ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ԺՐԱՋԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴ՝ ԳԵՐՇ. Տ. ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆԻ ՎԵՐԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՈՒՐԱԽ ԱՌԻԹՈՎ

Ուր­բաթ եւ Շա­բաթ, Մա­յիս 6 եւ 7, 2016-ին, Լաս Վե­կա­սի հա­յու­թիւ­նը պատ­մա­կան տօ­նա­կան օ­րեր ապ­րե­ցաւ։

Այդ օ­րե­րուն տե­ղի ու­նե­ցան Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Ա­րեւմ­տեան Թե­մի Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան, Կրօ­նա­կան եւ Տիկ­նանց պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղով­նե­րը։

Պատ­մա­կան այդ օ­րե­րուն օ­ծու­մը կա­տա­ր-ւե­ցաւ Լաս Վե­կա­սի հա­յու­թեան պար­ծան­քը հան­դի­սա­ցող՝ Ս. Կի­րա­կոս փա­ռա­շուք ե­կե­ղե­ցիին, «Խնդիր Թա­ճի­րեան» մշա­կոյ­թի շատ գե­ղե­ցիկ սրա­հին, եւ ե­կե­ղեց­ւոյ շա­բա­թօ­րեայ վար­ժա­րա­նը մկրտուե­ցաւ «Սե­դա Թա­ճի­րեան» շա­բա­թօ­րեայ վար­ժա­րան ա­նու­նով։

Ժո­ղո­վա­կան­նե­րը տեն­դա­գին աշ­խա­տան­քով, գլխա­ւո­րու­թեամբ դա­տա­ւոր Ատ­րի­նէ Գրի­գո­րեա­նի, ա­մե­նայն ման­րա­մաս­նու­թեամբ ներ­կա­յա­ցու­ցին թե­միս մօտ յի­սուն ծու­խե­րու եւ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու նիւ­թա­կան եւ բա­րո­յա­կան տե­ղե­կա­գիր­նե­րը եւ ա­նոնց հա­մա­պա­տաս­խան ո­րո­շում­ներ ա­ռին, թե­մը յու­զող ծան­րակ­շիռ հար­ցե­րու վե­րա­բե­րեալ։

Նմա­նա­պէս, Թե­մա­կան պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վը քննեց Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զան Հօր, ինչ­պէս նաեւ Նո­րին Սրբազ­նու­թեան ան­մի­ջա­կան հսկո­ղու­թեան տակ գոր­ծող մօտ քա­ռա­սուն յանձ­նա­խում­բե­րու եւ մար­մին­նե­րու նիւ­թա­կան եւ բա­րո­յա­կան բազ­մա­բե­ղուն գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րը։ Թե­մա­կան պատ­գա­մա-ւո­րա­կան պատ­կա­ռե­լի ժո­ղո­վը, լսե­լէ ետք տա­րուած աշ­խա­տանք­նե­րու տե­ղե­կա­գիր­նե­րը, մե­ծա­պէս գնա­հա­տեց եւ ար­ժե­ւո­րեց թե­մա­կան եւ Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զան Հօր գոր­ծե­րը։

Ժո­ղո­վի օ­րա­կար­գի բազ­մա­թիւ եւ բազ­մա­պի­սի հար­ցե­րու կող­քին կար նաեւ թե­մի մե­ծա­գործ Սրբա­զա­նին վե­րընտ­րու­թեան քուէն տա­լու հար­ցը։

Քա­ռա­սու­ներ­կու տա­րի ա­ռաջ Ա­րեւմ­տեան Թե­մի կա­նո­նագ­րու­թիւ­նը ա­ռաջ­նորդ ընտ­րե­լու ըն­թացք մը որ­դեգ­րած է։ Ա­ռաջ­նոր­դի ծա­ռա­յու­թեան շրջա­նը լրա­նա­լէ մէկ տա­րի ա­ռաջ, Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վի պատ­գա­մա­ւոր­նե­րուն թի­ւին եր­կու եր­րոր­դի ո­րո­շու­մով եւ ընտ­րու­թեամբ կա­րե­լի է վստա­հու­թեան քուէով վե­րընտ­րել պաշ­տօ­նա­վա­րող ա­ռաջ­նոր­դը։ Այդ օր պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու 80 առ հա­րիւ­րէ ա­ւե­լի քուէով, վստա­հու­թեան քուէ տրուե­ցաւ Գերշ. Տ. Յով­նան Արք. Տէր­տէ­րեա­նին, յա­ջորդ տա­րուը­նէ սկսեալ, յա­ռա­ջի­կայ եօթ տա­րի­նե­րու պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան հա­մար։

Այս ժո­ղո­վի բո­լոր ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը տրուած են Թե­մա­կան ժո­ղո­վի կող­մէ ղրկը-ւած հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ։

Նախ ա­մէն բա­նէ ա­ռաջ, այս գրու­թեամբ կ՚ու­զենք գնա­հա­տան­քի եւ ե­րախ­տի­քի մեր խօս­քը ը­սել թե­միս բո­լոր ծու­խե­րէն, մար­մին­նե­րէն եւ յանձ­նա­խում­բե­րէն ներս ծա­ռա­յող մեր ազ­գա­յին­նե­րուն, ղե­կա­վա­րու­թեամբ՝ ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ Գերշ. Տ. Յով­նան Արք. Տէր­տէ­րեա­նին։ Ա­ռա­ջին ան­գա­մը չէ, որ գրած ենք եւ հոս ան­գամ մը եւս կ՚ու­զենք շեշ­տել, թէ Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ թե­մը իր ՈՍ­ԿԵ­ԴԱ­ՐԸ կ՚ապ­րի Գերշ. Տ. Յով­նան Արք. Տէր­տէ­րեա­նի ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ։

Տա­րուած աշ­խա­տանք­նե­րուն նոյ­նիսկ ա­րագ թւու­մը գլխապ­տոյտ կը պատ­ճա­ռէ։ Հո­գե­ւոր ծա­ռա­յու­թիւն, ե­կե­ղե­ցա­շի­նու­թիւն, կղե­րա­կան­ներ պատ­րաս­տե­լու աշ­խա­տանք, բազ­մա­հա­րիւր հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րու աշ­խա­տանք, սկա­ւա­ռակ­նե­րու, կրօ­նա­կան ժա­պա­ւէն­նե­րու պատ­րաս­տու­թիւն, Հա­յաս­տա­նի եւ Ս. Էջ­միած­նի հա­մար բազ­մա­թիւ մար­մին­նե­րու աշ­խա­տանք­նե­րը, մշա­կու­թա­յին, Շա­բա­թօ­րեայ, Կի­րակ­նօ­րեայ դպրոց­նե­րու եւ մշա­կու­թա­յին ձեռնարկ­նե­րու կազ­մա­կեր­պում, բազ­մա­թիւ ազ­գա­յին­ներ կա­թո­ղի­կո­սա­կան շքան­շա­նի ար­ժա­նաց­նե­լու Վե­հա­փա­ռին մօտ բա­րե­խօս ըլ­լա­լով, քրիս­տո­նէա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րու հետ իր սերտ ու սի­րա­լիր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը, ե­ւայլն։ Նա­խա­րա­րու­թեան մը չափ գործ կը տա­րուի Ա­րեւմ­տեան Թե­մէն ներս եւ ա­սոր ա­մե­նէն դժուա­րին գոր­ծը այս աշ­խա­տան­քի նիւ­թա­կա­նը գո­յաց­նելն է, որ մեծ ձեռն­հա­սու­թեամբ կը կա­տա­րէ մեր Ա­ռաջ­նոր­դը, միշտ ա­պա­ւի­նե­լով Աս­տու­ծոյ եւ զինք սի­րող, ի­րեն վստա­հող ազ­նուա­սիրտ բա­րե­րար­նե­րուն։

Կ՚ապ­րինք թեք­նի­կի զար­մա­նահ­րաշ շրջան մը եւ ե­կե­ղե­ցին ստի­պուած է քայլ պա­հել այդ թեք­նի­կին հետ, հաս­նե­լու հա­մար հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու զա­նա­զան կա­րիք­նե­րուն։ Մեր  Ա­ռաջ­նոր­դը ինք եւս ե­րի­տա­սար­դա­կան ա­ւիւ­նով եւ մտա­ծե­լա­կեր­պով, մեր թե­մէն ներս որ­դեգ­րած է ժա­մա­նա­կա­կից ա­մե­նէն ար­դիա­կան նո­րու­թիւն­նե­րը։ Երբ կնճռոտ հար­ցեր ան­ցեա­լին, օ­րե­րու կը կա­րօ­տէին զա­նոնք լու­ծե­լու հա­մար, Սրբա­զան Հայ­րը վայր­կե­նա­կան կար­գադ­րու­թեամբ պէտք ե­ղած քայ­լը կ՚առ­նէ եւ կը լու­ծէ զա­նոնք։

Ար­դա­րեւ, տաս­նե­րեք տա­րի­նե­րու ծա­ռա­յու­թեան ըն­թաց­քին Ա­րեւմ­տեան Թե­մի մեր Ա­ռաջ­նոր­դը միշտ ալ մեր թե­մի զա­ւակ­նե­րով հե­տաքրք­րուող, թէ՛ ա­պա­գա­յով եւ թէ՛ ճա­կա­տագ­րով տուայ­տող Ա­ռաջ­նորդ մը ե­ղած է։ Ծխականներու անուանակոչութեան, ուրախ կամ տխուր առիթներու միշտ իրենց հետ եղած է իր նա­մակ­նե­րով, նուէր­նե­րով եւ խօս­քե­րով։

Գա­ղու­թա­յին բազ­մա­պի­սի ձեռ­նարկ­նե­րուն, դպրո­ցա­կան հան­դէս­նե­րուն, մշա­կու­թա­յին մի­ջո­ցա­ռում­նե­րուն մեր Ա­ռաջ­նոր­դը հոն է, իր օրհ­նա­բեր ներ­կա­յու­թեամբ եւ սրտա­շարժ խօս­քե­րով եւ կամ՝ ղրկած նա­մակ­նե­րով։

Այս գրու­թեամբ մեր ա­մե­նա­ջերմ շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­նե­րը կը յղենք մեր շատ սի­րե­լի Ա­ռաջ­նորդ՝ Գերշ. Տ. Յով­նան Արք. Տէր­տէ­րեա­նին։ Մեր զօ­րակ­ցու­թիւ­նը, ան­վե­րա­պահ ա­ջակ­ցու­թիւ­նը եւ գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նե­լով, Նո­րին Սրբազ­նու­թեան քա­ջա­ռողջ, ա­րեւ­շատ եւ ան­մար խան­դա­վա­ռու­թիւն կը մաղ­թենք, շա­րու­նա­կե­լու հա­մար աս­տուա­ծա­հա­ճոյ իր ծա­ռա­յու­թիւ­նը Ա­րեւմ­տեան Թե­մէն ներս։

Սրբա­զան Հայր, շնոր­հա­կա­լու­թիւն Ձեր կա­տա­րած տաս­նե­րեք տա­րի­նե­րու աշ­խա­տանք­նե­րուն եւ մե­ծա­գոր­ծու­թեան, եւ նա­խա­պէս ու կան­խաւ կը յայտ­նենք Ձերդ Սրբազ­նու­թեան նաեւ մեր գնա­հա­տան­քը գա­լիք ութ տա­րի­նե­րու ի­րա­գոր­ծե­լիք ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րուն հա­մար։

Ձեր վարձ­քը հա­զար կա­տար ըլ­լայ։

ԽԱ­ՉԻԿ ՃԱ­ՆՈ­ՅԵԱՆ

«Նոր Օր»

Չորեքշաբթի, Յունիս 29, 2016