ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ նորընտիր Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-պատրիարքը այս օրերուն կ՚այցելէ Հայաստան։ Անցեալ շաբաթավերջի գահակալութեան պաշտօնական արարողութենէն վերջ ան Պէյրութի մէջ ընդունուած էր Լիբանանի նախագահ Միշէլ Աունի կողմէ։ Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-պատրիարքը երէկ ալ Երեւանի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ պետական աւագանիէն յառաջատար դէմքերու հետ։ Այսպէս, ան ընդունուեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի կողմէ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 30, 2021