ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ ԱՐԺԵՒՈՐՄԱՆ ՏԱՐԵԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան ուսումնական հաստատութիւններու մանկավարժական ժողովը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախագահեց այս նիստին։ Հարկ է նշել, որ ամէն տարի նման ձեւաչափով ժողով մը տեղի կ՚ունենայ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Նորին Սրբութեան կողքին էին Մայր Աթոռի Վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան, ուսումնական հաստատութիւններու վերատեսուչ Տ. Գէորգ Եպսկ. Սարոյեան, Տ. Տաթեւ Արք. Սարգսեան, լուսարարապետ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան եւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան։

Շաբաթավերջին ալ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ոգեկոչուեցաւ երանաշնորհ Տ.Տ. Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը՝ վախճանման 19-րդ տարելիցին առթիւ։ Հոգեհանգստեան պաշտօնին նախագահեց Վեհափառ Հայրապետը, որ շրջապատուած էր բարձրաստիճան հոգեւորականներու կողմէ։

Միւս կողմէ, Մայր Աթոռի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Սուրբ Էջմիածինը վերջերս դրամական աջակցութիւն ցուցաբերած է՝ 2017 թուականի դրութեամբ արեան քաղցկեղի ախտաճանաչումով դարմանման տակ առնուած 30 փոքրիկներու համար։

Երեքշաբթի, Յուլիս 3, 2018