ԼԻԷԺԻ ՄԷՋ ՋԵՐՄ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակութեան ենթակայ Լիէժի ծուխը վերջերս ունեցաւ Ուղղափառ Եկեղեցիէն բարձրաստիճան հիւր մը։ Այսպէս, հոգեւոր հովիւ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան ընդունեց Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պելժիոյ Աթենակորաս Մետրապոլիտը։ Ջերմ զրոյցի ընթացքին կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան Արեւմտեան Եւրոպայէ ներս Ուղղափառ եւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու գործունէութեան ու կեանքին շուրջ։ Արծարծուեցան հովուական գործունէութեան վերաբերեալ նիւթեր։

Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան Աթենակորաս Մետրապոլիտին փոխանցեց Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի ողջոյնները։  

Երեքշաբթի, Մայիս 30, 2023