Տ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆԻ ԱՆԴՐԱՆԻԿ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԸ՝ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ՄԷՋ
Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին իր անդրանիկ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ Այս առթիւ Գատըգիւղի ընտանիքը մեծ ոգեւորութիւն ապրեցաւ՝ թաղի ծոցէն հասած նորապսակ այս հոգեւորականը ողջունելով։ Արարողութիւններուն նախագահեց եւ քարոզեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, բազմաթիւ քահանայ հայրեր եւ Քոյր Գայիանէ Տուլքատիրեան։ Թաղի Ս. Լեւոն Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ կողմէ ալ փութացած էր Յակոբ Սրկ. Մինասեան։
Ս. Սեղանին սպասարկեցին Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութ, Վարդգէս Սրկ. Փեստիլճեան, Արման Սրկ. Մարաշլեան, Գէորգ Սրկ. Ներկիզ, Ալէն Սրկ. Ներկիզ եւ Ժիլպէռ Սրկ. Քարափեքմէզ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ս. Թագաւոր Դպրաց Դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սեւան Շէնճանի եւ երգեհոնահարութեամբ Արտէն Գարիպեանի։
Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։
Եկեղեցական արարողութիւններէն վերջ, յարակից «Պալըքճեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ պահքի սեղան մը։ Ներկայ էին Գատըգիւղի թաղային խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեան եւ իր ընկերները, Արամեան-Ունճեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սարվէն Սէրթշիմշէք, տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու եւ թաղի յարակից մարմիններէն ներկայացուցիչներ։ Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Արման Պիւքիւճեան, Կարօ Հալէպլի եւ Արման Մարաշլեան։ Ս. Թագաւոր երգչախումբի անդամները երգով մը խանդավառեցին մթնոլորտը, մինչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան հանդէս եկաւ սրտի խօսքով։ Հաւաքոյթը աւարտին հասաւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի հուսկ բանքով։
Այս առթիւ բոլորը ամենաջերմ զգացումներով շրջապատեցին Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանը, որուն մաղթեցին արդիւնաւէտ ծառայութեան երկար տարիներ։ Նոյն առթիւ գատըգիւղցիները հերթական անգամ շնորհաւորեցին իրենց հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանն ու երէցկին-տիրամայր Սիլվա Տամատեանը, որոնք ընտանեկան յարկէ ներս ստեղծուած կրօնաբոյր մթնոլորտին ի շարունակութիւն իրենց որդին առաջնորդեցին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ծառայութեան։
Եկեղեցական
- 11/27/2024