ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին նախագահութեամբ, Անթիլիասի մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցական հանդիպում մը, որուն նպատակն էր Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի յառաջիկայ աշխատանքները կազմակերպել: Ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, ինչպէս նաեւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան ու Բերիոյ թեմի ազգային վարչութեան ներկայացուցիչները:

Արամ Ա. Կաթողիկոս նախ ջերմօրէն գնահատեց Սուրիոյ հայութեան ամուր կապուածութիւնը Սուրիոյ եւ հայ համայնքային կառոյցներուն՝ հակառակ զիրենք շրջապատող աննպաստ պայմաններուն: Արամ Ա. Կաթողիկոս նաեւ գնահատեց առաջնորդ սրբազանին ու ազգային մարմիններուն ցուցաբերած նուիրեալ ու հետեւողական աշխատանքը, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդի զաւակներուն կարիքներուն օգտակար եղող շտապ մարմնի գործունէութիւնը: Ան գնահատեց հայ ժողովուրդին ցուցաբերած միասնակամութիւնը Սուրիոյ մէջ եւ թելադրեց, որ գաղութը լծուի վերականգնումի աշխատանքներուն:

Ապա, առաջնորդ սրբազանը խօսք առնելով, Ազգային իշխանութեան, ժողովուրդին եւ իր անունով խոր շնորհակալութիւն յայտնեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին, որ ոչ միայն ամբողջական զօրակցութիւն յայտնած է Սուրիոյ հայութեան նկատմամբ անցնող տագնապալից շրջանին, այլ նաեւ նիւթապէս օգտակար հանդիսացած՝ կաթողիկոսարանին մէջ հաստատած Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան հիմնադրամին միջոցներով:

Ժողովականները լայնօրէն քննարկեցին Սուրիոյ հայութիւնը վերականգնումի առաջնորդող կարելիութիւնները՝ թեմական, համայնքային, տնտեսական ու քաղաքական երեսներով:

Հանդիպման ընթացքին կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ, թէ Սուրիոյ հայ համայնքը՝ իբրեւ երկրի կարեւոր քրիստոնեայ համայնքներէն մէկը, պէտք է իր ամբողջական ու գործօն մասնակցութիւնը բերէ Սո րիոյ վերականգնումի առաջնորդող բոլոր աշխատանքներուն:

Բաց աստի, խորհրդակցութեան որպէս շարունակութիւն, յաջոր օրը, Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ հոգեւոր առաջնորդներու հանդիպումը, մասնակցութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի, Հալէպի Թեմի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդ Գերապայծառ Պետրոս Արք. Մրէաթեանի եւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Համայնքապետ Վերպ. Յարութիւն Սելիմեանի։

Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդհանուր գիծերով տեղեակ պահեց հոգեւոր առաջնորդները օր մը առաջ տեղի ունեցած խորհրդակցական հանդիպման քննարկումներուն մասին։ Ան ողջունեց սուրիական տագնապի տարիներուն Սուրիոյ հայութեան ցուցաբերած միասնական ոգին եւ միասին խորհրդակ ցելու ու աշխատելու յանձնառու թիւնը։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց Սուրիոյ հայութեան իրենց նիւթական աջակցութիւնը կատարած բոլոր կազմակերպութիւններուն ու հայորդիներուն։ Ան շեշտեց Սուրիոյ հայութիւնը վերականգնումի առաջնորդող նոր ծրագիրներու մշակման անհրաժեշտութիւնը։

Հոգեւոր առաջնորդները իրենց շնորհակալութիւնը յայտնեցին Արամ Ա. Կաթողիկոսին, որ անցնող տարիներու ընթացքին միշտ զօրակից դարձած է Սուրիոյ հայութեան՝ բոլոր շրջաններէն ներս, միաժամանակ շնորհակալութիւն յայտնեցին օժանդակ հանդիսացած բոլոր հայորդիներուն։ Ապա, անոնք իրենց տեսակէտները պարզեցին վերականգնումի աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն գծով։

Հուսկ, հոգեւոր առաջնորդները ճաշի հիւրը եղան Արամ Ա. Կաթողիկոսին։

Շաբաթ, Յունուար 30, 2016