ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՕԾՈՒՄ
Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Աննա եկեղեցւոյ օծման հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Այս սրբատեղին թէ՛ նոր է եւ թէ միեւնոյն ժամանակ վերանորոգեալ։ Արդարեւ, Երեւանի սրտին վրայ՝ Սայաթ Նովա պողոտայի եւ Աբովեան փողոցի խաչմերուկին գտնուող մայրաքաղաքի պատմականօրէն հնագոյն Ս. Աննա եկեղեցին է այս մէկը, որուն հին բաժինը վերանորոգուած է։ Մատուռի մը բնորոշ չափերով այդ պատմական եկեղեցւոյ յարակից կառուցուած է նաեւ նոր եկեղեցի մը եւ երկուքը իրարու հետ ամբողջանալով արդէն երկինք խոյացած են որպէս մայրաքաղաքի կարեւոր սրբավայրերէն մին։ Այս եկեղեցւոյ յարած տարածքին վրայ կառուցուած է նաեւ վարչական համալիր մը, որ նախատեսուած է որպէս Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Երեւանի մասնաշէնքը։
Երէկ, այս նոր եկեղեցւոյ բացման հանդիսաւոր արարողութեան նախագահեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Տնտեսական բաժնի վարիչ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապաեան, որ շրջապատուած էր բարձրաստիճան հոգեւորականներու կողմէ։ Այս առթիւ հաւատացեալները հոգեւոր ուրախութեամբ հետեւեցան ինչպէս եկեղեցւոյ, այնպէս ալ անոր գմբէթի խաչերու օծման աւանդական արարողութեան։
Նորին Սրբազնութիւնը այս առթիւ իր օրհնութիւնները փոխանցեց յայտնի բարերար Հրայր Յովնանեանին, որու նուիրատուութեամբ կառուցուած է եկեղեցին եւ յարակից համալիրը։
Եկեղեցական
- 11/27/2024