ՏԻԱՐՊԱՔԸՐԻ ՄԷՋ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան, Ս. Զատկի առթիւ մեկնեցաւ Տիարպաքըր, ուր Ս. Պատարագ մատոյց տեղւոյն Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ: Տէր հօր ընկերացան Ղազար Կսրկ. Սապունճու, Յակոբ Կսրկ. Սարաֆ։

Նախքան Տէրունական աղօթքը, տէր հայրը նախ փոխանցեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հայրական ողջոյններն ու օրհնութիւնները, ապա՝ խօսեցաւ խրատական մը: Տէր հայրը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Տէր Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան, ապա պատմեց նաեւ Երեւման Ս. Խաչի տօնը։ Ան խրատեց հայ եկեղեցւոյ անդամներուն մնալ յարութեան հաւատքին մէջ ու յարատեւել այն ճամբով, զոր ցոյց տուաւ Տէր Յիսուս Քրիստոս:

Յաւարտ Ս. Պատարագի, կատարուեցաւ ընդհանուր հոգեհանգիստ Տիարպաքըրի հայ համայնքի հանգուցեալ անդամներու հոգիներուն համար։ Աւարտին կատարուեցաւ տնօրհնէք: Տէր հայրն ու ընկերակիցները ապա այցելեցին տեղւոյն գերեզմանատունը, ուր եւս կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ:

Տէր հայրը վաղը կը վերադառնայ քաղաքս:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 29, 2024