ՅՈՒՍԱԼ ԱՌ ԱՍՏՈՒԱԾ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կատարուած Հանրապետական մաղթանքի ընթացքին համայն հայութեան փոխանցեց իր պատգամը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։

Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. ամէն։

«Աստուծմէ է զօրութիւնն ու փառքն իմ,
Աստուած է օգնականն իմ
եւ Աստուծոյ վրայ է յոյսն իմ»։
(Սաղմ. 61։8)

Սիրելի բարեպաշտ ժողովուրդ,

Այսօր՝ մեր հաւատքի հայր Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի չարչարանքներու եւ Խոր Վիրապ մուտքի յիշատակութեան օրն է։ Այս առթիւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի սրբազան եւ սրբարար մասունքներէն սփռուող օրհնութեան ներքեւ աղօթք վերառաքեցինք առ Ամենակալն Աստուած՝ խնդրելով Տիրոջ ողորմութիւններն ու օրհնութիւնները աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդին եւ համայն աշխարհին։

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի վարքն ու չարչարանքները կը վկայեն իր զօրեղ հաւատքի եւ առ Տէրն աներկբայ յոյսի մասին։ Բազում տառապանքներու ու նեղութիւններու մէջ ան ամուր պահեց Աստուծոյ ապաւինելու իր կամքը՝ աղօթելով Սաղմոսերգուի բառերով. «Աստուծմէ է զօրութիւնն ու փառքն իմ, Աստուած է օգնականն իմ, եւ Աստուծոյ վրայ է յոյսն իմ» (Սաղմ. 61։8)։

Արդարեւ, սիրելիներ, Լուսաւորիչ Հայրապետի սխրանքի ուղին Քրիստոսասէր ազգիս համար դարձած է քաջալերող օրինակ աստուածապաւինութեան, համբերատարութեան ու արիութեան՝ յատկանիշներ, որոնք կենսականօրէն անհրաժեշտ են բոլոր ժամանակներուն, մասնաւորապէս դժուարին այս օրերուն, երբ մեր ժողովուրդը համայն մարդկութեան հետ միասին կը պայքարի համավարակի յաղթահարման համար։ Հայոց երկրորդ Լուսաւորիչ Սուրբ Գրիգորի զօրեղ հաւատքով մեր ժողովուրդը արժանացաւ Յարուցեալ Փրկչի լուսեղէն էջքին հայրենի հողին վրայ։ Ազգովի հաւատացինք Միակ ճշմարիտ Աստուծոյ, Իր Միածին Որդւոյն եւ փրկչական առաքելութեան։ Քրիստոսի յաղթական Յարութեան յոյսին խարսխուած կեանքը ճառագեց հայոց աշխարհին մէջ եւ հաւատքը դարձաւ մեր ժողովուրդի համար կենսապարգեւ զօրութիւն, որով կերտեցինք մեր ոսկեդարը, մեր դպրութեան ու մշակոյթի բարձր արժէքները, դիմակայեցինք պատմութեան արհաւիրքներուն, վերապրեցանք ցեղասպանութիւնը եւ վերահաստատեցինք մեր անկախ պետականութիւնը։

Սիրելի զաւակներ մեր, այսօր երբ մեր եւ աշխարհի կեանքը փոթորկած է համավարակի փորձութեան մէջ, նոյնպէս մեր հաւատքի հայրը իր կեանքի օրինակով կը պատգամէ մեզի յուսալ առ Աստուած, ընդունիլ իր զօրութիւնը եւ հաւատքը դարձնել կեանքի ճանապարհ։ Յիրաւի, ան, որ կը հաւատայ եւ կը վստահի Աստուծոյ, չի վախնար կամ չի տարուբերուիր փորձութեան փոթորկայոյզ ուժգին ալիքներէն, եւ որպէս ժայռի վրայ հաստատուած տուն, զոր հնարաւոր չէ կործանել, կը մնայ ամուր ու հաստատուն, քանզի իր խարիսխը Աստուծոյ յոյսն է, ինչպէս առաքեալը կ՚ըսէ. «Մենք հաստատուն մխիթարութիւն ունենանք. մենք, որ ապաստան գտանք՝ կառչելու յառաջիկայ յոյսէն, որ հաստատուն եւ անշարժ խարիսխ է մեզի համար» (Եբր. 6:18-19)։

Սիրելիներ, աղօթական այս պահուն ի դէմս համայն հայութեան, մեր սրտին մէջ ունենալով նաեւ ապաքինման կարօտ մեր զաւակները, խոնարհեցանք Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի մասունքակիր Աջին առջեւ եւ հայրաբար օրհնեցինք ձեզ, որպէսզի զօրանաք հաւատով ու սիրով, գօտեպնդուիք յոյսով, զինուիք համբերութեամբ եւ փորձութեան այս օրերը դարձնէք հնարաւորութիւն՝ առանձնութեան մէջ խորհելու կեանքի ու հոգեւոր արժէքներու կարեւորութեան, իրարու հանդէպ հոգատարութեան, մեր երկրի ու ժողովուրդի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու յաղթահարման եւ ապագայատեսիլ իրագործումներու մասին։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ մենք բոլորս կոչուած ենք խստագոյնս հետեւելու պետական պատկան մարմիններու ցուցումներուն, առաւելագոյնս սթափութիւն եւ զգօնութիւն դրսեւորելու, որպէսզի պատճառ չդառնանք վարակի տարածման, չվտանգենք մեր, մեր հարազատներու ու հայրենակիցներու առողջութիւնը։

Այժմ կը հրաւիրենք ձեր սրտաբուխ աղօթքով միանալու մեր հայցին առ Աստուած եւ խնդրելու Տիրոջ ամենախնամ հովանին ու պահպանութիւնը՝ համայն աշխարհին եւ մեր զաւակներուն՝ ի Հայաստան յԱրցախ եւ ի սփիւռս։

*

Պահպանիչ եւ յոյս հաւատացեալներու Քրիստոս Աստուած մեր։ Քու բազմաչարչար վկայի եւ մեր հաւատքի հայր Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի աղօթքներով եւ բարեխօսութեամբ խաղաղութեան մէջ պահէ, պահպանէ եւ օրհնէ համայն աշխարհը, մեր երկիրն ու ժողովուրդը, աշխարհականներն ու հոգեւորականները, մեծերն ու փոքրերը, այրերն ու կիները եւ քեզի ապաւինող քու բոլոր զաւակները քու սուրբ եւ պատուական խաչի հովանիի ներքոյ։ Քու անչափ բարերար կամքով նաեւ օրհնէ եւ զօրութիւն պարգեւէ Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր պաշտօնեաներուն՝ նախագահին, վարչապետին, խորհրդարանին, նախարարներուն, հայրենեայց պաշտպան զօրահրամանատարներուն եւ զինուորներուն, իրենց անձնուէր առաքելութիւնը իրականացնող մեր բժիշկներուն ու բոյժ-աշխատողներուն, ոստիկաններուն եւ այս դժուարին հանգամանքներու մէջ իրենց ծառայութիւնը մատուցող բոլոր անձերուն։ Օրհնէ եւ բժշկութիւն պարգեւէ վարակէն ապաքինուողներուն, տոկունութիւն ու արիութիւն շնորհէ մեկուսացուածներուն, մխիթարութիւն պարգեւէ նեղեալներուն ու սգացեալներուն, այլեւ հանգստութիւն ու խաղաղութիւն ի Քրիստոս ննջեցեալներու հոգիներուն։ Փրկէ մեզ եւ ազատէ երեւելի եւ աներեւոյթ թշնամիներէն եւ արժանի դարձուր գոհութեամբ փառաւորելու Քեզ, Հօր եւ Սուրբ Հոգւոյ հետ. այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն։ 

Երեքշաբթի, Մարտ 31, 2020