ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆԸ ՇԱՐԺՄԱՆ ԱՆՑԱԾ Է ԱՐՑԱԽԷՆ ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾՆԵՐՈՒ ԿԱՐԻՔՆԵՐՈՒ ԴԻՄԱԳՐԱՒՄԱՆ ՀԱՄԱՐ
Մինչ Արցախի տարհանեալ հայութիւնը աննկարագրելի ողբերգութեան մը ենթարկուած է, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնն ալ այս շրջանին շարժման անցուցած է իր բոլոր լծակները՝ գաղթական հայորդիներու կարիքներու հոգածութեան նպատակով։ Այսպէս, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Ընկերային ծառայութեան գրասենեակը եւ Հայաստանի ներքին թեմերը լծուած են Արցախէն տեղահանուած հայոց կարիքներու դիմագրաւման աշխատանքներուն։ Երէկ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգը այս կապակցութեամբ հանդէս եկաւ ամփոփ յայտարարութիւնով մը, որուն մէջ նշուած է հետեւեալը։
*
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ եւ օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Ընկերային ծառայութեան գրասենեակը եւ Հայաստանի թեմերը այս օրերուն լծուած են Արցախէն բռնի տեղահանուած մեր հայրենակիցներու հոգեւոր, մարդասիրական եւ ընկերային կարիքներու հոգածութեան աշխատանքներուն։
Նորին Սրբութեան յատուկ ուշադրութեան կեդրոնին է Արցախէն բռնագաղթած մեր զաւակները կեցավայրերով ապահովելու խնդիրը։ Այս պահուն Մայր Աթոռի մէջ, ինչպէս նաեւ Արարատեան հայրապետական, Վայոց Ձորի, Շիրակի, Գուգարաց, Գեղարքունեաց, Արմաւիրի, Սիւնեաց, Մասիացոտնի, Արագածոտնի, Կոտայքի եւ Տաւուշի թեմերէն ներս կ՚իրականացուին տեղահանուած արցախցիները կացարաններով ապահովելու աշխատանքները։ Ներկայիս արդէն իսկ Մայր Աթոռի մէջ եւ թեմապատկան կացարաններէ ներս բնակութիւն հաստատած են մեծաթիւ արցախցիներ։
Վեհափառ Հայրապետին տնօրինութեամբ, հոգեւորականները կ՚իրականացնեն այցելութիւններ իրենց համայնքներէն ներս հաստատուած ընտանիքներուն։ Հոգեւոր խնամքին եւ կարիքի գնահատման զուգահեռ՝ Հայաստանի բոլոր թեմերուն մէջ կը ցուցաբերուի ընկերային աջակցութիւն՝ սնունդով, հագուստով եւ առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներով ապահովելով տեղւոյն վրայ հաստատուած արցախահայութիւնը։ Մասիացոտնի թեմը արդէն համակարգուած կերպով ամէն օր սնունդ կ՚ապահովէ շուրջ 400 անձի։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան հովանաւորութեան ներքեւ գործող Երեւանի եւ Վաղարշապատի բարեգործական ճաշարանները նոյնպէս պատրաստ են սնունդ ապահովելու արցախահայերուն։
Նորին Սրբութեան օրհնութեամբ՝ «Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնը եւս այս ծանր ժամանակներուն պատրաստակամութիւն դրսեւորած է անհրաժեշտ բժշկական օգնութիւնը տրամադրել՝ Արցախէն բռնի տեղահանուած մեր հայրենակիցներուն։
Արցախահայերու հոսքը տարբեր բնակավայրեր դեռ կը շարունակուի։ Կարիքի ամբողջական գնահատումը աւարտելէ յետոյ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Ընկերային ծառայութեան գրասենեակը հանդէս պիտի գայ ձեռնարկուած ծրագիրներուն վերաբերեալ նոր տեղեկութիւններով։
Եկեղեցական
- 01/16/2025
- 01/16/2025