ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ՝ ՍՐԲԱԼՈՅՍ ՄԻՒՌՈՆԻ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԱՌԹԻՒ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցած Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան արարողութեան առթիւ հետեւեալ պատգամը տուաւ ողջ աշխարհի հայութեան։ Ստորեւ արեւմտահայերէնի վերածելով կը ներկայացնենք Վեհափառ Հայրապետին պատգամը։
*
Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. ամէն։
«Զօրութեամբ ամենասուրբ Հոգւոյդ եղիցի իւղս այս՝ իւղ ցնծութեան, զգեստ լուսաւոր…, սրբութիւն հոգւոց եւ մարմնոց…, կնիք արդարութեան, զէն հաւատոյ, նահատակ յաղթող ընդդէմ ամենայն գործոց բանսարկուին»։
(Աղօթք սուրբ Միւռոնի օրհնութեան)
Սիրելի բարեպաշտ ժողովուրդ,
Ողորմած Աստուծոյ նախախնամութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման տարուան մէջ Միւռոնի օրհնութեամբ հոգեւոր նոր ուրախութիւն մը կը հեղուի մեր կեանքին։ Տօնական մեծ օր է։ Վարագայ Ս. Խաչի տօնն է՝ նուիրական յիշատակը Հայաստան բերուած տէրունական Խաչափայտի մասունքի հրաշքով յայտնուելուն։ Այս մեծասքանչ օրը հոգեւոր անհուն ուրախութեան զգացումներով համայն հայոց հոգեւոր կեդրոնին՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կատարեցինք սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւնը։
Մեր աղօթքը բարձրացուցիք առ Երկնաւոր մեր Հայրը, որպէսզի Իր Սուրբ Հոգիի շնորհով նիւթեղէն այս իւղը վերափոխէ սրբութեան ու շնորհաբաշխ զօրութեան։ Մեր հայրերու օրհնութեան աղօթքով խնդրեցինք, որ «լինի իւղ ցնծութեան, զգեստ լուսաւոր…, սբրութիւն հոգիներու եւ մարմիններու…, կնիք արդարութեան, զէնք հաւատքի, յաղթող նահատակ ընդդէմ ամենայն գործոց բանսարկուի»։ Խնդրեցինք, որ անոր սրբարար օծումով շարունակուի աստուածային պարգեւներու հեղումը հաւատացեալներու հոգիներուն, հայոց մեր աշխարհին, համայն մեր ժողովուրդի կեանքին։
Սրբալոյս Միւռոնը տեսանելի նշանն է Քրիստոսով օծման, զոր կ՚ընդունինք մեր մկրտութեան միջոցաւ՝ իբրեւ ժառանգակից Փրկչի։ Միւռոնով կը զգեստաւորուինք Քրիստոսի սրբութեամբ, կը մաքրուինք մեղքէ, որպէսզի ապրինք Աստուծոյ արդարութեամբ։ Միւռոնը զարթօնք եւ գարուն է հոգիներու, ծաղկում՝ հաւատքի, առաքինասէր կեանքի ու բարեպաշտ գործերու, վահան՝ ընդդէմ չարի, յաղթանակը, փառքն ու լուսեպսակը հաւատացեալներու, քանզի Երկնաւոր մեր Հայրը Իր Որդւոյ միջոցաւ մեզ կոչեց մահուընէ կեանքի, մեղքի ծառայութենէն՝ շնորհներու ազատութեան եւ երկնային արքայութեան ժառանգութեան։
Աստուծոյ ողորմութեամբ այսօր աշխարհի բոլոր կողմերէն ազգիս զաւակները ուխտաւորաբար համախմբուած են Սուրբ Էջմիածնի մէջ՝ աղօթակից ըլլալու սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան արարողութեան։ Մեր ժողովուրդի հազարաւոր զաւակներու ներկայութիւնը այստեղ կը վկայէ մեր կեանքէն ներս կարեւորութիւնն ու արժէքը սուրբ Միւռոնի, որ կնիքն է քրիստոնէական մեր ինքնութեան ու շաղախը՝ ազգային մեր միասնականութեան։ Միւռոնին մէջ կը տեսնենք նաեւ մեր ժողովուրդին հանդէպ հոգածութիւնն ու խնամքը Աստուծոյ, որ Իր փրկութեան շնորհը տարածեց Արարատի շուրջ սփռուած հայոց մեր երկրին ու ազգին վրայ։ Միւռոնին մէջ կը տեսնենք Արարատ սուրբ լեռը, որուն վրայ հանգրուանեց Նոյ նահապետի փրկութեան տապանը եւ աղաւնիի բերած ձիթենիի շիւղը դարձաւ խորհրդանիշը Աստուծոյ խաղաղութեան, իսկ ձիթենիի իւղը՝ օրհնեալ նիւթը սուրբ Միւռոնի։ Միւռոնի իւրաքանչիւր կաթիլին մէջ կը տեսնենք Ս. Թադէոս առաքեալի ձեռամբ Հայաստան բերուած մեր Տիրոջ օծութեան իւղը։ Կը տեսնենք Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետի ձեռամբ Արածանիի՝ երկինքին ծագած տէրունական խաչի լուսեղէն նշանին ներքեւ մկրտութիւնը հայոց Տրդատ արքայի, արքունիքի ու ժողովուրդի։ Միւռոնին մէջ պատկերն է տէրունաշնորհ Սուրբ Էջմիածնի, պատկերները՝ միւռոնաօծ մեր վանքերու ու եկեղեցիներու, խաչքարներու ու մագաղաթներու պատկերները՝ իրենց կեանքով Միւռոնի լոյսը տարածած մեր սուրբերու։ Միւռոնը կը միախառնէ մեր անցեալն ու ներկան, այո, կը հաւատանք, եւ գալիք բոլոր դարերուն, քանզի բոլոր փորձութիւններու յանդիման մեր ժողովուրդը անխախտ պահեց Միւռոնի դրոշմը՝ աներկբայ վստահութեամբ, որ ան «իւղ է ցնծութեան, զգեստ լուսաւոր…, սրբութիւն հոգիներու եւ մարմիններու…, կնիք արդարութեան, զէնք հաւատքի, յաղթող նահատակ ընդդէմ ամենայն գործոց բանսարկուի»։
Սուրբ Միւռոնը իր հոգեղէն զօրութեամբ հաւատքի զէնք եղաւ նաեւ հարիւր տարի առաջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհ դարձած մեր ժողովուրդի զաւակներուն համար, որոնք յաղթող նահատակներ եղան՝ պահելով իրենց հաւատարմութիւնն առ Աստուած ու առ հայրենին։ Եղեռնահար մեր ժողովուրդը միւռոնադրոշմ հաւատքով վերապրեցաւ Ցեղասպանութիւնը, յաղթեց մահուան։ 100-ամեայ մեր ուղին եղաւ վերածնունդի ուղի եւ այսօր մեր անկախ պետականութեան հովանիին ներքեւ ազգային զարթօնքի նոր հորիզոններ կը լուսաւորուին։ Մեր նորօրհնեալ կեանքի յուսալերութեամբ նորաեփ այս Միւռոնը՝ օրհնուած Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նուիրական տարիին, նաեւ՝ մեր սրբացեալ նահատակներու բարեխօսութեան հայցով, կը կոչենք Յաղթութեան Միւռոն՝ հաւատով, որ ան հաւատացեալներու հոգիներուն պիտի դրոշմէ մեր սուրբ նահատակներու, Տիրոջ բոլոր սուրբ վկաներու եւ հայրենեաց պաշտպան մեր նախնեաց հոգիի արիութիւնն ու անպարտ ոգին։
Սիրելիներ, արժեւորենք մեր Միւռոնը որպէս Միւռոն սրբացեալ կեանքի, Միւռոն վերազարթօնքի, որպէսզի հոգեւոր նորոգութեամբ, մեր արդար կեանքով ու ողորմած գործերով շարունակենք վերելքի մեր ուղին։ Արժեւորենք մեր Միւռոնը իբրեւ շաղախ ազգային միասնականութեան, որպէսզի կարող ըլլանք յաղթահարել մեր կեանքի դժուարութիւնները, փարատել հոգերն ու նեղութիւնները։ Այսօր, երբ աշխարհ լի է տագնապներով, մարդկային կեանքեր խլող հակամարտութիւններով՝ յատկապէս Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, ուր անասելի տառապանք եւ կորուստներ կը կրեն նաեւ մեր ժողովուրդի զաւակները, երբ խաթարուած է անդորրը մեր հայրենիքի սահմաններուն եւ տակաւին արդար վճիռ չէ ստացած մեր ժողովուրդի իրաւունքներու ճանաչումը, հրամայական է ամուր միասնականութեամբ զօրացնել մեր հայրենիքը, որպէսզի ըլլայ ապաւէնը համայն մեր ժողովուրդի խաղաղ ու ապահով կեանքի, մեր արդար դատի յաղթանակի եւ ոգեշնչող ուժը՝ ազգային զարթօնքի։
Սուրբ Էջմիածնէն բաշխուող սրբալոյս Միւռոնը թող տարածէ սրբութիւնը եւ հոգեւոր առաքինութիւններու անուշաբոյրը աշխարհի մէջ եւ հանուր մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս, ազգային-եկեղեցական մեր օրհնեալ անդաստաններուն, հայ ընտանիքներուն մէջ, մեր հայրենիքի սահմաններուն վրայ, հայրենեաց պաշտպան մեր զինուորներու, մեր եկեղեցւոյ բոլոր զաւակներու սրտերուն մէջ՝ դառնալով յաղթանակներու եւ բարի գործոց նոր ձեռքբերումներու զօրութիւն։ Երանաշնորհ մեր հայրապետներէն Սիմէոն Երեւանցին Էջմիածնէն սփռուող Միւռոնին մասին կ՚ըսէ. «Ինչպէս արեգակի ճառագայթը կը ծանուցէ արեգակի գեղեցկութիւնն ու օգտակարութիւնը, որու շնորհիւ կը կառավարուի երկիրը եւ դալար կը մնայ, ճիշդ այդպէս ալ սուրբ Միւռոնը միշտ կը քարոզէ Սուրբ Էջմիածնի օգտակարութիւնն ու գեղեցկութիւնը։ Ահա խորհրդաւոր արեգակ Սուրբ Էջմիածինը, որ կը լուսաւորէ ձեր հոգիներն ու մարմինները»։ Թող Սուրբ Էջմիածնի Միւռոնի յաւերժական լոյսը միշտ դրոշմուի մեր ժողովուրդի զաւակներու հոգիներուն, որպէսզի մշտապէս նորոգեն իրենց ուխտը առ Աստուած, ուխտը՝ առ Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցին ու նուիրական հայրենիքը։ Թող աղաւնիի բերած ձիթենիի շիւղով Արարտի փէշերէն ազդարարուած Աստուծոյ խաղաղութիւնը ամրացնէ արդարութեան, մարդասիրութեան ոգին աշխարհի մէջ, զօրացնէ համերաշխութիւնը եւ համագործակցութիւնը մարդոց եւ ազդերու։
Այս օրհնաբեր եւ հոգենորոգ օրով Մենք գոհութիւն կը վերառաքենք առ Ամենակալն Աստուած, որ Մեզի վերստին շնորհը պարգեւեց կատարելու Միւռոնօրհնութեան սրբազան արարողութիւնը՝ մասնակցութեամբ եւ աղօթակցութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան մեծարգոյ Նախագահ Տիար Սերժ Սարգսեանի, մեր հոգեւոր եղբօր՝ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը ներկայացնող Գերշ. Տ. Մուշեղ եւ Տ. Շահան Արքեպիսկոպոսներու, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանի, Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի, քոյր եկեղեցիներու գերապատիւ հովուապետներու եւ բարձրապատիւ ներկայացուցիչներու, ուխտապահ հոգեւոր դասի, հայոց պետական աւագանիի, դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարներու եւ ներկայացուցիչներու եւ հայրենաբնակ ու Սփիւռքէն ժամանած մեր ժողովուրդի բազում բարեպաշտ զաւակներու։ Հոգւոց բերկրութեամբ Մեր ողջոյնը կը յղենք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին, Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանին եւ քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր պետերուն՝ աղօթքով ու մաղթանքով, որ Տէրը միշտ անսասան ու պայծառ պահէ Իր Սուրբ Եկեղեցին Աւետարանի կենարար պատգամներով մարդկութեան կեանքը լուսաւորելու եւ փրկութեան առաջնորդելու առաքելութեան մէջ։
Կ՚աղօթենք, որ Ամենակալ Տէրը խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն պարգեւէ աշխարհին եւ Հայաստան ու Արցախ հայրենի մեր երկրին։ Եւ թող Տիրոջ Սուրբ Հոգւոյ շնորհներով առատապէս օրհնուի մեր ժողովուրդի եւ համայն մարդկութեան կեանքը։
Շնորհք, սէր եւ խաղաղութիւն Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի եղիցին ընդ մեզ եւ ընդ ամենեսեան. ամէն։
Եկեղեցական
- 11/27/2024