ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ…
Երէկ, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցի նշեց Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնը, որու առթիւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ Հայրապետական մաղթանք։ Եկեղեցական տօնացոյցին վրայ մասնաւոր տեղ մը ունի այս մէկը, որու օրը ամբողջ հայութիւնը առ Աստուած աղօթք կը բարձրացնէ Ամենայն Հայոց Հայրապետական Աթոռի անսասանութեան համար։
Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնին առթիւ, Մայր Աթոռի երէկուան արարողութիւններուն նախագահեց՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։ Ս. Գայիանէ վանքին մէջ պատարագեց Մայր Աթոռի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Տ. Զաքարիա Ծայրագոյն Վարդապետ Բաղումեան, որ քարոզին մէջ խօսեցաւ օրուան տօնի խորհուրդին եւ Սուրբ Էջմիածնի նշանակութեան ու դերակատարութեան հայոց ազգային կեանքէն ներս։ «Սուրբ Էջմիածինը խտացումն ու պահապանն է ազգային-քրիստոնէական մեր ինքնութեան, որ հաստատուեցաւ Միածնի իջմամբ, հայացաւ սուրբ թարգմանիչ հայրապետներու սխրանքով, դարերու ընթացքին բիւրեղացաւ հայերուս հոգիին եւ սրտին մէջ՝ դառնալով անմահութեան գրաւականը», ըսաւ քարոզիչ հայր սուրբը եւ աւելցուց, որ Սուրբ Էջմիածնի խորհուրդին հաւատարիմ մնալը կը նշանակէ անմնացորդ սիրել հայրենիքը, աստուածահաստատ Հայոց Եկեղեցին եւ հաւատալ անմահութեան՝ դառնալով լոյսի, յոյսի եւ սիրոյ քարոզիչներուն այս կեանքի մէջ։
Քարոզիչ հայր սուրբը օրուան տօնին առթիւ շնորհաւորեց Նորին Սրբութիւնը, Մայր Աթոռի միաբանութիւնը ու բոլոր հաւատացեալները՝ մաղթելով, թէ Սուրբ Էջմիածնի օրհնութեամբ կարելի դառնայ շուտափոյթ յաղթահարել բոլոր փորձութիւններն ու մարտահրաւէրները։
Յաւարտ Ս. Պատարագի, Վեհափառ Հայրապետի հանդիսապետութեամբ, տեղի ունեցաւ Հայրապետական մաղթանք, որու ընթացքին առ Աստուած աղօթք բարձրացուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի յաւերժ պայծառութեան, շէնացման, անսասանութեան եւ հայոց կեանքէն ներս իր սրբազան առաքելութեան յարատեւութեան համար։
Օրուան տօնին առթիւ Վեհափառ Հայրապետն ալ ըսաւ. «Սուրբ Էջմիածնի տեսիլքը այսօր եւս կը շարունակէ մնալ հոգեւոր ներուժն ու ակունքը յաղթանակներու. յաղթանակ՝ փորձութիւններու դէմ, արժանապատուութեան ու ինքնութեան պայքարի մէջ, առ սրբազան արժէքները հաւատարմութեամբ։ Մեր յաղթանակները չունին ատելութեան ու թշնամանքի կնիք, այլոց արժանապատուութիւնը նսեմացնելու, սրբութիւնները ոտնահարելու եւ ինքնութիւնը ոչնչացնելու չարորակ նկրտում։ Մեր յաղթանակները կ՚ամրապնդեն կամքն ու վճռակամութիւնը՝ հասնելու խաղաղութեան, անվտանգ պահելու մեր ժողովուրդը, վերահաստատելու համազգային սէրն ու համերաշխութիւնը։ Քրիստոսահիմն Սուրբ Էջմիածինը համայն հայութեան հոգեւոր տունն է, հայոց անկախ պետականութեան կերտման դարբնոցը, մեր ժողովուրդի յաղթանակներու ու յարատեւութեան խորհրդանշանը եւ ազգային մեր անաղարտ ինքնութեան ջահակիրն ու պահապանը»։