ՇՈՒԷՏԻ ՄԷՋ ՕԾՈՒՄ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի օրհ­նու­թեամբ, Շուէ­տի Սո­տեր­թե­լի քա­ղա­քին մէջ օ­ծուե­ցաւ Ս. Մա­րիամ Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղե­ցին։ Ա­րա­րո­ղու­թեան հան­դի­սա­պե­տեց Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի լու­սա­րա­րա­պետ Տ. Յով­նան Եպսկ. Յա­կո­բեան։ Այս ե­կե­ղե­ցին ան­ցեալ տա­րուը­նէ ի վեր վե­րա­նո­րո­գու­թեան մէջ կը գտնուէր, տեղ­ւոյն հա­մայն­քի հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու հան­գա­նա­կու­թեամբ եւ բա­րե­րար­նե­րու նուի­րա­տուու­թեամբ։

Ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ գտնուե­ցան Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան, Շուէ­տի խորհր­դա­րա­նի փոխ-նա­խա­գահ Ի­զա­պէլ Տին­կի­զեան, Սթոք­հոլ­մի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պան Ար­տակ Ա­պի­տո­նեան, քոյր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, շուէ­տա­հայ հա­մայն­քէն դէմ­քեր եւ հա­ւա­տա­ցեալ­ներ։ 

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 31, 2015