ՈՒԽՏԱՒՈՐԱՑ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին շաբաթավերջին հիւրընկալեց Հայաստանէն ուխտաւորներու խումբ մը՝ գլխաւորութեամբ Հարիճավանքէն Տ. Եղիշէ Քհնյ. Նազարեանի։ Այս վերջինը պատարագեց կղզիի բարձունքին՝ հանդիսապետութեամբ Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի։ Ներկայ էր նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Զաւէն Աւ. Քհնյ. Պըչաքճեան։

Արարողութենէն վերջ ուխտաւորները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցան եկեղեցւոյ համալիրէն ներս։ Քովը՝ ուխտաւորները եկեղեցւոյ մէջ։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 29, 2022