ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ Ս. ՅԱԿՈԲԵԱՆՑ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵՆԷՆ Տ. ՀԱՅԿԱԶՈՒՆ ՎՐԴ. ԵՂԻԱՅԵԱՆ ԿԱՐԳԱԹՈՂ

Ե­րու­սա­ղէ­մի հա­յոց վան­քէն դար­ձեալ հա­սաւ զգա­յա­ցունց լուր մը։ Այս­պէս, կը հա­ղոր­դուի, որ կար­գա­թող ե­ղած է Սրբոց Յա­կո­բեանց միա­բա­նու­թեան ան­դամ­նե­րէն Տ. Հայ­կա­զուն Վրդ. Ե­ղիա­յեան։ Այս վեր­ջի­նը Ամ­մա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւն էր։ Կար­գա­թող վար­դա­պե­տը, որ այ­լեւս սկսած է վերս­տին գոր­ծա­ծել իր ա­ւա­զա­նի ա­նու­նը՝ Յա­րութ Ե­ղիա­յեան, վե­րա­դար­ձած է իր ծննդա­վայ­րը, ուր կ՚ապ­րի նաեւ իր մայ­րը։ Ան կար­գա­թող ըլ­լա­լու սոյն ո­րոշ­ման շուրջ նա­մակ մըն ալ ու­ղար­կած է Ե­րու­սա­ղէ­մի Պատ­րիարք Տ. Նուր­հան Արք. Մա­նու­կեա­նին։ «Ա­րե­ւելք» կայ­քէ­ջի հա­ղոր­դում­նե­րով, միա­բա­նի կար­գա­թող ըլ­լա­լու պա­րա­գան պայ­մա­նա­ւո­րուած է զուտ անձ­նա­կան պատ­ճառ­նե­րով։ Նոյն աղ­բիւ­րը կը շեշ­տէ, որ Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիար­քու­թեան պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րը ո­չինչ հա­ղոր­դած են այս մա­սին, չեն անդ­րա­դար­ձած նաեւ Պատ­րիար­քին կող­մէ առ­նուած այս ո­րոշ­ման դրդա­պատ­ճառ­նե­րուն։

Այլ աղ­բիւր­ներ ալ կը հա­ղոր­դեն, թէ Ամ­մա­նի հա­յու­թիւ­նը մեծ յու­զում կ՚ապ­րի իր հո­վի­ւի կար­գա­թող ըլ­լա­լուն բե­րու­մով։ Հա­ւա­նա­կան կը հա­մա­րուի, որ կար­գա­թող միա­բա­նը խնդիր­ներ ապ­րած է Ե­րու­սա­ղէ­մի Պատ­րիար­քին հետ եւ ի վեր­ջոյ նա­խընտ­րած լքել՝ հո­գե­ւոր աս­պա­րէ­զը։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2016