ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը վերջերս հիւրընկալեց Ղպտի եկեղեցւոյ Թաւատրոս Բ. Պատրիարքը եւ Ասորի եկեղեցւոյ Աֆրամ Բ. Պատրիարքը։ Դաւանակից երկու քոյր եկեղեցիներու պատրիարքներուն կ՚ընկերանային բարձրաստիճան հոգեւորականներ։ Արամ Ա. Կաթողիկոս զանոնք հիւրընկալեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ։ Կիլիկեան Աթոռի գահակալին ալ կողքին էին բարձրաստիճան հոգեւորականներ։

Երեք հոգեւոր առաջնորդները Սրբոց Նահատակաց բացօթեայ խորանին առջեւ միասնաբար աղօթեցին եւ համանուն հրապարակի յուշարձանին առջեւ զետեղեցին ծաղկեպսակ մը։

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ս. Աստուածածին վանքի վեհարանին մէջ ողջունեց երկու պատրիարքները, որոնք, իրենց հերթին, ուրախութիւն յայտնեցին՝ անգամ մը եւս Ս. Աստուածածին վանքին մէջ գտնուելու առիթին բերումով։ Ելոյթներուն յաջորդած հիւրասիրութեան ընթացքին Արամ Ա. Կաթողիկոս երկու պատրիարքներուն նուիրեց Ս. Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» գործին ամենէն հին ձեռագրի յատուկ կերպով պատրաստուած կրկնօրինակը։ Անթիլիասի աղբիւրները հաղորդեցին, որ այս հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ դաւանակից երեք եկեղեցիներու դարաւոր բարեկամութեան վերահաստատման։ Ս. Աստուածածին վանքէն ներս տեղի ունեցած այս հանդիպումին նախորդած օրերուն Արամ Ա. Կաթողիկոս Թաւատրոս Բ. Պատրիարք եւ Աֆրամ Բ. Պատրիարք հանդիպում մըն ալ ունեցան Աթանէշի Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ վանքին մէջ։ Այս վանքը Լիբանանէ ներս Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ պատկանող մեծ սրբավայր մըն է։ Երեք հոգեւոր առաջնորդները խորհրդակցեցան հայ, ղպտի եւ ասորի եկեղեցիներու վերաբերեալ հարցերու եւ մարտահրաւէրներու շուրջ՝ յատկապէս Միջին Արեւելքի ծիրէն ներս։ Այս երեք եկեղեցիներու միջեւ հաստատուած է գործակցութեան ձեւաչափ մը 1997 թուականէն ի վեր։ Սոյն ձեւաչափի նպատակն է ընդհանրապէս յիշեալ երեք եկեղեցիներուն եւ մասնաւորաբար Միջին Արեւելքէ ներս անոնց համայնքներուն վերաբերեալ նիւթեր քննարկել եւ միացեալ լուծումներ որոնել՝ շեշտը դնելով միշտ գործակցութեան վրայ։

Խորհրդակցութիւններուն զուգահեռ Արամ Ա. Կաթողիկոս, Թաւատրոս Բ. Պատրիարք եւ Աֆրամ Բ. Պատրիարք միասնաբար մասնակցեցան Աթանէշի վանքի համալիրէն ներս նորակառոյց եկեղեցիի մը օծման հանդիսաւոր արարողութեան եւ անդրանիկ Ս. Պատարագին։ Օծման արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի նախագահ Միշէլ Աուն, որ նոյն օրերուն ընդունեց Արամ Ա. Կաթողիկոսը, Թաւատրոս Բ. Պատրիարքը եւ Աֆրամ Բ. Պատրիարքը։

Բաց աստի, վերջին օրերուն Կիլիկեան Աթոռի գահակալը հիւրընկալեց Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական հիմնարկի նախագահ Տքթ. Ճորճ Սապրան, Վատիկանի Պէյրութի մօտ նորանշանակ նուիրակ Ժոզէֆ Սփիթերին եւ Հռոմի Արեւելեան համալսարանի նախագահ Հայր Տէյվիտ Նազարին։

Ուրբաթ, Յունիս 29, 2018