ԱՒՍՏՐԱԼԻԱՅԷՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԱՅՑ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Աւստրալիոյ նահանգային խորհրդարանականներու պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ Քիմ Ճէյմսի եւ Հակ Մըքտերմոթի։ Զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը խոր մտահոգութեամբ անդրադարձաւ Արցախէն հայոց բռնի տեղահանութեան եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ հայոց հետապնդումներուն։ Նորին Սրբութիւնը շեշտեց, որ մեծապէս վտանգուած է Արցախի հայկական հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութիւնը՝ յիշատակելով Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ ամբողջ աշխարհի աչքին առջեւ Նախիջեւանի դարաւոր հայկական գերեզմանի շուրջ 6 հազար խաչքարերու ի սպառ ոչնչացումը։ Վեհափառ Հայրապետը ցաւ յայտնեց, որ միջազգային հանրութիւնը ոչ-համարժէք արձագանգած է, ինչ որ պատճառ դարձած է, որպէսզի Ատրպէյճան անարգել իրագործէ Արցախէ ներս իր ցեղասպան քաղաքականութիւնը՝ շրջանցելով միջազգային մարդասիրական բոլոր չափանիշները։

Հիւր պատուիրակութեան համանախագահները Վեհափառ Հայրապետին շնորհակալութիւն յայտնեցին Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ տեղեկութիւններուն համար։ Անոնք ընդգծեցին, որ առկայ մարտահրաւէրներուն եւ հաւանական իրադարձութիւններուն շուրջ ամբողջական պատկերացումը օգտակար պիտի ըլլայ իրենց ապագայ գործունէութեան տեսակէտէ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 29, 2023