ԿԻԼԻԿԵԱՆ ԱԹՈՌԻ ԳԱՀԱԿԱԼՆ ՈՒ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ՀԵՌԱՁԱՅՆԻ ՎՐԱՅ ԽՕՍԵՑԱՆ «ԿՈՎԵՐՈՒ ՊԱՐՏԷԶ»Ի ՏԱԳՆԱՊԻՆ ՇՈՒՐՋ

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան դիմագրաւած առկայ հարցերը բոլոր հարթութիւններու վրայ ուշադրութեան առարկայ կը դառնան Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս։ Նուիրապետական աթոռներու գահակալներն ալ զգայնութեամբ կը հետեւին իրադարձութիւններուն, որոնք ունին նուրբ նշանակութիւն։ Այս կապակցութեամբ երէկ հեռախօսազրոյց մը տեղի ունեցաւ Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին եւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանի միջեւ։ Նորին Սրբութիւնը Նորին Ամենապատուութեան հետ խօսեցաւ Զուիցերիայէն, ուր կը գտնուի այս օրերուն։ Անթիլիասի աղբիւրներու հաղորդումներով, հեռաձայնի վրայ խորհրդակցութեան առանցքը հանդիսացաւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան ազգապատկան «Կովերու պարտէզ» կալուածին շուրջ՝ արդէն տագնապալի համեմատութիւններու հասած խնդիրը։ Արամ Ա. Կաթողիկոս Ս. Աթոռի գահակալի նկատառման յանձնեց, որ այս խնդրին կապակցութեամբ մտահոգութիւն յառաջացած է թէ՛ հայ ժողովուրդին եւ թէ տարածաշրջանին հետ առընչակից երկիրներուն մօտ։ Նորին Ամենապատուութիւնը վստահեցուց, թէ «Կովերու պարտէզ»ին շուրջ ստորագրուած համաձայնագիրը յետս կոչելու ուղղութեամբ Ս. Աթոռը արդէն իսկ սկսած է գործնական քայլերու դիմել։

Հարկ է յիշեցնել, որ «Կովերու պարտէզ»ի տագնապին բերումով Յորդանանի եւ Պաղեստինի իշխանութիւնները դադրած են Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանի պատրիարքական հանգամանքը ճանչնալէ։ Տագնապի առաջին իսկ պահուն Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետն ալ հեռախօսազրոյց մը ունեցած էր Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքին հետ։   

Երեքշաբթի, Մայիս 30, 2023