Ո՜Վ ՏէՐ, ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ՍԿԻԶԲՈՎ ԱՐՓԱՇՈՂ ՕՐԵՐ ՊԱՐԳԵՒԷ

«Մարդասէր Աստուած զառաջիկայ գիշերս, որ ի վերայ մեր գալոց է,
ի մեղաց փրկեա, ի չարեաց ազատեա, եւ ի գործս բարիս առաջնորդեա»

Մեծ է Ամանորի նշանակութիւնն ու արժէքը եւ 2023-ի նախասեմին համայն մարդկութիւնը կրկին անգամ կը համախմբուի այս արժէքաւոր առիթին շուրջ՝ նկատի ունենանով, որ Նոր տարին դրական եւ ժխտական երեսակներով պատրաստ է նորը մատուցանելու համայն աշխարհին։ Ինչպէս ամէն տարի, Ամանորը նոր էջ մը կը բանայ մարդկութեան պատմութեան մէջ, երբ առիթը կը հանդիսանայ ըսելու «շնորհաւոր Նոր Տարի» եւ մարդկային մտածողութիւնն ու ընկերային յարաբերութիւնները նոր յոյսերու վրայ հիմնաւորուած կ՚աղերսեն Աստուածային շնորհներով լի նոր տարի մը։

Արդեօք ինչո՞ւ իր ուղին կորսնցնելու այսքան պատրաստ մարդկութիւնը մեծ բերկրանքով կ՚ողջունէ Նոր տարին։ Որքա՜ն անհասկնալի է Ամանորի խորհուրդին մէջ թագնուած խորհրդաւորութիւնը, որուն մասին կ՚արժէ մտածել, քանի որ բոլորս նոյն ձեւով «Նոր տարի»էն կ՚ակնկալենք նորութիւններ եւ դրական զարգացումներ։ Ապագայի խաւարային նախագուշակումները տեւաբար լսող մարդկութիւնը ահա այս առիթով է որ խորհրդաւոր ձեւով պահ մը կը թօթափէ բոլոր ժխտական մտածումները եւ կը կեդրոնանայ դրականին, լուսաւոր նորին, օրհնեալ նորին այլեւայլ՝ Աստուածապարգեւ պայծառ նորին վրայ։ Հանգստեան ժամերգութեան աւարտին արտասանուած աղօթքի տողերը ահա, դէպի ապագայ մեր ուղիին կը ներշնչեն բոլորս եւ միասնաբար կը կրկնենք հաւատախառն մեր աղերսանքը մատուցանելով առ Աստուած. «Ի մեղաց փրկեա, ի չարեաց ազատեա եւ ի գործս բարի առաջնորդեա»։

Ամանորեան պատգամները այսօր եւս չեն կորսնցուցած իրենց խոր նշանակութիւնն ու արժէքը աշխարհի եւ առ հասարակ մարդկութեան համար։ Նոյնիսկ ամանորեան նման առիթները առաւել եւս իմաստալից կը դառնան՝ նկատի ունենալով, թէ բազմաշատ անձեր կը կեդրոնանան իրերանման իղձերու վրայ։ Նոր տարուայ նախասեմին կանգ առնելով կը մտածենք թէ՛ մեր գեղեցիկ եւ ուրախ պահերուն եւ թէ՛ յուզում եւ խռովք պատճառող անցուդարձերուն մասին։ Գեղեցիկին համար փառք տալու, իսկ խռովարարէն հեռանալու համար Տիրոջ մօտենալու լաւագոյն առիթն է սա։ Որովհետեւ յուսալքիչ իրադարձութիւններով խաւարած աշխարհին մէջ միշտ պէտք է լոյս ներշնչող յոյս մը, որուն փարած մարդկութիւնը Աստուածային շնորհաց աննկարագրելի գանձարանէն կը խնդրեն բարին եւ գեղեցիկը։ Մեղսասէր աշխարհին մէջ դժուար է լոյսին մօտենալ եւ «Լոյսէ Լոյս»ի Աստուածային ձեռքերուն յանձնել մեր ապագան, սակայն չկայ աւելի մեծ ու ամուր ամրոց մը, որ պատմութեան ընթացքին քանի քանի անգամներ իր հրաշագործ ձեռքը երկարած ըլլայ հաւատացելոց եւ զանոնք առաջնորդած՝ դէպի անսպասելի բարիին. «Վասն զի իմ Վէմս ու բերդս դուն ես եւ քու անուանդ համար ինծի առաջնորդէ ու զիս կառավարէ» (Սղմ. 31.3)։

Բնաւ մտածա՞ծ ենք արդեօք, թէ մարդկային իրականութեան մէջ ամենէն էական բանը տօնակատարութիւնն է եւ Ամանորը այս ամբողջին մէջ հետաքրքրական ձեւով միշտ յիշարժան տեղ մը ունեցած է։ Անվիճելի իրականութիւն է, թէ ներկայիս պատերազմներու պատճառաւ լացի ովկիանոսի մէջ ընկղմած անձինք շատ են՝ սկսեալ անմեղ պատանիներէ։ Թիւը առաւել եւս կը բարձրանայ սովի, նիւթական պատուհասներու եւ հիւանդութիւններու պատճառաւ կեանքը թառամած անձերու։ Սակայն, այս բոլորին մէջ չկա՞ն արդեօք նաեւ յոյս ներշնչող իրադարձութիւններ եւ կամ ակնկալիքներ։ Անտունի մանուկի մը, փոքրիկ ճիւղ մը օգտագործելով ստեղծած Կաղանդի ծառն ու անմեղ ժպիտը կը ներկայանայ այս օրինակելի տենչանքին ընդմէջէն։ Հետեւաբար, միակ բանը, որ մենք կը կատարենք ամէն ինչէ աւելի, ահա տօնելու փափաքն է եւ ըստ Քրիստոնէական հաւատքին, այս տօնակատարութիւնը նախ կը սկսի «գոհութեամբ» եւ ապա կը շարունակուի «ուրախանալու» փափաքով։

Կա՞յ անձ մը, որ տօնէ ժխտականը եւ միտի իր անձին ու յատկապէս սիրելիներուն համար։ Ամանորն ալ այդպիսին է։ Անոր շուրջ համախմբուածներ կը տօնեն անցեալ տարին եւ կ՚ողջունեն Նոր տարին։ Հետեւաբար, Ամանորը այն տօնն է, որով մենք կը նշենք կեանքը, պատմութեան խառնուած հին էջերը եւ մեզ բոլորիս սպասող կեանքի նոր էջերը։ Ամանորը այն տօնն է, որով մենք կը նշենք ճշմարտութիւնը, գեղեցկութիւնը եւ բարութիւնը փնտռելու մեր կամքը։ Բայց, պատմութեան այս պահուն թէ՛ կեանքը եւ թէ՛ հաւատքը ենթարկուած են փորձութեանց եւ այս մէկը պատճառ կը դառնայ, որ մեր կեանքն ու հաւատքը նուաճման փոխարէն առաջնորդուի դէպի նուաստացում։ Սա ուղղակիօրէն չարին յարձակումն է հաւատացելոց եւ մարդկային անձի էութեան վրայ։ Ահա այս տրամադրութեամբ է, որ կ՚աղօթենք «փրկէ մեզ ո՜վ Տէր չարէն եւ մեղապարտութենէ» ու առաջնորդէ մեզ դէպի երջանկութիւն։ Հեռացուր մեզմէ ախտը յուսալքութեան եւ օժտէ մեզ յուսադրելու օրհնեալ հաւատքով։

Ամանորեան լուսաշող տրամատադրութեան ներքեւ Աստուած լուսաւորէ մարդկանց սիրտերն ու հոգիները եւ խաղաղութեան հոգին իբրեւ ցող իջնէ հաւատացելոց սրտերուն մէջ։ Մարդկանց մօտ միշտ անմար մնան մեր անձերու, ընտանիքներու, ժողովուրդին եւ, ինչու չէ, համայն մարդկութեան համար Երկնաւոր Հօրմէ բարին ու գեղեցիկը ակնկալելու մերձեցումը։ «Զառաջիկայ գիշերը», որ կը խորհրդանշէ նաեւ անորոշութիւններով լի մեր Նոր տարին, թող առատանայ աստուածճանաչողութեան առիթներով, որոնց շնորհիւ արժանանանք Տիրոջ առաջնորդութեան եւ անսահման հոգածութեան։

Ողջո՜յն 2023 եւ շնորհաւոր Նոր տարի։

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

(Նիւ Եորք)

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2022