ԱՀԱ՛ ՀԱՍԵԱԼ Է ԺԱՄ… ՆՈՐ ՏԱՐԻ

«Ամէն բանի ատենը կայ,
Ու երկնքի տակ եղող ամէն գործի՝ ժամանակը»

(Ժողովող 3.1)։

Դեկտեմբեր ամսուան սկիզբով արդէն իսկ Արեւելքէն սկսեալ աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ սկսած է Քրիսմըսի շրջանը, որ առիթ կ՚ընծայէ հսկայ տօնածառերու զարդարման եւ լուսաւորման։ Մարդիկ լուսաճաճանչ փողոցներու մէջ կը տեսնեն, թէ տարբեր ու վերանորոգ եռուզեռ մը կը տիրապետէ առհասարակ։ Խաւարապատ աշխարհի մէջ կարծէք մութը պահ մը կը դադրի եւ մարդկային կեանքի մէջ կը ծիածանի թարմ շունչ մը։ Յատկապէս արեւմտեան շրջանակներու մէջ՝ որպէս բարեմաղթանք կ՚երգուին. «Ձեզ կը մաղթենք շնորհաւոր Ամանոր» երգերը։ Եւ որքա՜ն ալ տխուր օրեր ապրած ըլլան ընտանիքներ, կարծէք այս շրջանին ինքնամփոփման ներուժ մը կը գտնեն իրենց մէջ։ Տնանկ մանուկի մի Կաղանդ պապուկէն խաղալիք խնդրելու նրբութիւնն է Նոր տարին։

«Ինչպէս ամէն մարդ, մենք եւս բազում առիթներով մեր մտածումներու առարկան ենք դարձուցած կեանքի խորհուրդը, փառք տալով Արարիչ Աստուծոյն տրուած նուէրին համար, նորոգել փորձելով մեր կեանքի ընթացքը, որպէսզի զայն լեցնենք հոգեւոր արժէքներով»։

Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի խոկումներուն մէջէն փորձեցինք տեսնել նորոգուելու անհրաժեշտութիւնը։ Արդարեւ, շատ կը սիրենք նոր սկիզբները եւ կամ երկրորդ առիթներու տիրանալը՝ յատկապէս եթէ ունեցած ենք ձախորդութիւններ։

Անցեալ տարին աշխատանքային իմաստով դժուար օրեր ունեցանք։ Շատեր նոյնիսկ կորսնցուցին իրենց գործերը աշխարհասասան տնտեսական տագնապի պատճառաւ։ Ոմանք հարկադրուեցան իրենց ընտանիքը տեղափոխել թաղէ թաղ եւ կամ աւելին՝ քաղաքէ քաղաք։ Իսկ ի՞նչ է դժուարութիւնները յաղթահարելու լաւագոյն ճանապարհը, եթէ ոչ կեդրոնանալ մեր ներուժին վրայ՝ ապաւինելով Աստուծոյ նախախնամութեան։ Մարդկային կեանքի մեծագոյն տկարութիւնը կրնայ համարուիլ՝ կորսուածին մասին մտածելը եւ անընդհատ յուսալքուիլը։ Սակայն, նոր տարին կը բանայ ապագայի դուռը, որուն շեմին պէտք է հարցնել հետեւեալը. «Արդեօք ի՞նչ նոր ձեռքբերումներ կրնամ ունենալ»։ Եկէ՛ք կեդրոնանանք այս մէկուն վրայ, որպէսզի սորվինք ապագայի մասին մտածել՝ յոյսի զօրութիւնը օգտագործելով եւ Աստուծոյ նախախնամութեան մեր ձեռքերը բանալով։ Եւ չարտօնենք, որ անցեալի տկարութիւններն ու ձախորդութիւնները մեզ առաջնորդեն դէպի առանձնութիւն։

Արդեօք հարց ունի՞նք ընկերային կեանքի մէջ։ Եւ կամ ապրա՞ծ ենք մարդու կորստեան դառն ապրումները։ Անհանգի՞ստ ենք մեր զաւակաց ունեցած վերիվայրումներէն եւ որպէս հետեւանք՝ իրենց ունեցած յուզումներէն։ Ահա, ձախորդութեան այս պահուն կը հասնի նոր հայեացքը, որով կը փորձենք քննել ընդհանուր պատկերը մարդկութեան եւ գտնել անձնական եւ ընտանեկան ջերմութիւնը։ Ապա թէ ոչ, ի՞նչ նշանակութիւն կ՚ունենայ նորութենէ եւ թարմութենէ հեռու նոր տարին։ Նոր տարին է, որ պիտի բերէ թարմ աչք, որով տարբեր երեսակով պիտի ջանանք դիտել ապագան եւ պիտի հաւատանք, թէ Աստուածային զօրութեամբ կարելի են անցեալի ձախորդութեանց վերացումը եւ կամ անցեալի փառքի օրերու վերահաստատումը։

Յուզուած ենք եւ կոտրուած 2023-ի գրեթէ բոլոր օրերուն։ Երկրաշարժի աղէտը, պատերազմներու ձայները, համաշխարհային թատերաբեմի վրայ ողբերգական պէս-պէս տեսարանները եւ որպէս հետեւանք՝ լալագին մանկանց եւ իրենց ընտանեաց եղեռնապատումը։ Կոտրուած սիրտ եւ քայքայուած կեանքեր… Սակայն, ընկճուածութեան զգացումը նորոգութեան առաջին քայլը կը համարուի, ընդհանրապէս։ Այնպէս որ, յուզուելու կարող սիրտը ունի նաեւ իր դրական երեսակը։ Լաւ է յուզուիլը ի տես վատութեան եւ կամ տկարութեան. բան մը, որ ցոյց կու տայ, թէ կապուածութիւն եւ սիրոյ զգացումը ունինք մեր մէջ՝ յատկապէս հանդէպ հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու։ Սակայն, վատ է ընդմիշտ թաթախուիլ վատութեան ճահիճին մէջ. բան մը, որ կը մաշեցնէ մեր հոգին։ Չենք գիտեր, որ ի՞նչ պիտի գտնենք այս Ամանորի ոսկեայ սնտուկին մէջ, սակայն կը յուսանք, թէ Տէրը շնորհէ յուսոյ զօրութիւն, հաւատքի ամրութիւն եւ մարդասիրութեան երանութիւն։

Թէեւ սովորական դարձած է Ամանորի առթիւ նոր էջ մը բանալ եւ հետեւիլ օրացոյցի էջերուն, սակայն, պահ մը մտածենք, թէ որքան գեղեցիկ է նոր էջ բանալու հնարաւորութիւնը։ Գեղահնչիւն այս առիթն է, որ նոյնիսկ անտունի անձանց համար պահ մը մտածել կու տայ յոյսի մասին։ Նորէն յուսալը լաւ է, նաեւ նորով նորոգուիլը։ Ամէն տարի նորոգուելու պատրաստ անձանց համար քիչ մը սովորականացած կրնայ թուիլ այս գաղափարը։ Եւ կամ յուսադիր անձանց յուսախաբութիւնները կրնան պարիսպ դառնալ դրական մտածելու առջեւ։ Սակայն, քանի ճանապարհը կ՚ընթանայ, նորութեան մէջ քօղարկուած յոյսի դուռը միշտ բաց է։ Ուստի, յիշենք Քրիստոսի այն խորհուրդը, զոր փոխանցեց պարզապէս հոգսերը թեթեւցնելու համար. «Ուստի վաղուան համար հոգ մի ընէք, վասն զի վաղուան օրը իրեն համար հոգ պիտի ընէ. հերիք է օրուան իր նեղութիւնը» (Մատթէոս 6:34)։ Մտածենք այս ուղղութեամբ եւ մեր անձնական ու հաւաքական կեանքէն ներս փորձենք գտնել այս պատուիրանին ճշմարտութիւնը։

2024-ի Ամանորը Աստուծոյ նուէրն է մեզի։ Այս նոր տարին ալ պիտի մաշի, հիննայ յունուարի 1-ի առաջին ժամերէն սկսեալ։ Սակայն, երբ տարին կ՚օգագործենք, ամէն պահ փորձենք անցեալի քաոսային դէպքերու ազդեցութենէն հեռանալ ու նորանոր նուաճումներու հասնիլ մեր անձնական ու հաւաքական կեանքի պանծացման համար։ Յիշենք, թէ ամէն առաւօտ եթէ արթննանք, առաւօտեան թարմ լոյսով պիտի ողջունենք զիրար՝ յիշելով գիշերուայ մթութեան անցքը եւ լոյսի յաղթանակը։ Թող Աստուած շնորհէ մեզի նոր տարի, սակայն ո՛չ միայն նոր թուանշան տարուայ, այլ՝ իսկապէս նոր տարի։ Նոր տեսլականով օժտուած եւ նորոգուած միտքով անձերու վերածուինք՝ վայելելով աւանդութեանց հզօրութիւնը եւ գեղեցկութիւնը։ Թող Տէրը դառնայ բալասան այն անձանց ու ընտանեաց, որոնք ճշմարտապէս կարիքն ունին Իր գթառատ ողորմութեան։

Ամէն բանի ատենը կայ եւ մաղթենք, որ 2024-ի օրերուն մէջ զգանք գեղեցիկին ներկայութիւնը եւ ըսենք. «Ամէն բանին ատենը կայ, ահա՛ հասած է բարիին ու գեղեցիկին ժամանակը»։

Թող Աստուած մեզի կարողութիւն շնորհէ, որպէսզի ընտանեկան, համայնքային ու եկեղեցական մեր առաքելութեանց մէջ զօրանանք ու վերածուինք նոր հնարաւորութիւններու ծնունդ տալու կարող անձեր։ Աղօթախառն տողերու աւարտին՝ որպէս հուսկ բանք, եկէ՛ք միասնաբար երգենք Գուսան Աշոտի աղերսական խօսքերը. «Այս նոր տարին բարի լինի, Աղուհացով տարի լինի, Չարը չքվի, բարին տիրի: Խաղաղ կեանքն աշխարին լինի»:

Շնորհաւոր Նոր տարի։

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 30, 2023