ՀՈԳԵԼՈՅՍ Տ. ՇԱՀԱՆ ԱՐՔ. ՍՎԱՃԵԱՆ ՂԱԼԱԹԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՎԵՐՅԻՇՈՒԵՑԱՒ՝ ՎԱԽՃԱՆՄԱՆ 10-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԹԻՒ
Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ Ս. Պատարագ մատոյց եւ քարոզեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Արարողութեան ընթացքին ոգեկոչուեցաւ Պատրիարքական Աթոռի երջանկայիշատակ միաբաններէն Տ. Շահան Արք. Սվաճեան՝ վախճանման 10-րդ տարելիցին առթիւ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան՝ գլխաւորութեամբ Էտվին Սրկ. Կալիպօղլուի։
Օրուան քարոզին մէջ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան վերյիշեց հոգելոյս սրբազանի ծառայութիւնները։ Այս ամբողջին մէջ ան մասնաւորապէս ընդգծեց, որ Տ. Շահան Արք. Սվաճեան եղած էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հաւատարիմ զաւակներէն մին։ Քարոզիչ հայր սուրբը մատնանշեց նաեւ հոգելոյս սրբազանին կողմէ վախճանումէն առաջ կատարած կտակները թրքահայ բարենպատակ հաստատութիւններուն՝ ներառեալ Կեդրոնական վարժարանը։
Ս. Պատարագին յաջորդած հոգեհանգստեան պաշտօնին ներկայ էին Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեան, Կեդրոնական վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Յարութիւն Էպէօղլու եւ կրթական մշակներ, ինչպէս նաեւ աշակերտութեան ներկայացուցիչներ։
Հարկ է նշել, որ այս կիրակի Պատրիարքական Աթոռի տնօրինութեամբ՝ քաղաքիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգստեան պաշտօնով պիտի վերյիշուի լուսահոգի Տ. Շահան Արք. Սվաճեան։
Եկեղեցական
- 01/16/2025
- 01/16/2025