ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՍՈՒՐԲ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱՃԱՐԸ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԻ

Ե­րու­սա­ղէ­մի Ս. Յա­րու­թեան տա­ճա­րը յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին պի­տի են­թար­կուի վե­րա­նո­րո­գու­թեան։ Հա­մաք­րիս­տո­նէա­կան կա­րե­ւո­րա­գոյն սրբա­վայ­րե­րու շար­քին կը դա­սուի Ս. Յա­րու­թեան տա­ճա­րը, ո­րու սրբա­զան կա­մար­նե­րուն ներ­քեւ կը գտնուի Տէր Յի­սու­սի Լոյս Գե­րեզ­մա­նը։ Ծա­նօթ է, որ Սուրբ Երկ­րի հա­մաք­րիս­տո­նէա­կան վայ­րե­րը կը տնօ­րի­նուին Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց, Յու­նաց եւ Լա­տի­նաց պատ­րիար­քու­թիւն­նե­րուն կող­մէ։ Կա­թո­լիկ ե­կե­ղեց­ւոյ ա­նու­նով Ֆրան­սիս­քեան միա­բա­նու­թիւնն է, որ կը տնօ­րի­նէ Տէ­րու­նա­կոխ սրբա­վայ­րե­րը։ Այս հի­ման վրայ ե­րեք պատ­րիար­քա­րան­նե­րը ար­դէն հա­մա­ձայ­նու­թեան հա­սած են՝ որ­պէս­զի ի­րա­կա­նա­ցուի վե­րա­նո­րո­գու­թեան աշ­խա­տանք մը։ Վեր­ջերս Ս. Յա­րու­թեան տա­ճա­րի կա­մար­նե­րուն ներ­քեւ՝ Ս. Գե­րեզ­մա­նին առ­ջեւ ըն­թեր­ցուած է այս նո­րո­գու­թեան վե­րա­բե­րեալ ընդ­հա­նուր յայ­տա­րա­րու­թիւն մը, ո­րու հրա­պա­րակ­ման ներ­կայ գտնուած է նաեւ մաս­նա­գի­տա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թեան խում­բի ղե­կա­վար Ան­թո­նիա Մո­լո­փու­լօ։

Սկզբնա­կան տուեալ­նե­րով՝ 3 մի­լիոն եւ­րօ պի­տի ար­ժէ Ս. Յա­րու­թեան տա­ճա­րի վե­րա­նո­րո­գու­թեան ծրա­գի­րը։ Իւ­րա­քան­չիւր պատ­րիար­քա­րան 1 մի­լիոն եւ­րո­յով պի­տի մաս­նակ­ցի ծրագ­րին։ Յա­ռա­ջի­կայ Մա­յի­սի 1-ին Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ պի­տի նշուի Ս. Զա­տի­կը, որ­մէ քա­նի մը շա­բաթ վերջ պի­տի սկսին վե­րա­կանգն­ման աշ­խա­տանք­նե­րը, ո­րոնք պի­տի տե­ւեն շուրջ տա­րի մը։ Այդ ըն­թաց­քին Ս. Գե­րեզ­մա­նը բաց պի­տի ըլ­լայ ուխ­տա­ւոր­նե­րու այ­ցե­լու­թեան հա­մար։ 

Հարկ է նշել, որ Ե­րու­սա­ղէ­մի Ս. Յա­րու­թեան տա­ճա­րը շատ եր­կար ժա­մա­նա­կէ մը ի վեր չէ են­թար­կուած վե­րա­նո­րո­գու­թեան։ 

Չորեքշաբթի, Մարտ 30, 2016