ԱՄԱՆՈՐԻ ՍԵՄԻՆ

Երբ ողջ մարդկութիւնը կանգնած է օրացուցային անուանումով 31 դեկտեմբերին, եթէ մեր միտքը առտնին նախապատրաստութիւններէ առիթ կը գտնէ մտածելու, կը դիտենք մեր օրացոյցը։ Եթէ նկատի առնուի տողերս գրողին եկեղեցական մը ըլլալու պարագան, պատշաճ կ՚ըլլայ, որ նախ նայինք եկեղեցական օրացոյցին։ Հակառակ ընթերցողին հետաքրքրութեան, մեր օրացոյցին համաձայն 31 դեկտեմբերը ընդհանրապէս պահքի օր մըն է միայն. Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարի պատրաստութեան շրջանի պահքի օրերէն մէկը։ Իսկ այդ 31 դեկտեմբեր թուականին անուանումը տեղեկութիւն կու տայ զայն արտասանող մարդու հոգեբանութեան մասին։ «Տարեվերջ» կամ «ամանոր», «տարւոյն վերջին օրը» կամ «նոր տարիի մը սեմ»։

Որոշ տարիքի հասած կամ հոգեբանօրէն դժուար օրեր ապրողի մը համար տարւոյն վերջին օրն է, իսկ յուսալից մարդուն կամ յատկապէս մանուկին՝ Ամանորը, Նոր տարին եւ այլ նման անուանումներով յորջորջուած օր մը։ Որքա՜ն գեղեցիկ է դիտել մանուկ մը, երբ կ՚արտասանէ Նոր տարի կամ Ամանոր բառը կամ մեծ ոգեւորութեամբ կը սպասէ իր սիրելի Կաղանդ պապուկին։ Ամէն մանուկ այդպէս է կամ այդպէս պէտք է ըլլայ։ Միթէ բոլորիս մաղթանքն ալ այդ չէ՞։ Այն ատեն, ի՞նչ է հասուն տարիքի անհատին աւելի նուազ յուսալից ըլլալուն պատճառը. հաշուեյարդար։

Հայերէն բանաստեղծութիւն սիրող իւրաքանչիւր անհատ ակամայ կը յիշէ Վահան Թէքէեանի անունն ու բանաստեղծութիւնը։

«Հաշուեյարդար. ի՜նչ մնաց. կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց»։

Այս է կարծես միտ բանին տարեվերջի կամ ամանորի։

Ամէն խելացի անհատ պէտք է մտածէ, որ ժամանակ առ ժամանակ հաշուեյարդարի պէտք է ենթարկէ ինքզինք։ Հաշիւ պէտք է տանք մենք զմեզ, քանի օր մը հաշիւ պիտի տանք մեր Արարչին։ Քանի իւրաքանչիւրս տնտեսներն ենք մեր կեանքերուն, Ան մեր կեանքի տնտեսութեան հաշիւը պիտի հարցնէ եւ պիտի ըսէ. «Տուր քու տնտեսութեանդ հաշիւը» (Ղուկ. ԺԶ.2)։

Ընդհանուր առմամբ կեանքի տնտեսութեան մասին հաշիւ տալու գաղափարէն ետք, Ս. Պօղոս առաքեալ կը հարցնէ կենսական այն հարցումը, որ այսօր կարծես ուղղուած է իւրաքանչիւրիս. «Քննեցէ՛ք դուք ձեզ, տեսնելու համար թէ նոյն հաւատքին մէ՞ջ էք» (Բ. Կորն. ԺԳ.5)։

Քննել մեր կեանքը, մեր գործերը եւ մեր հոգեւոր կեանքը։ Հաշուեյարդարը կատարենք մենք մեզ համար եւ միշտ ի մտի ունենանք, որ օր մը հաշիւ պիտի տանք մեր Արարչին։

Կը պատմուի, որ մահամերձը իր վերջին պահերուն մտովի իր կեանքի հաշուեյարդարը կ՚ընէ։ Կամ իւրաքանչիւր հիւանդ, մեծ կամ փոքր գործողութեան ենթարկուելէ առաջ, հիւանդի անկողնին մէջ կամ գործողութեան սենեակի լոյսերը երբ իր վրայ կեդրոնացած են, կամայ կամ ակամայ կեանքի հաշուեյարդարը կ՚ընէ։

Եւ իւրաքանչիւր 31 դեկտեմբեր սքանչելի առիթ է մտածելու համար։ Անցեալ տարուան ընթացքին ի՞նչ ըրի։ Ի՞նչ յաջողութիւններ ունեցայ։ Ի՞նչ յուզումներ մթագնեցին կեանքիս երկնակամարը։ Ի՞նչ տխրութիւններ ունեցայ։ Եւ ի՞նչ ուրախութիւններ։ Մամուլի տարեվերջի թիւերուն անցեալ մէկ տարուան կարեւոր դէպքերու ցանկն ու նկարները հրատարակելը եւս հաշուեյարդար մը չէ՞ միթէ։ Սակայն հաշուեյարդարը երբեմն մարդը կը մղէ յոռետեսութեան։ Ինչո՞ւ։ Ընդհակառակն, մարդ երբ անցեալի տրամադրութիւն խանգարող դէպքերն ու օրերը դիտէ, պէտք է այդ անցեալը որպէս ուսուցանող տարրեր ընդունի եւ այդպէս պատրաստուի ապագային։ Կեանք կոչուածը այս չէ՞ միթէ։ Փառք տալ, որ առիթն ունեցանք անցեալը դիտելու եւ դասեր քաղելու անկէ ու այդպէս առնելու մեր յառաջիկայ քայլերը։ Եւ այս բոլորը կատարել յուսով ու սիրով։

Թէքէեանի բանաստեղծութիւնը կը շարունակուի հետեւեալ տողով. «Ինչ որ տուի ուրիշին. տարօրինա՜կ, ա՛յն մնաց»։

Քրիստոնեային համար ալ կարեւորը այս չէ՞։ Նոյնը կը պատուիրէ Աստուածաշունչը. «Երանելի է տալը, քան առնելը» (Գործ. Առ. Ի.35)։

Եկէք սիրելի բարեկամներ,

Ձմրան այս ցուրտ գիշերին, պահ մը դուրս գալով առօրեային ճնշումներէն, ամփոփուելով մտածենք անցեալ երեք հարիւր վաթսուն եւ հինգ օրերու մասին։ Ի՞նչ ըրինք եւ ի՞նչ չըրինք։ Ինչե՞ր տուինք կամ ի՞նչ պէտք է տայինք ու չտուինք։ Այս բաները մտածելով ծրագրենք յառաջիկայ նոր տարին ու պատրաստուինք մանկացեալ Յիսուսի ծննդեան մեծ տաղաւարին։

ՅՈՎԱԿԻՄ ԱԲՂ. ՍԵՐՈՎԲԵԱՆ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2021