ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂԻՆ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին այս տարի եւս իր աշխարհացրիւ հաւատացեալ հօտը ահա կ՚առաջնորդէ Քրիստոսի Հրաշափառ Սուրբ Յարութեան տաղաւարը։ Մեծ պահոց նուիրական շրջանը եւ անոր վերջին փուլի Աւագ շաբթուան խորախորհուրդ օրերը անգամ մը եւս մեր հայրերու լոյս հաւատքով ներշնչած են համայն աշխարհի հայերը։ Երէկուան՝ Աւագ Հինգշաբթի օրուան արարողութիւնները, ինչպէս միշտ, այս տարի եւս սահմանեցին հոգեւոր գագաթնային ապրումներ, որոնք այսօր՝ Աւագ Ուրբաթ օրուան Թաղման կարգով կը գտնեն իրենց շարունակութիւնը։ Երէկ մեր եկեղեցիներուն մէջ մատուցուեցաւ Ընթրեաց Սուրբ Պատարագ, յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ Ոտնլուայ, իսկ երեկոյեան՝ Խաչելութեան կարգը, Խաւարման հոգեպարար արարողութիւնը։

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ընդհանրական կեդրոնին՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ այս խորապէս տպաւորիչ արարողութիւններուն հանդիսապետեց Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի խորանին վրայ Վեհափառ Հայրապետը երէկ յետմիջօրէին հանդիսապետեց Ոտնլուայի արարողութեան։ Սուրբ գրային ընթերցումներէն վերջ, Նորին Սրբութիւնը օրհնեց խորանի վրայ դրուած ջուրն ու իւղը, ապա հոգեզմայլ շարականներու երգեցողութեան ներքեւ Տէր Յիսուսի օրինակով ծունկի գալով լուաց ու իւղով օծեց 12 անձերու ոտքերը։ Անոնց շարքին էին եպիսկոպոսներ, միաբաններ, Ճեմարանի սաներ, Աստուածաբանութեան ուսանողներ, զինուորներ, բժիշկներ, դպրոցականներ եւ մանուկներ։ Վերջաւորութեան Վեհափառ Հայրապետը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց տաճարի մէջ ներկայ հարիւրաւոր հայորդիները, որոնք արձակման պահուն միաբան սարկաւագներու ձեռամբ ստացան օրհնուած իւղ։

Մեր հաւատացեալ ժողովուրդը, որ մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ միջոցաւ կ՚որոնէ փրկութեան ուղին, վաղը արդէն կ՚ողջագուրուի Սուրբ Զատկի տօնական աւետիսով։

Ուրբաթ, Մարտ 30, 2018