ՎԵՐԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՅՈՐԴՈՐՆԵՐ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունեց՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերապատրաստման դասընթացքներուն մասնակից քահանաներու հերթական խումբը։ Մայրավանքի համալիրէն ներս, «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնէն ներս վերապատրաստուած՝ Հայաստանի եւ սփիւռքի զանազան թեմերէն հոգեւորականները ստացան Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը եւ լսեցին յորդորները։
Հանդիպման սկիզբին «Գարեգին Ա.» կեդրոնի տնօրէն Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննիսեան անդրադարձաւ վերապատրաստման դասընթացքներու արդիւնաւէտութեան։ Իր կարգին, Նորին Սրբութիւնն ալ դասընթացքները պատեհ առիթ նկատեց նաեւ հաղորդ դառնալու Հայաստանի առկայ դժուարութիւններուն ու միասնաբար խորհրդածելու այն խնդիրներուն շուրջ, որոնք կը յուզեն ազգային կեանքը։ Ան մասնաւորապէս մտահոգութիւն յայտնեց երկրի առջեւ ծառացած անվտանգային մարտահրաւէրներուն, ազգային կեանքէ ներս անհանդուրժողականութեան ու թշնամանքի վտանգաւոր դրսեւորումներուն կապակցութեամբ։ Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, որ հոգեւոր դասու նուիրեալ ծառայութեան շնորհիւ ներկայիս եկեղեցւոյ առաքելութիւնը առաւել կը զօրանայ ժողովուրդի կեանքէն ներս։
Հուսկ, Նորին Սրբութիւնը պատասխանեց վերապատրաստեալ հոգեւորականներու հարցումներուն։
ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ
Միւս կողմէ, երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի՝ 2023-2024 ուսումնական տարուան փակման հանդիսութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետը նախագահեց տարեվերջի հանդէսին, որու ընթացքին Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Տ. Շահէ Ծայրագոյն Վարդապետ Անանեան հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։
Գեղարուեստական յայտագիրէն վերջ Նորին Սրբութիւնը պարգեւներ յանձնեց ուսման մէջ բարձր յառաջդիմութիւն արձանագրած ուսանողներուն։ Ան փակման խօսքին մէջ ալ անդրադարձաւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի 150-ամեակին։ «Մեծ յոբելեանը անգամ մը եւս մեզի կը յիշեցնէ հոգեւոր-կրթական հաստատութիւններու կոչման ու առաքելութեան եւ դարաւոր աւանդներու պահպանման կարեւորութիւնը։ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հիմնադիր Գէորգ Դ. Հայրապետը, ինչպէս մշտապէս մեր եկեղեցին, կրթութեան մեծ ջատագովն ու խրախուսողն էր, առաւել եւս՝ հոգեւոր կրթութեան ինչ որ պայմանն է բարոյական արժէքներով առողջ հասարակութեան կազմաւորման, մարդկային կեանքի աստուածօրհնեալ ընթացքի», ըսաւ ան։ Յոբելենական փուլին Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ մէկուկէս դար շարունակ Գէորգեան ճեմարանը՝ հակառակ հայ ժողովուրդի ապրած ծանր տարիներուն ու կրած մեծ դժուարութիւններուն, կրթած է արժանաւոր եկեղեցականներու ու մտաւորականներու սերունդ մը, որոնք ազգային կեանքէն ներս վառ պահած են հոգեւոր լոյսի ջահը, առաջնորդած են ազգի զաւակները եւ զարկ տուած եւ անոնց յառաջդիմութեան։
Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց նաեւ հոգեւորականներու առաքելութեան կարեւորութիւնը ներկայ ժամանակներուն։ Իր խօսքով՝ Հայաստանի առկայ արտաքին ու ներքին մարտահրաւէրները, հայրենիքի եւ սփիւռքի համայնքներէ ներս անհանդուրժողութեան ու թշնամանքի մերժելի դրսեւորումները, ազգային արժանապատուութեան տեւական ոտնահարման եւ խորացող յուսալքութեան մտահոգիչ երեւոյթները, ապագայի շուրջ համընդհանուր հեռանկարի բացակայութիւնը կը վկայեն, թէ որքան բարդ ու խոր են հիմնախնդիրները, նաեւ զուգահեռաբար մեծ ու բազմազան են սպասումները Հայ Եկեղեցիէն եւ եկեղեցականութենէն։
«Մեր երկրին պատուհասած փորձութիւնները հնարաւոր է յաղթահարել միայն առ Աստուած ապաւինութեամբ ու ազգային միասնութեամբ, ամուր պահելով հաւատը քրիստոնէական արժէքներով զօրացնելով ու վեր բարձրացնելով մեր կեանքը եւ զայն հաստատելով արդարութեան շաւիղներու մէջ զերծ պառակտումներէ եւ փլուզումներէ, անտարբերութենէ, անհոգի ու մակերեսային մտայնութենէ», եզրափակեց ան։