ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը երէկ Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանի բանակէն շուրջ 40 զինուորներ՝ իրենց հրամանատարին գլխաւորութեամբ։ Ներկայ էր նաեւ Պէյրութի մօտ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան։ Հարկ է նշել, որ այդ չորս տասնեակ հայ զինուորները ծառայութիւն կը մատուցեն ՄԱԿ-ի Լիբանանի խաղաղապահ ուժերու կազմէն ներս։ Հայ զինուորները տեղակայուած են Լիբանանի հարաւին, ուր վեց ամիսէ ի վեր կ՚իրականացնեն իրենց առաքելութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը հայրական ջերմ սիրով ողջունեց զինուորները, որոնց տուաւ իր օրհնութիւնը։

Հրաժեշտ առնելէ առաջ զինուորները շրջայց մըն ալ կատարեցին Անթիլիասի վանքի համալիրէն ներս։  

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 29, 2022