ԱՒԱԳ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԱՌԸՆՉՈՒՈՂ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍՈՎՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Քրիստոսի երկրաւոր կեանքին ամենէն կարեւոր բաժինը վերջին շաբաթը, կը կոչուի Աւագ Շաբաթ։ Աւագ Շաբաթը Ծաղկազարդին յաջորդող Երկուշաբթիէն մինչեւ Զատիկ երկարող շաբաթն է։
Աւագ կը նշանակէ մեծ կամ գլխաւոր։ Աւագ կը կոչուի յիշեալ շաբթուան իւրաքանչիւր օրը։
Աւագ Շաբթուան օրերէն իւրաքանչիւրը ունէր իր անունը, եւ երախաներն անգամ սորված էին այդ անունները՝
Քոռ Երկուշաբթին,
Շիլ Երեքշաբթին,
Չիք Չորեքշաբթին,
Աւագ Հինգշաբթին,
Յուդայի Ուրբաթ,
Զատիկի Շաբաթ,
Կարմիր Կիրակի
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻՆ ջաղացպաններու օրն էր, քանի որ այդ օրը բոլորը ցորեն կը տանէին աղալու։
ԵՐԵՔՇԱԲԹԻՆ յիմար-իմաստունի վիճակը քաշելու օրն էր, եւ մարդիկ եկեղեցի կը փութային իրենց մէկ մտադրութիւնը գուշակելու։ Տասը թուղթի կտորներէն հինգին վրայ կը գրուէր «իմաստուն», հինգին վրայ՝ «յիմար» բառերը, եւ տասը եախայ կը վերցնեն մէկական թուղթ։ Իրենց մտքին մէջ որեւէ փափաք ունեցող անձեր նախապէս կ՚ընտրեն երախաներէն մէկը։ Անոր որ «իմաստուն» վիճակը իյնար, կը նշանակէր, թէ փափաքը պիտի իրականանայ, «յիմար»ի պարագային՝ փափաքը պիտի չիրագործուի։
ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻՆ «չիք» կը կոչուէր։ Այդ օրը կրակին վրայ շարունակ ջուր կ՚եռար ամանները լուալու, լուացք ընելու, տունը մաքրելու եւ լոգնալու համար։ Տղամարդիկ կը մաքրէին ձմրան ընթացքին գոմին մէջ կուտակուած աղտը, որպէսզի չարը չքուի, վերանայ։
Կարնոյ հայերը կէս գիշերին «ցաւիս վերջ» անունը կու տային եւ մինչեւ միւս օրուան ժամերգութիւնը լուռ կը մնային այն համոզումով, որ չիք Չորեքշաբթին իրեն հետ ցաւերը կը տանի։
ԱՒԱԳ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ երեկոյեան մշեցիները հաց կը թխէին եւ երեսին կանեփ կը քսէին։ Այս հացէն մեծաքանակ կը թխէին յատկապէս ննջեցեալ ունեցողները։
Լոռեցիները սեւ թելի վրայ եօթ հանգոյց կ՚ընէին եւ կը դնէին եկեղցիին պատի ճեղքին մէջ, որպէսզի «թռչունները հաւերուն ձագերը չթռցընէին»։
Գիշերը, Ոտնլուայի ծէսին եկեղեցիէն հաւատացեալները կտոր մը կարագ կը վերցնէին եւ կը քսէին մարմնին զանազան մասերուն՝ աչքերուն, ականջներուն, ճակտին, ձեռքերուն եւայլն...
Աւագ Հինգշաբթի օրը նաեւ Զատկուան հաւկիթները ներկելու օրն էր, խթման ընթրիքին ուտելու համար։ Զատկուան համար մեծաքանակ հաւկիթ կը ներկուէր Շաբաթ երեկոյեան. պայման էր, որ հաւկիթները կարմիր ներկուէին։
ԱՒԱԳ ՈՒՐԲԱԹԸ սուգի օր էր, այդ օրուան ուտելիքները կծու եւ թթու պէտք է ըլլային։ 0րինակ, մարաշցիները «քացխլա շովրօ» (քացախ ապուր) կ՚ուտէին։ Լոռեցիները բանջար կ՚եփէին «որպէսզի անոր ծակող զօրութիւնը ոչնչանայ, որովհետեւ Քրիստոսը բանջարով ծեծած են»։
Մուշի մէջ կաղամբի թթուաշ կը պատրաստէին, որ կը կոչուէր «օձի թթու»։
Աւագ Ուրբաթ օր լոռեցիներուն մօտ արգիլուած էին՝ ծունկի գալ, որովհետեւ Քրիստոսը խաչին է, խաչակնքելը, որովհետեւ Քրիստոսը խաչուած է, դրամ փոխ տալ կամ առնելը, որովհետեւ Քրիստոսը դրամի համար մատնուած է։ Ջաւախքի մէջ արգիլուած էին՝ մուրճ բարձրացընելը, որովհետեւ մուրճով գամած են Քրիստոսին անդամները, փայտ յղկելը, որովհետեւ Քրիստոսի խաչափայտը տաշուած էր։
Ուրբաթ գիշեր հաւատացեալները եկեղեցւոյ մէջ կ՚անցընէին սուգի, տառապանքի, լացի ու վշտի ժամեր։ Սակայն այդ ծանր ցաւով ու վիշտով լեցուն գիշերը վերջակէտ կը դնէր կենցաղային ու հոգեկան ինքնազսպումին ու ժուժկալութեան իրական եւ ծիսական շղթային՝ նոր աշխատանքով եւ ուրախութեամբ լեցուն կեանքի հերթական սկիզբը ազդարարելով։
ԱՒԱԳ ՇԱԲԱԹ օր առաւօտեան աղջիկները ծոմ բերանով մօտակայ արտերէն նորածիլ բանջար կը հաւաքէին երեկոյեան իւղով եւ հաւկիթով տապկելու համար։ Իսկ սամիրը՝ կաթով եփած կորկոտաճաշը պարտադիր էր Խթումի օրը։ Աւագ Շաբաթ օրը նաեւ Զատկուան նախապատրաստուելու օրն էր, կ՚որոշուէր հագուստը, կը յարդուէր տունը, արեւուն կը պարզուէր անկողինը, տան դռներուն շրջանակներուն կը փակցուէր կարմիր հաւկիթի կեղեւներ, կը թխուէին խմորեղէններ։
Յատուկ պատրաստութիւններ կը տեսնուէին նշանուած տղոց եւ աղջիկներուն ընտանիքներուն մէջ, ուր ներկուող ու զարդարուող հաւկիթներուն թիւը քանի մը հարիւրի կը հասնէր, թխուող գաթաներուն եւ բաղարջներուն թիւը՝ տասնեակներու...
Շաբաթ երեկոյեան, դեռ արեւը մայրը չմտած, խթումի ընթրիքի սեղան կը պատրաստուէր. սովորութիւն էր սեղան բերել կարմիր հաւկիթ, ձուկ, հաւկիթով տապկուած շոմին կամ բանջար, թանձր եփած թանով ապուրը կամ կաթով եփած կորկոտաճաշը։
ԿԻՐԱԿԻ ԶԱՏԻԿ Է, Զատիկը թէ՛ երգերու, թէ՛ պարերու եւ թէ խաղերու ստեղծագործութեան հնարաւորութիւններ տուած է։
ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Եկեղեցական
- 11/27/2024