ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՓՈԽԱՆՈՐԴ Տ. ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔԱՀԱՆԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ՝ ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԵՐԷՑ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի տնօրինութեամբ նոր դերաբաժանում մը կատարուած է պոլսահայ հոգեւորականաց դասու անդամներու պաշտօնավայրերու պարագային։ Պատրիարքարանի դիւանը երէկ պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց այս ուղղութեամբ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կարգադրութեամբ եղած են բազմաթիւ նշանակումներ եւ հոգեւոր հայրերը յառաջիկայ շրջանին այդ հիման վրայ ծառայութիւն պիտի իրականացնեն։ Այս ամբողջին մէջ առանձնապէս ուշագրաւ է, որ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան նշանակուած է Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ երէց։ Ան թէեւ երկար տասնամեակներ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ եւ թաղին հետ նոյնացած է, սակայն այժմ կը փոխուի իր պաշտօնավարութեան վայրը։ Յամենայնդէպս, անցեալի մէջ ալ կարճ շրջան մը Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եղած էր Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը։

Ստորեւ կը ներկայացնենք Գումգաբուի աղբիւրներուն կողմէ հրապարակուած տեղեկութիւնները՝ Նորին Ամենապատուութեան նոր նշանակումներուն կապակցութեամբ։

*

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հօր տնօրինութեամբ հովուական պաշտօններու մէջ կատարուած են փոփոխութիւններ, որոնք հոգեւոր հայրերու եւ պատկան թաղական խորհուրդներուն հաղորդուած են 30 մայիս 2023 թուակիր պաշտօնագրերով։

Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան. Քարոզիչ՝ Ս. Եկեղեցեաց Պէյօղլուի, պահելով Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ երիցութեան պաշտօնը։

Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան. Երէց՝ Գումգաբու Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ եւ այցելու երէց՝ Էյուպի Ս. Եղիա եկեղեցւոյ։

Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան. Այցելու երէց՝ Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ, պահելով Պոյաճըգիւղի Ս. Երից Մանկանց եկեղեցւոյ այցելու երիցութեան պաշտօնը։

Հոգշ. Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան. Երէց՝ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եւ Ալթըմէրմէրի Գլխադիր Ս. Յակոբ եկեղեցեաց եւ Պալըքլըի գերեզմանատան Ս. Սարգիս մատրան։

Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան. Երէց՝ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ եւ պահելով Գարթալի Ս. Նշան եկեղեցւոյ այցելու երիցութեան պաշտօնը։

Արժ. Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չնարեան. Երէց՝ Ս. Եկեղեցեաց Պէյօղլուի եւ պահելով Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ այցելու երիցութեան պաշտօնը։

Արժ. Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեան. Այցելու երէց՝ Ռումելիհիսարի Ս. Սանդուխտ եկեղեցւոյ, պահելով Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ երիցութեան պաշտօնը։

Արժ. Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան. Երէց՝ Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ եւ այցելու երէց՝ Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ։

Արժ. Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիւանեան. Երէց՝ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ։

Արժ. Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեան. Երէց՝ Ենիգաբուի Ս. Թադէոս-Ս. Բարթողոմէոս եկեղեցւոյ։

Արժ. Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան. Երէց՝ Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ։

Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան. Այցելու երէց՝ Գանտիլլիի Ս. Երկոտասան Առաքելոց եկեղեցւոյ, պահելով Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եւ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցեաց երիցութեան պաշտօնները։

Արժ. Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան. Այցելու երէց՝ Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ, պահելով Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ երիցութեան պաշտօնը։

Արժ. Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան. Երէց՝ Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ։

Արժ. Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան. Երէց՝ Պալաթու Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ եւ այցելու երէց՝ Էյուպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ։

Արժ. Տ. Մելքոն Քհնյ. Փընարճեան. Երէց՝ Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ, պահելով Ս. Փրկիչ մատրան երիցութեան պաշտօնը։

Չորեքշաբթի, Մայիս 31, 2023