ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ

Երուսաղէմի «Նոթրը Տամ» պանդոկին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն մը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Հայոց Պատրիարքութեան դիւանապետ Տ. Աղան Վրդ. Գոգճեան։ Այս հաւաքոյթը կազմակերպուած էր ի պատիւ Իսրայէլի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան Պաղեստինի գծով բաժանմունքի ղեկավար Ճորճ Նոլի, որ կ՚աւարտէ իր պաշտօնավարութեան շրջանը։ Հրաժեշտի հաւաքոյթի ընթացքին Տ. Աղան Վրդ. Գոգճեան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ զրուցեց Ճորճ Նոլի հետ, որ մօտաւոր անցեալին այցելած էր Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանը, ուր ընդունուած էր նաեւ Սուրբ Աթոռի գահակալին՝ Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանի կողմէ։ 

Շաբաթ, Յունիս 29, 2024