ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՄՈՒՆՔ

Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ ներկայիս կը գտնուի Նիւ Եորքի մէջ, շաբաթավերջին Հիւսիային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Տիթրոյիթի ծուխէն ներս պատարագեց Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ երդիքին տակ։ Հայր սուրբը, որ Նիւ Եորքէն Տիթրոյիթ մեկնած էր, հիւրընկալուեցաւ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։

Ս. Պատարագին ներկայ էին տեղւոյն հովիւը՝ Տ. Առէն Աբեղայ Ճէպէճեան, Տ. Կարապետ Աւ. Քհնյ. Քոչաքեան եւ Տ. Արմաշ Քհնյ. Պաղտասարեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան տեղւոյն Կոմիտաս երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Բրշ. Ռուտիկ Սրկ. Մայիլեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Արշալոյս Ղարիպեանի։ Արարողութեան ընթացքին Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան խօսեցաւ քարոզ մը։ Յաւարտ Ս. Պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօնով վերյիշուեցաւ պոլսահայ անմոռանալի մեներգիչ բարեյիշատակ Գէորգ Պոյաճեան։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան, որու ընթացքին հայր սուրբը ջերմ զրոյց ունեցաւ հաւատացեալներուն հետ, նաեւ ծանօթացաւ ծուխի զանազան կառոյցներու վարիչներուն հետ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 29, 2022