ՀԱՍԱՐԱԿԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց «Դիւանագէտներու համահայկական խորհուրդ» նորաստեղծ հասարակական կազմակերպութեան անդամները։ Այս հասարակական կազմակերպութեան ձեւաւորումը նոր նախաձեռնութիւն մըն է եւ հայկական հանրային կարծիքի անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձած է։ Կառոյցը կը համախմբէ շարք մը յայտնի դիւանագէտներ, որոնք մինչեւ մօտաւոր անցեալը Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս բարձր մակարդակի պաշտօններ կը զբաղեցնէին։ Խորհուրդի նախագահն է Գուրգէն Մելիքեան։

Զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը այս նոր կազմակերպութեան անդամներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնը՝ անդրադառնալով Հայաստանի առկայ մարտահրաւէրներուն, հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու պաշտպանութեան հիմնախնդիրներուն եւ անվտանգային սպառնալիքներուն։ Ան կարեւորեց հայ դիւանագէտներու ջանքերը արտաքին քաղաքական գործընթացներու մասնագիտական վերլուծութեան եւ լուծումներու մտայղացման ուղղութեամբ՝ ի պաշտպանութիւն արդար իրաւունքներու։

Նորին Սրբութիւնը տեղեկացուց, որ Արցախի թեմն ու թեմական խորհուրդը միասին կը շարունակեն միջազգային ու միջեկեղեցական հարթակներու վրայ քայլեր ձեռնարկել՝ ի խնդիր Արցախի բռնի տեղահանուած հայերու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման։

Զրոյցի տեւողութեան մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձաւ Ատրպէյճանի կողմէ հայ գերիներու վերադարձի խնդիրը։

Բաց աստի, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Պրազիլիայէն զանազան ազդու լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներէն բաղկացեալ խումբ մը, որ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) ջանքերով Հայաստան կ՚այցելէ։ Պրազիլացի հիւրերուն ուղեկցեցան ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի մասնաճիւղի ղեկավար Վազգէն Եագուպեան եւ ՀԲԸՄ-ի Պրազիլի մասնաճիւղի մշակոյթի գծով տնօրէն Նորայր Շահինեան։

ՍՓԻՒՌՔԷՆ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ

Միւս կողմէ, Վեհափառ Հայրապետը երէկ ալ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն խումբ մը հայ սաներ, որոնք Նիւ Ճըրզիի «Յովնանեան» վարժարանը կը յաճախեն։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 29, 2024