ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ԱՆԳԼԻԱ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ կարճատեւ այցելութեամբ մեկնեցաւ Անգլիա։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգը հաղորդեց, որ Վեհափառ Հայրապետին կ՚ուղեկցի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի քարոզչական կեդրոնի եւ Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան հարցերով գրասենեակի տնօրէն Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան։ Հայրապետական, մասնաւոր բնոյթով կարճատեւ ուղեւորութիւն մըն է այս մէկը։

Միւս կողմէ, շաբաթավերջին Հայաստանի մէջ նշուեցաւ Բանակի օրը։ Այս առթիւ, Մայրավանքի համալիրէն ներս, Ս. Գայիանէ վանքի երդիքին տակ երէկ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագը մատոյց Հայաստանի զինեալ ուժերու հոգեւոր առաջնորդ Տ. Մովսէս Վրդ. Սարգսեան։ Վեհափառ Հայրապետը նախագահեց արարողութեան, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Հայաստանի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ Էտուարտ Ասըրեան, զինեալ ուժերու բարձրագոյն սպայական կազմի ներկայացուցիչներ, Հայաստանի Ազգային ժողովի պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններ եւ Հայաստանի զինեալ ուժերու հոգեւոր առաջնորդութեան գնդերէցներ։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, «Էօրնէքեան» դպրոցի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն, որու ընթացքին Նորին Սրբութիւնը բանակի օրուան առթիւ ի դէմս ներկաներուն իր օրհնութիւնը փոխանցեց Հայաստանի զինեալ ուժերու բարձրագոյն սպայակազմին, զինուորներուն եւ գնդերէցներուն։

Երկուշաբթի, Յունուար 30, 2023