ՏԱՐԵՄՈՒՏԻ ՊԱՏԳԱՄ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այսօր կէս գիշերին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն Ամանորի առթիւ իր պատգամը կ՚ուղղէ համայն աշխարհի հայութեան։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս հայաշխարհը ուշադրութեամբ կը սպասէ Վեհափառ Հայրապետի պատգամին՝ մանաւանդ, որ Հայաստանն ու Արցախը կը դիմագրաւեն ծանրածանր մարտահրաւէրներ։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ աշխարհասփիւռ զաւակներուն տեսակէտէ հոգեւոր-բարոյական առումով բացառիկ նշանակութիւն ունի ամէն տարեմուտին իրենց ընդհանրական հայրապետի պատգամին հաղորդ դառնալը։

Մինչ Վեհափառ Հայրապետին Ամանորի պատգամը կը սփռուի լրատուամիջոցներով, այսօր կէս գիշերին Մայրավանքէն ներս տեղի կ՚ունենան աւանդական արարողութիւններ։ Սուրբ Տրդատի բաց խորանին վրայ Վեհափառ Հայրապետը կը նախագահէ Նռնօրհնէքի արարողութեան եւ Տարեմուտի մաղթանքի։

Վաղը առաւօտ ալ, Ս. Գայիանէ վանքի պատմական կամարներուն ներքեւ կը մատուցուի 2023 թուականի առաջին Ս. Պատարագը, որու աւարտին տեղի կ՚ունենայ Հայրապետական մաղթանք։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2022