ՅԱՐՈՒՑԵԱԼ ՔՐԻՍՏՈՍ ԱՐԴԱՐԱՑՈՒՑԻՉ ԶՕՐՈՒԹԵԱՄԲ

Որ մատնեցաւ վասն յանձանաց մերոց,
եւ յարեաւ վասն զմեզ արդարացուցանելոյ։

(Հռովմայեցիս, 4.25)

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ

Ծանօթ է բոլորիս, թէ ամանորը կը գտնուի անցեալի վերջին ու ապագայի առաջին օրերու խաչմերուկին վրայ։ Այս կէտը առիթ է, որ նայինք մեր անցեալին, դիտարկելու համար մեր թերութիւնները, սխալները, տկարութիւնները ու յուսադրուինք ապագային զանոնք սրբագրելու կամ լրացնելու առաջադրութեամբ։ Նաեւ դիտարկելու մեր կեանքի դրական ու Աստուածահաճոյ էջերը, կ՚ուխտենք շարունակել մեր կեանքը, վստահելով Աստուծոյ օգնականութեան եւ ամրութեամբ հաստատ մնալով հաւատքի ժայռին վրայ։

Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Յարութեան սքանչելի ու մեծախորհուրդ անկրկնելի դէպքը իրականացած է մահաբոյր հին կեանքի ու կենսաբոյր նոր կեանքի ճանապարհներու խաչմերուկին վրայ։ Ի սկզբանէ Աստուածաստեղծ մարդուն համար մեղք եւ մեղանչել բառերը անծանօթ էին։ Մեր նախածնողքը որքան ատեն որ հաւատարիմ մնացին «մի ըներ» հրամայականին, իրենցմէ հեռու էին այդ երկու բառերը։ Աստուած իր հրամայականին կցեալ «եթէ ընէք, պիտի մեռնիք» ազդարարութեամբ էր որ ցոյց կու տար անհնազանդութեան գաղափարը ու հետեւանքը՝ այդ գաղափարը կեանքի կոչելու պարագային։

Յիրաւի սատանան էր, որ քաղցր մերձեցումով Աստուածային հրամայականին հակառակը շպարելով ներկայացուց մեր նախածնողքին, որպէս ընկալելի տարբերակ, որ «անոնց աչքերը պիտի բանար, աստուածներու պէս պիտի ըլլային՝ բարին ու չարը գիտնալով» (Ծննդոց, 3.5)։ Այս յաչս Աստուծոյ անբաղձալի եւ մերժելի տարբերակը դուռ բացաւ, որ անոնք մեղքով արատաւորուին եւ այդ արատաւորումը իր հետ բերաւ մահուան անէծքը։ Սուրբ Յովհան Որոտնեցի նախ կը նշէ Իմաստութեան Գիրքէն երկու համարներ. «Մահը Աստուծոյ գործը չէ. եւ Աստուած ապրողներու կորուստէն չ՚ուրախանար», «Մահը աշխարհ եկաւ բանսարկուին նախանձով» (Իմաստութիւն Սողոմոնի, 1.13, 2.24), ապա կը գրէ. «Աստուած մարդը ստեղծեց մահուան եւ կեանքի միջեւ սահմանի վրայ, որ պատուիրանը պահելով դրախտին մէջ անմահանար, իսկ չպահելով՝ զրկուէր այսպիսի շնորհքէն, ինչպէս որ ալ եղաւ։ Որովհետեւ բարիատեաց սատանան՝ գլխաւոր բանսարկուն, տեսաւ սեպհականացուած պատուիրանը պահելով ապրուած լուսապայծառ դրախտին վայելքը եւ տեղի սէրը, կը մտնէ օձին մէջ եւ օձին միջոցաւ կը խաբէ կինը եւ ան ալ Ադամը եւ կու տայ ուտել պտուղէն եւ այսպիսի մեղքի եւ անհնազանդութեան պատճառաւ մարդը զրկուեցաւ դրախտի աստուածաստեղծ եւ անմահական վայրէն, ասոր համար է, որ Պօղոս Առաքեալ կը գրէ ըսելով. «Մէկ մարդով մահ եղաւ» (Ա. Կորնթացիս, 15.21)։

Սուրբ Յովհան Որոտնեցիի այս խորհրդածութիւնը կ՚առաջնորդէ մեզ ըմբռնելու, որ Աստուած սատանայի ծուղակին բռնուածները ազատագրելու սքանչելի ծրագիր մը մշակեց, ըստ իր անսահման եւ անմերձենալի ու անիմանալի իմաստութեան, որուն համար մարդկային իմաստութիւնը կը մնայ անհասանելի։ Այդ ծրագիրը քայլ առ քայլ ընթացաւ, Աստուծոյ յարմար տեսած ժամանակին, հասնելու համար իր կէտ նպատակին, որ է մեղաւոր անկեալ մարդուն առջեւ բանալ արդարացման ճանապարհը։

Աստուած տնօրինեց, որ մարմնացեալ Բանն Աստուած՝ Յիսուս Քրիստոս, իր անձը տայ որպէս պատարագ ընդունելի, մաքրելու համար Ադամէն ժառանգաբար հասած եւ սերունդէ սերունդ փոխանցուած մահուան անէծքի պատճառ՝ սկզբնական մեղքի արատը, ու անոր առընթեր գործուած անօրէնութիւնները։ Քրիստոս բարի հովիւի օրինակով երբ կը խօսէր, իր անձը ներկայացուցած էր ըսելով. «Ես եմ բարի հովիւը, բարի հովիւը իր կեանքը կու տայ ոչխարներուն համար»։ (Յովհաննէս, 10.11)։ Բարի Հովիւը՝ Քրիստոս քարոզութեան ձեռնարկած առաջին իսկ մէկ օրէն բարձրաձայնեց ապաշխարութեան կարեւորութիւնը եւ իրեն ունկնդրողներուն ըսաւ. «Ապաշխարեցէք, որովհետեւ մօտեցած է երկնքի արքայութիւնը» (Մատթէոս, 4.17)։ Նոյն հրաւէրով հանդէս եկած էր նաեւ Յովհաննէս Մկրտիչ (Մատթէոս, 3.2), որ Յորդանան գետին մէջ մկրտուելու եկած Քրիստոսը ներկայացուցած էր որպէս «Գառն Աստուծոյ, որ կը բառնայ աշխարհի մեղքը» (Յովհաննէս. 1.29)։

Քրիստոսի մասնայատուկ երկու հանգամանքները կը բնութագրուին «Բարի Հովիւ» եւ «Գառն Աստուծոյ» բառերով, որոնք կը բնորոշեն իր հովուութիւնը եւ անօրինակ զոհողութիւնը։ Քրիստոսի հովուական առաքելութիւնը կը ներկայանար «աղքատներուն աւետարանելու, սրտաբեկ հոգիները բժշկելու, գերիներուն ազատում քարոզելու եւ կոյրերուն՝ տեսողութիւն, կեղեքուածները արձակելու, Տիրոջ ընդունելի տարին հռչակելու» երեսակներով (Ղուկաս, 4.18 19)։ Նաեւ որպէս նշան կորսուածը փնտռելու իր առաքելութեան, սեղան կը նստէր ընկերային կեանքի մէջ մեղաւոր ու նոյնիսկ ատելի նկատուած մաքսաւորներու հետ։ Զանոնք կ՚ընկալէր որպէս հիւանդներ, որոնք կը կարօտէին բժիշկի։ Քրիստոս յստակ կերպով ըսաւ. «Ես չեմ եկած կանչելու արդարները, այլ՝ մեղաւորները» (Մարկոս, 2.15-17)։

Յովհաննէս Մկրտիչի արտասանած բառերով Գառն Աստուծոյ՝ Քրիստոս, տիպարն էր գերագոյն նուիրումի, որ «մահուան մատնուեցաւ մեր յանցանքներուն համար եւ յարութիւն առաւ, որպէսզի արդարացնէ մեզ» (Հռովմայեցիս, 4.25)։

Արդար բառը մեզի կը յիշեցնէ Սուրբ Գիրքէն Աբրահամ նահապետը, որ ծանօթ է Աստուծոյ նկատմամբ ունեցած աներեր հաւատքով։ Ան, Աստուծմէ իրեն հասած պատգամները առանց այլեւայլի ընդունեց ու զանոնք կեանքի կոչելու համար ընդառաջեց բոլորին։ Աբրահամ գործեց հաւատքով եւ իր գործերով հաւատքը կատարեալ եղաւ. «Աբրահամ հաւատաց Աստուծոյ, եւ ատիկա արդարութիւն համարուեցաւ անոր, ու ան կոչուեցաւ Աստուծոյ բարեկամ» (Յակոբոս, 2.23)։

Եկեղեցւոյ հաւատոյ հանգանակին գծով կը հաւատանք, թէ Քրիստոս՝ «Աստուածն կատարեալ, մարդ կատարեալ», մէկ բանէ զուրկ էր, այդ էր այն, որ մարդկութիւնը առատապէս կը կրէր. մեղքը։ Կը յուսադրուինք, որ «Եթէ մէկը մեղանչէ՝ Աստուծոյ առջեւ բարեխօս ունինք Յիսուս Քրիստոսը՝ Արդարը եւ Անարատը» (Ա. Յովհաննէս, 2.1)։ Առիթով մը Քրիստոս իրմէ նշան հայցող փարիսեցիներուն եւ դպիրներուն շեշտակի կերպով յիշեցուցած էր Հին կտակարանի կարեւոր դէմքերէն՝ Յովնան Մարգարէի եւ Սողոմոն Իմաստունի հետ առընչուած երկու դէպքեր, ընդգծելով թէ՝ իրենց դիմաց կը գտնուէր Յովնանէն եւ Սողոմոնէն ալ աւելի մեծը։ Նոյն գծով կարելի է նշել, թէ Աբրահամէն ալ աւելի մեծը կայ, որ է՝ Քրիստոս։ Քանի որ Աբրահամ կը ներկայանար որպէս տիպար արդար մարդու, իսկ Քրիստոս՝ արդարացնող իր արդարութեամբ։

Քրիստոս, այն բաժակը զոր Հայրը տուաւ Իրեն, ցմրուր ըմպեց ի քաւութիւն եւ ի թողութիւն մեղաց։ Յանձն առած խաչի մահով, կենդանի օրինակը տուաւ, թէ «աւելի մեծ սէր ոչ ոք կրնայ ունենալ, քան այն որ մէկը իր կեանքը կու տայ իր բարեկամներուն համար» (Յովհաննէս, 15.13)։ Իսկութեան մէջ Կայիափա քահանայապետի երկիւղէ մղուած եւ անգիտակցաբար ունեցած մարգարէութիւնը, թէ «իրենց համար լաւ էր, որ մարդ մը մեռնէր քան ամբողջ ազգը կորսուէր» իրականացաւ։ Յիրաւի մարդացած Աստուծոյ Որդին իր կեանքը որպէս փրկանք տուաւ ոչ միայն հրեայ ժողովուրդին, այլ՝ մեղքով վիրաւորուած համայն մարդկութեան համար։

Սկզբնական մեղքէն վիրաւոր հին մարդը Քրիստոսի հետ խաչուեցաւ, այսինքն խաչակից եղաւ Քրիստոսի (Հռովմայեցիս, 6.6)։ Շարականներու միտք բանին եւս կը ներկայանայ նոյնիմաստ բացատրութեամբ, ըստ որուն մեղանչական բնութեան ապականութիւնը իր վերջակէտին հասաւ խաչին վրայ։ Խաչի վրայ թափուած Արդարի արիւնն էր, որ լուաց մեղքի աղտեղութիւնը։

Մերօրեայ մարդուն համար գուցէ անհասկնալի ըլլալ թուի, թէ ի՞նչ կը նշանակէ վէրքերով վէրքի բուժումը եւ մանաւանդ մահով մահուան կոխկռտուիլը։ Տիեզերքի պատմութեան մէջ եզակի վէրքեր կան, որոնք կարող են վէրք բժշկել։ Այս վէրքերը Քրիստոսի ձեռքերուն ու ոտքերուն վրայ գտնուած քամերուն, նաեւ խաչափայտին պահապան զինուորին նիզակը մխրճելով կողին վրայ յառաջացած վէրքին հետքերը։ Իսկ բուժուածը օձի խայթման վէրքն է։ Ոտից կոխան եղածը մահուան անէծքն է, իսկ կոխկռտուողը խաչի վրայ պատարագուող Քրիստոսն է։

Խաչի խորհուրդին մէջ չարչարանք կայ, տառապանք կայ, ցաւ կայ, ծաղրանք կայ, տնօրինութեան նկատմամբ խաւար տգիտութիւն կայ, լաց կայ։ Յիրաւի այս ցաւառիթ խորհուրդը իր խորքին մէջ ունի ուրախացուցիչ պարագայ մը. Աստուած ի տես այս բոլորին իր անսահման իմաստութեամբ գիտէ, թէ ի՞նչ է կատարուածը եւ մանաւանդ գիտէ, թէ այդ բոլորը վերջ պիտի գտնեն անապական թաղման յաջորդող Սուրբ Յարութեամբ, որովհետեւ բոլոր տնօրինութիւնները հայրակամ են եւ մի առ մի կ՚իրականանան։

Խաչը շատերու համար կեանքի վերջակէտն էր Գալիլիացի Վարդապետին։ Անսկիզբ եւ անվախճան ու անժամանակ Աստուած, ժամանակի սահմաններուն մէջ մտաւ, որպէսզի մեղաւոր մարդկութեան հետ ուղիղ կապ հաստատէ։ Երկրաւոր կեանքի այս մահաբոյր երեսակը եւս ժամանակաւոր էր, ինչպէս ժամանակաւոր էր յետ խաչելութեան գերեզման դրուած շրջանը։ Մահուան գործիքի եւ մահաբոյր գերեզմանի մէջ անցած պահերը երբ դարձան անցեալ ժամանակներ, Քրիստոսի Սուրբ Յարութիւնը եկաւ յայտնուեցաւ իր մշտնջենական կենսաւէտ զօրութեամբ։ Քրիստոսի Սուրբ Յարութեամբ յեղաշրջուեցան խաչի եւ գերեզմանի իմաստները։ Խաչը դարձաւ պարծանքի եւ յաղթանակի նշան, իսկ գերեզմանը զգեցաւ մշտական քարոզութեան առաքելութիւն մը, որով յայտարարեց ու կը շարունակէ յայտարարել այժմ ու պիտի շարունակէ ապագային եւս յաւիտեան մինչեւ ի կատարած աշխարհի, թէ զԱստուած կարելի չէ բանտարկել քարայրներու մէջ։

Յարուցեալ Քրիստոս Անմահ Թագաւորն է, կեանքի աղբիւրը եւ կեանքի պարգեւիչը։

Մերօրեայ պայմաններուն մէջ յարութեան կենսալի շնորհները վայելելու համար կ՚աղօթենք, Սուրբ Յովհան Ոսկեբերանի Զատկական ճառին բառերով. «Ո՞ւր է, մահ, քու խայթոցը: Ո՞ւր է, դժոխք, քու յաղթանակը: Քրիստոս յարութիւն առաւ եւ դուն ոչնչացուեցար։ Քրիստոս յարութիւն առաւ եւ դեւերը պարտուեցան: Քրիստոս յարութիւն առաւ եւ հրեշտակները կ՚ուրախանան: Քրիստոս յարութիւն առաւ եւ կեանքը կը թագաւորէ: Քրիստոս յարութիւն առաւ եւ ննջեցեալները ազատեցան գերեզմաններէն: Որովհետեւ մեռեալներէն յարութիւն առած Քրիստոսը դարձած է առաջնեկը անոնց, որոնք կը ննջեն: Անոր փառք յաւիտեանս յաւիտենից»:

Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի հեղինակած շարականի բառերով կը շարունակենք աղօթել. «Անմահ թագաւոր, ըստ քու լուսաւոր պատուիրաններուդ, մեղքով մեռածս քու կենդանարար յարութեամբդ՝ կենսական բարի գործերով կենդանացուր» (Թարգմանութիւն՝ Եփրեմ Արքեպս. Թապագեան)։

Քրիստոսի Յարութեան հրեշտակաւանդ աւետիսին հետեւելով շարունակենք ըսել. Քրիստոս ողջ է, եւ կեանք կու տայ բոլոր անոնց, որոնք կը հաւատան Սուրբ Յարութեան զօրութեան։

Դարձեալ լսելով շարականի բառերը. «Այսօր արձակուեցանք նախահօր կապանքներէն. եւ վերստին նորոգմամբ յաւիտենական կեանքին ժառանգորդ եղանք. Փա՜ռք Քրիստոսի ամենազօր յարութեան»։ Շարունակենք զիրար ողջունել աւանդական ողջոյնով. Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց. Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի։ Նմա փառք յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն։

ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Շաբաթ, Մարտ 30, 2024