ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՊԸ ԿՐԿԻՆ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԱՒ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԾԱՆՐ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՎԻՃԱԿԻՆ

Հռովմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը երէկ Վատիկանի մէջ հերթական անգամ անդրադարձաւ Լաչինի միջանցքի փակման բերումով շրջափակուած Արցախէն ներս ստեղծուած մարդասիրական ծանր իրավիճակին։ «Ես մօտ կը զգամ բոլոր անոնք, որոնք ձմրան ստիպուած կ՚ըլլան դիմակայել այս անմարդկային պայմաններուն։ Անհրաժեշտ է միջազգային մակարդակով գործադրել բոլոր ջանքերը՝ խաղաղ լուծումներ գտնելու համար ի շահ ժողովուրդին», յայտնեց Նորին Սրբութիւնը։

Երկուշաբթի, Յունուար 30, 2023