բանայ երկինքի ճամբան եւ Իր մահուամբ ու արեան հեղումով մեզի մեղքերու քաւութիւն կը պարգեւէ, ինչպէս նաեւ մահուան կապանքները փշրելով՝ ազատ կ՚արձակէ» (Մակար Եպիսկոպոս Աշգարեան, «Աւագ շաբաթ», Անթիլիաս 2019, էջ 53-54):
ԱՒԱԳ ՇԱԲԱԹ
Աւագ շաբաթը հանգիստի օր է Քրիստոսի մարմինին եւ Իր աշակերտներուն, իսկ միւս կողմէ նախապատրաստութիւն՝ մարդկութեան պատմութեան անկիւնադարձային դէպքին՝ յարութեան, որ յեղաշրջեց ամբողջ մարդկային ցեղը, անոր տալով յաւիտենականին յոյսն ու խոստումը։
Եկեղեցւոյ վարդապետութեան համաձայն, մեր Տէրը մահանալէ ետք իջած է դժոխք, աւերած է զայն եւ արդարներու հոգիներուն փրկութիւն շնորհած։
Առաւօտեան ժամերգութիւն կը կատարուի, իսկ երեկոյեան Ճրագալոյցի Պատարագ։ Ճրագալոյց կը նշանակէ ճրագները վառել։ Անցեալին, կիրակի երեկոները ճրագներուն մէջ ձէթ կը լեցնէին ու կը վառէին։ Աւելի ուշ, ճրագալոյց ըսուած է երեկոյեան մատուցուած պատարագներուն։
Հայ Եկեղեցին երկու ճրագալոյցի Պատարագ կը մատուցէ՝ Ս. Ծննդեան եւ Ս. Յարութեան տօներուն նախորդող երեկոներուն։ Ս. եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին երբ Յիսուսի յարութեան աւետիսը կը տրուի, Մեծ պահքի շրջանը կը լրանայ։ «Մեռաւ՝ անօրէններուն հետ խաչակից ըլլալով, սակայն հարուստին հարուստ գերեզմանին մէջ թաղուեցաւ՝ հարուստներու եւ իշխաններու ձեռքով, ժայռափոր նոր գերեզմանի մէջ՝ սուրբ կտաւներով, խունկերով, զմուռսներով եւ հալուէներով պատանքուելով, Նիկոդեմոս իշխանէն եւ Յովսէփ նախարարէն (Յհ 19.38-42: Մր 15.42-46: Ղկ 23.50-53), եւ շատ մեծազօր իշխաններու եւ իշխանազուններու նման, Իր գերեզմանին շուրջ պահակ զինուորներ դրին (Մտ 27.62-66). հարուստին հետ եղաւ, մարգարէին ըսածին համաձայն (Ես 53.9)։
«Իշխանաբար յարութիւն առաւ երրորդ օրը՝ Աստուածահրաշ սքանչելիքներով. որպէս առաջին օրինակ մեռելներու յարութեան (Ա.Կր 15.20). այն օրը, երբ ցորենի երախայրիքը նուէր կը մատուցէին տաճարին (Ել 23.16). եւ Իր հետ յարութիւն առին բազմաթիւ սուրբ ննջեցեալներու մարմինները, եւ Սուրբ քաղաքը՝ Երուսաղէմ մտնելով շատերու երեւցան (Մտ 27.52-53)» (Սահակ Քհնյ. Տէր-Սարգսեան)։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ