ԵՒ ԱՒԱԳ ՇԱԲԱԹԸ…

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ տօնախմբեց Ծաղկազարդը եւ այսօր արդէն սկիզբ առած է Աւագ շաբաթը։ Տէր Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքի յիշատակը՝ Ծաղկազարդը երէկ տօնախմբուեցաւ աւանդական շուքով։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ արարողութիւններուն նախագահեց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանն ալ Ծաղկազարդի տօնակատարութիւններուն նախագահեց եւ պատարագեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Յետմիջօրէին Նորին Ամենապատուութիւնը Դռնբացէքի արարողութեան ալ նախագահեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, առաւօտեան ժամերգութենէն յետոյ, Վեհափառ Հայրապետին հանդիսապետութեամբ Միածնաէջ Մայր Տաճարի շրջափակէն ներս տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր անդաստան եւ մանուկներու օրհնութեան կարգ։ Նորին Սրբութիւնը՝ ի ձեռն ունենալով ուռենիի ճիւղերով զարդարուած հայրապետական գաւազանը, օրհնեց Մայրավանքէն ներս համախմբուած մանուկները եւ ուխտաւորները։

Ծաղկազարդի Ս. Պատարագը մատուցուեցաւ Ս. Գայիանէ վանքին մէջ՝ ձեռամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Վանորէից տեսուչ Տ. Արտակ Եպսկ. Տիգրանեանի, որ խօսեցաւ նաեւ օրուան քարոզը։

Յաւարտ Ս. Պատարագի Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ վերստին կատարուեցաւ մանուկներու օրհնութեան կարգ այս անգամ Ս. Գայիանէ վանքի պատմական կամարներուն ներքեւ։

Ծաղկազարդի օրը Նորին Սրբութիւնը Վեհարանին մէջ ալ ընդունեց Հայաստանի զանազան թեմերու եկեղեցիներէն ներս սպասարկող դպիր մանուկներն ու երգչախումբերու պատանի երգչուհիները, որոնց նոյնպէս բաշխեց իր հայրապետական օրհնութիւնները։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 3, 2023