ՏԵՂԱՊԱՀ Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔ. ՊԵՔՃԵԱՆ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՇԱԲԱԹ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին պիտի այցելէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Ըստ մեր ստացած անպաշտօն տեղեկութիւններուն, նորին սրբազնութեան կեցութիւնը պիտի տեւէ շուրջ շաբաթ մը։ Առայժմ տեղեկութիւններ չկան այս այցելութեան շարժառիթին շուրջ։  

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 29, 2017