ԱՐԱԲԿԻՐԻ ՄԷՋ ՎԵՐՅԻՇՈՒՄ

Տարիներ առաջ, երբ որպէս նորաօծ հոգեւորական պատեհ առիթը ունեցած էի գտնուելու Արաբկիր քաղաքին մէջ ու աղօթելու տեղւոյն բարեկարգեալ հայոց գերեզմանատան մօտ, հետաքրքրական յիշատակներով ու ապրումներով վերադարձած էի Պոլիս։ Տէր հօրս հետ հասած էինք Մալաթիա եւ Խարբերդ, շրջանի ժողովուրդին Ս. Յարութեան աւետիսը փոխանցելու եւ այս առիթով մեր ճամբան կը հանդիպէր նաեւ Արաբկիրի շրջանը։

Քաղաք մը, որուն կառուցուածքը հետաքրքրական է եւ քաղաք մը իր շուրջի բլուրներով ու լեռներով շրջապատուած կ՚երգէ. «Ձեր գագաթներից ամպերն են սահել, Ինչպէս Ձորն իջնող հոտը գառների»։ Գարնան շրջան ըլլալուն արդէն իսկ շրջակայքի մէջ զգալի էր արթնութիւնը բնութեան եւ կանաչապատ ծիլերուն մէջէն կը խօսէր Յաւիտենականը ուղեւորներուս։ Քաղաքի մէջ կային երկու հայ եղբայրներ, որոնցմէ մին նմանողութեամբ Նաթանայէլի, որուն մէջ չկար նենգութիւն, իր այնքան մանկասիրտ ջանասիրութեամբ ընկերակցած էր մեզի, որպէսզի տեսնէինք Արաբկիրի շրջակայքը։

Իրեն հետ ուղղուած էինք երբեմնի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ համալիրը, որ կը գտնուէր քաղաքի բարձրադիր շրջանին մէջ։ Քանիցս նկարներու մէջ տեսած էինք այս համալիրը, սակայն յատկանշական էր մեր ներկայութիւնը, քանի որ խորխորատի եզրէն կարող էինք դիտել շրջակայքը։ Դժբախտաբար ժամանակի բերումով չկար եկեղեցին, սակայն համալիրը տակաւին կը խօսէր իր հիմքերուն մէջ շաղախուած Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեամբ։ Այս համալիրը յատկանշական էր, քանի երբեմնի Արաբկիրի թեմի առաջնորդներու նստավայրը եղած էր, որոնց մէջ յատկապէս յիշատակուած առաջնորդ Մուղեղ Վրդ. Սերովբեանի  եւ Գարեգին Վրդ. Խաչատուրեանի անունները, որոնք յիշարժան հետքեր թողած էին շրջանէն ներս։ Արաբկիրի երբեմնի եկեղեցական կեանքի մասին առաջին անգամ այդ առիթով էր աւելի խորախորհուրդ մտածած էինք սուրբ վայրէ մը ներս, թաթախուելով աղօթքի տողերուն մէջ։ Այցելութեան աւարտին հոգեւոր ուրախութեամբ արդէն իսկ հեռացած էինք քաղաքէն, շարունակելու համար մեր ծառայութիւնը։

Քաղաքի եկեղեցական կեանքին նշանաբանն էր Ս. Աստուածածին եկեղեցին, որ այսօր արդէն իսկ կը գտնուէր պատմութեան էջերուն մէջ, սակայն, քաղաքը նաեւ նախախնամութեան առաջնորդութեամբ ստացած էր հանգամանք մը, որուն նշանը ի զօրու է նաեւ ներկայիս։ Արաբկիրը քաղաք մըն է, որ Հայ Եկեղեցիին ընծայած է բարձրաստիճան ու բազմավաստակ եկեղեցական մը յանձին՝ Գերշ. Տ. Խաժակ Ս. Արք. Պարսամեանի։ Այս քաղաքին մէջ 1951 թուականին ծնած էր փոքրիկ Սարգիսը՝ ապագայի Խաժակ Սրբազանը, ունենալով եղբայր մը՝ Մարտիրոսը՝ ապագայի սարկաւագը եւ քոյր մը՝ Նուարդը ու Արաբկիրի օդը շնչելով սկսած էր կեանքի ճանապարհորդութեան, ուղի մը որ Պոլիսէն անցնելով մինչեւ հեռաւոր ԱՄՆ պիտի հասնէր։

Իր եկեղեցական առաքելութեան մէջ միշտ արժանապէս նշելի բաժին եղած է Արաբկիրը՝ ծննդավայրը։ Այստեղ կը յիշատակեմ յատուկ ձեւով Սրբազան Հօր եւ հարազատաց օրինակը, վասնզի այս օրինակին նմանողութեամբ ԱՄՆ-ի մէջ հաստատուած Արաբկիրցիներու միութեան եւս ներդրումով Հայաստանի մէջ հաստատուած է Արաբկիրի համայնքը եւ իր հիմնադրութենէն տասնեակ տարիներ յետոյ տիրացած՝ Ս. Խաչ եկեղեցիին, որուն մէջ Դատաւորի կիրակիի առիթով արարողութեան մասնակցելու եւ Խարբերդի Մալաթիոյ Արաբկիրը աղօթքի մթնոլորտին մէջ յիշատակելու պատեհութիւնը ընծայուած էր։

ԱՐԱԲԿԻՐԻ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Երեւանի Արաբկիր շրջանի հսկայ եկեղեցին, մայրաքաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ տաճարէն յետոյ Երեւանի շրջանի մեծագոյն եկեղեցին է, որ ունի 42 մեր բարձրութիւն։ Համայնքի բնակիչները երկար տարիներ հետեւած են շինարարական աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ մեծ յոյսով սպասելով եկեղեցւոյ պաշտամունքի բացման օրը։ Մինչեւ եկեղեցւոյ բացումը, համայնքի անդամները տարբեր առիթներով համա-խըմբուած են եկեղեցւոյ բակը եւ այստեղ կատարած են որոշակի հանդիսութիւններ։

2013-ին կատարուած է հիմնօրհնէքի արարողութիւնը։ 2015-ին օծուած եւ տեղադրուած են եկեղեցւոյ խաչերը։ Իսկ 2016-ին եկեղեցիին նուիրուած են զանգակներ, որոնց օծումը եւս մեծ հանդիսութեամբ տեղի ունեցած է։ Փետրուար 2018-ին օծուած է եկեղեցւոյ մկրտութեան աւազանն ու վէմքարերը, որմէ յետոյ նոյն տարին անդրանիկ Ս. Պատարագը մատուցուած է եկեղեցւոյ մէջ փառաշուք արարողութիւններով։ Համայնքի առաջին հոգեւոր հովիւն է Տ. Բաբգէն Քահանայ Հայրը, որ իւրաքանչիւր փուլին ականատեսը եղած է։  Եկեղեցւոյ նկուղային բաժնին մէջ կը գտնուի հսկայ սրահ մը, ուր կարելի է կազմակերպել հանդիսութիւններ։ Ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ համալիրին մէջ կը գտնուին տիկնանց եւ երիտասարդաց միութիւններու համար վայրեր։

ԶԱՆԳԱԿՆԵՐՈՒՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

2016-ին եկեղեցիին նուիրուած են հինգ զանգակներ, որոնց օծման եւ տեղադրման արարողութիւնը մեծ շուքով իրականացած է ընդ հովանեաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի։ Հինգ զանգակներէն իւրաքանչիւրը ունեցած է իր յատուկ անունն ու նշանակութիւնը։ Առաջին զանգակը՝ որ մեծագոյնն է, իր մէջ կ՚ամփոփէ հաւատքի խորհուրդը։ Իր ղօղանջին նպատակին մէջ խառնուած է մարդկանց հոգիներուն մէջ տարածել՝ հաւատքն ու սէրը։ Զանգակի վրայ քանդակուած են երեք տաղաւար տօները՝ Ս. Ծնունդը, Ս. Յարութիւնը եւ Ս. Խաչը։ Երկրորդ զանգակին վրայ քանդակուած է Ս. Գրիգոր Նարեկացիի սրբապատկերը, որուն խորհուրդը ըլլալու է ի խորոց սրտի աղօթքը առ Հայ Եկեղեցի եւ առ Հայաստան։ Երրորդ զանգակի վրայ քանդակուած է Ս. Մարիամ Աստուածածինը, որուն խորհուրդն է ծնողքի հանդէպ յարգանքն ու սէրը։ Չորրորդը իր վրայ կը կրէ Մանուկ Յիսուսի ու Աստուածայայտնութեան խորհուրդը նկարագրող նկարներ, որուն մէջ թաքնուած է զաւակասիրութեան խորհուրդը։ Իսկ վերջինը, ընծայուած է մկրտութեան խորհուրդին։ Իւրաքանչիւր անգամ երբ կը ղօղանջէ, նպատակն ունի չմկրտուած ժողովուրդին վերյիշեցնելու մկրտութեան եւ քրիստոնէացման կարեւորութիւնը շրջանէ ներս։ Հետեւաբար հինգ զանգակներու միատեղ գործածութիւնը, սոսկ կոչնակի մը գործածութեան իմաստը կը շրջանցեն առ հասարակ։ 

ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՇՐՋԱԿԱՅՔԻՆ ՄԷՋ ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Երբ ժամանած եմ եկեղեցի, արդէն իսկ հսկայ բակին մէջ տեսանելի է համալիր մը, որուն կողքին բարձրացած է հսկայ զանգակատուն մը, բաւական բարձրութեամբ։ Եկեղեցւոյ շէնքէն անջատուած այս զանգակատունը, հաստատուած է սիւներու վրայ, որուն վերեւ ամրացուած են հինգ զանգակները եւ գագաթը կը գտնուի գմբէթը, որուն վրայ բարձրացած է Ս. Խաչը։ Այս կառոյցը այնպիսի ճարտարապետութեամբ մը պատրաստուած է, որ եկեղեցւոյ շէնքը ամբողջացնող տեսք մը ունի։

Յաջորդիւ մուտք կը գործեմ եկեղեցիէն ներս եւ վարագոյրով ծածկուած եւ կեդրոնը Ս. Խաչը աշխատուած հսկայ խորանին առջեւ խաչակնքելէ յետոյ կը դիտեմ շրջակայքը։ Աջին ու ձախին դրուած են հսկայ սրբապատկերներ, որոնց առջեւ հաստատուած են մոմավառութեան բաժիններ։ Ուստի, հաւատացեալներ այս նկարներուն առջեւ իրենց ուխտի աղօթքը կը մատուցանեն։ Ձախակողմեան բաժնին մէջ կը գտնուի մեծ մկրտարանը։ Եկեղեցին ունի նաեւ աջակողմեան եւ ձախակողմեան սարկաւագատուներ։ Այստեղ ամէն ինչ բաւականին նոր է, սակայն աւանդական ոճը այնքան յաջողութեամբ գործադրուած էր, որ տասնամեայ եկեղեցին կարծէք ունենար բազում տասնամեակներու պատմութիւն մը։

Եկեղեցին նաեւ կառուցուած էր հայկական խաչաձեւ ճարտարապետութեամբ, որուն կեդրոնէն կը բարձրանար այդ բարձրադիր ու հսկայ գմբէթը։ Եկեղեցին ունի երկու մուտքեր, մին արեւտմեան, իսկ միւսը հիւսիսային։ Բաց աստի, եկեղեցին բաւականին լուսաւոր է իր լուսամուտերով եւ սրբապատկերներու վրայ դրուած բազմաթիւ կանթեղներով։ Նախքան քարոզը, երբ բարձրացայ Ս. Խորան, նաեւ տեսայ կարմիր տուֆ քարերով պատրաստուած Ս. Սեղանը։ Իսկ խորանը եւս բաւականին ընդարձակ էր եւ ըստ երեւոյթի այստեղ եւս նմանողութեամբ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ, կարելի էր հանգիստ գործել։ Եկեղեցին ունէր նաեւ հսկայ վերնատուն մը, որմէ երգուած շարականին դոյզն ձայնն իսկ ամենայն յստակութեամբ կը հասնէր մինչեւ խորան։

Այս եկեղեցւոյ խորհրդաւոր նմանողութիւն մը եւս ուշադրութիւնս գրաւեց։ Երբեմնի Արաբկիրի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ գմբէթին եւ զանգակատան նմանողութիւնը զգալի էր այստեղ եւս. բան մը որ կամայ եւ ակամայ յիշեցնել կու տար տասնեակ տարիներ առաջ գործած եկեղեցին։ Այդ եկեղեցին այնքան հսկայ է եղեր, որ մօտաւորապէս 4 հազար հոգիներ կարող էին աղօթքի մասնակցիլ եկեղեցւոյ մէջ։ Այս եկեղեցին եւս բաւականին ընդարձակ էր եւ եթէ 4 հազար հոգիներ չըլլան, գոնէ հազարէ աւելի անձինք կարող են եկեղեցւոյ մէջ արարողութեան մասնակցիլ։ Արարողութեան ընթացքին յատկապէս, տեսայ ահա, այդ հարիւրաւոր հաւատացեալները, որոնք այս եկեղեցւոյ մէջ աղօթքի կանգնած էին։

Եւ ահա կ՚արժէ անդրադառնալ այն հաւատացեալներուն յատուկ ձեւով, քանի արարարողութեան ընթացքին զանոնք դիտելն իսկ կը ներշնչէ ոեւէ մէկը։ Երկրպագութիւն, գոհութիւն, փառաբանութիւն եւ նման հաւատոյ արտայայտութիւնը անկեղծութեամբ կը յայտնուի հաւատացելոց իրականութենէն։ Կան անձինք, որոնք կը նմանէին Ս. Մովսէս մարգարէին ձեռքերը յընթացս աղօթքի բարձր պահած անձերուն (Ելց. 17.12)  եւ իրենց բարոյական զօրակցութեան շնորհիւ առաւել եւս կարողութիւն կը գտնէր հոգեւորականը։ Կ՚արժէր տեսնել, ահա իրենց աղօթախառն ընթացքը. բան մը, որ կը համապատասխանէր օրուան խորհուրդին։ Տ. Բաբգէնը, Տ. Պարգեւը, Յովհաննէս Դպիրը արարողութեան աւարտին ներկայացուցին ահա այս ժողովուրդէն անհատներ՝ օրհնութիւն աղերսող հաւատացեալներ, որոնց ներկայութիւնը ահա Արաբկիրի բաբախող սիրտէն պատգամ մը կը փոխանցէր իւրաքանչիւրիս։

Արաբկիրի Ս. Խաչ եկեղեցին առիթ հանդիսացաւ, որ յիշատակենք երբեմնի Ս. Աստուածածին եկեղեցին եւ իր հաւատացեալները։ Այս մէկը առիթ եղաւ, որ յիշատակենք Արաբկիր ծնած եւ օրհնեալ ու տոհմիկ ընտանիք մը կազմած լուսահոգի տիրահայր Յովհաննէս Պարսամեանն ու տիրամայր Պիւլպիւլը եւ Արաբկիրի հայախօս ընտանիքի մը հանգուցելոց համար դիմենք Տիրոջ գթասիրտութեան։ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ նաեւ կը յիշատակենք ու իրենց արեւշատութիւն կը մաղթենք Պոլսոյ մէջ եւս գործած արաբկիրցիները՝ Օննիկ Նալպանղազարը, Պօղոս Հէճինօղլուն, Մարգրիտ Աթմաճան։ Հանգստեան աղօթքով յիշեցինք լուահոգի Վարսէն մայրիկը։ Վստահաբար ողջերուն երջանկութեան միջոց եւ ննջեցելոց հոգւոց խաղաղութեան առիթ պիտի դառնայ այս պատեհութիւնը։ Այլ խօսքով, աղօթքի գաղափարականը եւ խորհուրդը արաբկիրեան մասնաւորութեան մէջ անգամ մը եւս ցոյց տուաւ իր խորհուրդը։ 

ԽՕՍՔ ԸՆԴ ԱՍՏՈՒԾՈՅ…

«Առակ մըն ալ ըսաւ անոնց այն բանի մասին, թէ իրենք ամէն ժամ պէտք է աղօթեն եւ չձանձրանան»։ (Ղկս. ԺԸ. 1)

Աղօթքի մասին մտորելէ առաջ, լաւ պիտի ըլլայ լսել Ընդհանրական եկեղեցւոյ հայրերէն Որոգինէսի մտախոհը, որ զուտ ձեւով ընծայուած է աղօթքի գաղափարին։

«Քանի որ շատ դժուար է խօսիլ աղօթքի մասին, նման մեծ նիւթ մը հասկնալու համար եւ ըստ արժանւոյն մեկնաբանելու համար, մեզի հարկաւոր է Հայր Աստուծոյ լոյսը, Միածին Որդիին՝ Բանին ուսուցումը եւ Սուրբ Հոգիին օգնականութիւնը։ Պիտի աղօթեմ որպէս մարդ, որովհետեւ ես ինձ աղօթքը սահմանելու համար անկարող կը զգամ։ Աղօթելու մասին ճառախօսելէ առաջ պիտի աղաչեմ Ս. Հոգիին, որպէսզի ան հոգեւոր կատարեալ ճանաչողութիւն շնորհէ ինծի եւ բացատրէ աւետարաններու մէջ աւանդուած աղօթքի իմաստը» (Որոգինէս, Աղօթքի մասին, Ս. Էջմիածին, 2007, էջ՝ 37)։  

Խնդրոյ առարկայ նիւթը՝ աղօթքն է։ Այն զօրաւոր բառը եւ արարքը, որ հաւատացեալի կեանքին մէջ հացի եւ ջուրի նմանողութիւնը ունի։ Հաւատացեալ անհատ մը, առանց աղօթքի կեանքի չի կրնար կապ հաստատել Աստուծոյ հետ։ Հաւատացեալ մը, առանց աղօթքի չի կրնար իր հոգեւոր աշխարհը զօրացնել, պարարտացնել եւ թարմացնել։ Հետեւաբար խնդրոյ առարկայ բառը՝ աղօթքն է եւ մենք «Անիրաւ դատաւորի» առակի իրականութեան մէջ աղօթքի կարեւորութեան մասին կը խօսինք։

ԱՂՕԹՔԸ ՀՈԳԻԻՆ ՇՆՉԱՌՈՒԹԻՒՆԸ

Հարցում մըն է հետեւեալը։ Երբ կը շնչառենք, մեզմէ ո՞վ կը մտածէ շնչառութեան մասին։ Արդեօք մտածելո՞վ կը շնչենք, թէ՝ մարմնին բնական մեր արարքին վերածուած է։ Նոյնիսկ ննջած ժամանակ առանց գիտակցութեան կը շնչենք։ Կ՚արթննանք, կը քայենք, կը գործենք եւ միշտ կը շնչենք, որովհետեւ առանց շնչառութեան, առանց թթուածինի, կարելի չէ ապրիլ որպէս մարդ արարած։ Վարժ է մեր մարմինը այս գործողութեան եւ այդ մէկը վերածուած է մեր բնազդին։ Հապա, աղօթքը՞։ Ան այնպիսի ներկայութեան պէտք է վերածուի հաւատացեալի կեանքին մէջ, որ պէտք չէ մտածէ իր աղօթքի կեանքի կենդանութեան մասին։ Իր առօրեային բնական մէկ արարքին պէտք է վերածուի աղօթքը։ Միտքը, հոգին պէտք է առաջնորդուին աղօթքով եւ նոյնիսկ առանց շատ մտածելու երբեմն, պէտք է բնական ձեւով աղօթենք։ Այնպէս պէտք է աղօթենք, որ Աստուած մեզ առաջնորդէ։ Հետեւաբար, աղօթքի մասին երբ պիտի խօսինք ու մտածենք, նախ հետեւեալ հարցականը անպայման պէտք է տանք. Մենք որքանո՞վ բնական կեանքի մասնիկին վերածած ենք աղօթքը։ Որքանո՞վ առանց աղօթքի կրնանք ընթանալ։ Որքանո՞վ առանց աղօթքի եւ կամ աղօթքով մեր ժխտական եւ կամ դրական պահերը կրնանք լեցնել։ Եկեղեցին բազմաթիւ արարողութիւններով, ծիսակատարութիւններով, խոկումներով, Աստուածաշունչի ընթերցանութեամբ այս վարժութիւնը մեր կեանքին մէջ ներմուծելու կամքը ունի միայն։ Եկեղեցւոյ հիմնական նպատակն է սա. աղօթքը բնական եւ մնայուն ներկայութեան վերածել մեր կեանքերէն ներս։

ՅԱՂԹԱԿԱՆ ԱՅՐԻ ԿԻՆԸ

«Դատաւարի կիրակի» անունը եւս իր նշանակութիւնը կը ստանայ աղօթքի հետ առընչուած առակէ մը։ Մեծ պահոց ոսկեայ օղակները այնպէս մը հիւսուած են, որ տակաւ առ տակաւ մեզ աղօթքի ճանաչողութեան եւ աղօթքով մաքրագործման, սրբագործման կ՚առաջնորդեն։ Դատաւորի կիրակին ալ այդ նպատակով զարդարուած է ահա։

Տէր Յիսուս Քրիստոս, իր աշակերտներուն եւ հետեւորդներուն մօտ աւելի խիստ ձեւով խօսիլ կը սկսի յաւիտենական կեանքի եւ Աստուծոյ Արքայութեան մասին։ Եւ երբ այդ ուղղութեամբ կը խօսի, իր մօտ գտնուողները առանց թափանցելու Տիրոջ Խօսքին կը հարցնեն. Տէր, Դուն կը պատմես արքայութեան մը մասին, սակայն ե՞րբ պիտի իրականանայ այդ մէկը։ Դուն կը խօսիս վարդապետութեան մը մասին, այդ վարդապետութիւնը իր կատարումին ե՞րբ պիտի հասնի։ Ահա, մեր Տէրը շատ ժողովրդական ու պարզ ձեւով օրինակով մը կը խօսի իր աշակերտներուն ու կը պատմէ դատաւորի առակը։ Առակին դերակատարներն են երկու հոգի. առաջինը՝ շրջանի դատաւորը, որուն պաշտօնն է դատերը տեսնել եւ արդարութիւն բաշխել իր ժողովուրդին։ Իսկ երկրորդ դերակատարը՝ խեղճ ու պարտ այրի կին մըն է։ Ահա, այս կինը տեւաբար կ՚երթայ դատաւորի մօտ, այն սպասումով, որ դատաւորը իր դատը պիտի տեսնէ։ Սակայն, պէտք է գնահատել, թէ փոքր ժողովուրդներու մէջ, փոքր ակնկալիքներու պատասխանելը աւելի դիւրին է։ Տասը հոգիին գործը կատարելը, հարիւր, հազար ու աւելիին գործը կատարելէն աւելի դիւրին է։ Հետեւաբար, այս դժուարութեան մէջ երբեմն մեր ակնկալիքներուն արագօրէն չենք կրնար հասնիլ։ Այս առակի մէջ դատաւորին ալ ժամանակը այնքան ալ աժան չէ։ Շատ դատեր ունի իր մօտ եւ տակաւին կը սպասեն շատ գործեր, որոնց լուծման պէտք է ձեռնարկէ։ Ահա, այս մթնոլորտին մէջ իրեն կու գայ ռամիկ, պարզ այրի մը եւ կ՚ըսէ. Ո՜վ դատաւոր, ես դատ մը ունիմ եւ կը հաւատամ, որ իմ դատս արդար է։ Հետեւաբար, ես արդար եմ դատիս մէջ, սակայն, որպէսզի արդարութիւնս ստանամ, դուն պէտք է տեսնես իմ դատը։ Կը սպասեմ, որպէսզի արձակես վճիռը եւ ըսես. Ո՜վ այրի կին, քու ժամանակդ հասաւ եւ ես տեսայ քու դատդ ու կը բաշխեմ արդարութիւնը։ Հետեւաբար, գնա՛ ու հատուցումդ ստացիր։

Սակայն առակին մէջ կը տեսնենք, թէ գործողութիւնը դիւրին չ՚ըլլար։ Դատաւորը տեւաբար կը լսէ այրիին։ Հապա, այրի կինը ի՞նչ կրնար ընել։ Առաջին հերթին մերժուած, երկրորդին յետաձգուած խեղճ կինը ի՞նչ կրնար ընել, եթէ ոչ իր յոյսը կորսնցուցած ըլլալով տունը վերադառնալ։ Կինը պիտի մտածէր մարդկայնօրէն, թէ ինք տկար էր այս հսկայ ու զօրաւոր դրութեան մէջ։ Տկարին տեղ չկար այդտեղ եւ խեղճը պէտք է վերադառնար իր առօրեային։ Սակայն կինը չի դառնար եւ կը յամառի։ Կ՚երթայ դատաւորին եւ դրան առջեւ կը կենայ, պնդելով որ տեսնուի իր դատը։ Առաջին փորձը ապարդիւն։ Յաջորդիւ կրկին անգամ կ՚երթայ եւ կը պնդէ վերստին, յիշեցնելով դատաւորի պաշտօնը։ Սակայն կրկին անգամ յուսախաբութիւն… Այսքան մեծ ջանասիրութեամբ այրի կինը կը մօտենայ վերստին, յայտնելով, թէ մինչեւ որ դատը տեսնուի, պիտի չբաժնուի դրնէն։

Դատաւորը կը մտածէ եւ ինքնիրեն կը խոստովանի, թէ Աստուծմէ չի վախնար։ Եթէ վախցած ըլլար, արդէն իսկ մինչեւ այդ օր տեսած պիտի ըլլար արդար դատ մը։ Մարդոցմէ ալ չէր վախնար ու ամչնար. եւ ինչո՞ւ պիտի վախնար, քանի ինք դատաւոր էր եւ մարդիկ իրեն կը դիմէին իրենց  հարցերով։ Ժողովուրդը պէտք է վախնար դատաւորէն, ո՛չ թէ դատաւորը ժողովուրդէն։ Սակայն, այրի կինը հետեւողութեամբ, առանց յոյսը կորսնցնելու կը մօտենայ դատաւորին եւ անհանգիստ կ՚ընէ։ Դատաւորը կը մտածէ տեսնել դատը եւ ազատիլ կնոջմէ։

ԱՂՕԹՔԸ ՆԵՐԿԱՅ Է

Այս դրուագը Քրիստոսի առակին մէջ կը պատկերացուի եւ աղօթքի հետեւողութեան մասին կը խօսի։ Սակայն, Քրիտոսի առակներու տրամաբանութիւնը պէտք է յիշենք։ Այն ինչ որ անցեալին խօսուեցաւ, չսահմանափակուեցաւ անցեալով, այլ շրջանցեց ժամանակի սահմանները հասնելով մինչեւ այսօր։ Խօսքը նաեւ այսօր կը խօսի իւրաքանչիւրիս։ Երբ կը լսենք Աւետարանը, պատգամը կը խօսի նաեւ բոլորիս։ Մեր կեանքը դնենք հաշուեյարդարի։ Մենք ալ չունի՞նք կեանքի ակնկալիքներ։ Տակաւին ծնած առաջին իսկ մէկ օրէն, երբ  քիչ մը մեր իմացականութիւնը կը զօրանայ, երբ խօսիլ կը սկսինք գաղափար յայտնելով ու կը մտածենք ապագայի մասին, չունի՞նք ակնկալիքներ։ Ունինք եւ պէտք է յիշել, թէ արդար է։ Եթէ մէկը չունի ոեւէ ակնկալիք, սա կը նշանակէ, որ կը սխալի։ Ամէն անձ բան մը կը խնդրէ, երբեմն նոյնիսկ իր չափէն ու սահմաններէն եւս դուրս ելլելով։ Դպրոցին մէջ՝ ուսուցիչէն նիշ, աշխատատեղին՝ տնօրէնէն գործ, աշխատանք ու գովասանք, ամուսնական կեանքին մէջ՝ երջանկութիւն ընտանիքի։ Իւրաքանչիւր քայ-լափոխը մեր էութենէն դուրս կը հանէ բան մը եւ մեր մարմնին մէջ  կ՚ընկալէ այլ բան մը։ Այս բանը ընդհանրապէս կ՚ըլլայ խօսքը։

Մենք մեր գաղափարները մեր բերնով ու խօսքով կը փոխանցենք մեր շրջակայքին, եւ անշուշտ, թէ հաւատքի կեանքին մէջ՝ Աստուծոյ։ Կը սպասենք նաեւ, որ պատասխան մը գտենք բանիւ եւ կամ տեսանելի պատասխան մը։ Սակայն յատկապէս հաւատքի կեանքէ ներս այս ընթացքը այնքան ալ դիւրին չ՚ըլլար եւ կը դառնայ հաւատացեալի կեանքի փորձութեան։ Խնդրել բան մը, սպասել եւ առաջին հերթին չստանալ։ Ի՞նչ պէտք է ընէ հաւատացեալը. վերադառնա՞լ, թէ ոչ այրի կնոջ հետեւողութեամբ շարունակել աղօթքները։ Այսքան ալ դիւրին չէ այս սպասումը մարդկայնօրէն։ Երբ մեր խնդրանքներուն դիմաց վհատութեամբ, ժխտական երեսակներով դէմ յանդիման կը մնանք, շատ դժուար է կանգուն մնալը։ Ո՛չ ոք դիւրութեամբ կրնայ տոկալ նման փորձութեան, երբ յատկապէս իր կարիքը անհրաժեշտ կը նկատէ։ Չենք գիտեր, թէ ե՞րբ կամ ո՞ւր, սակայն պիտի ունենանք այդ փորձութիւնը եւ անոր դիմաց ամուր մնալու զօրութիւնը պիտի ստանանք մեր հաւատքէն։

Աղօթքը ամբողջացուցիչ տարրը կը դառնայ մեր կեանքէն ներս։ Մեր կեանքի ընթացքին քանի քանի հրաշքներու ականատես եղած ենք, ըստ որում հետեւողական աղօթքը, նոյնիսկ մահկանացուներուն կեանք տուած է եւ կամ անկարելին՝ կարելի դարձուցած։ Ս. Գիրքի, աղօթքի զօրութիւնը… Յատկապէս այս դարաշրջանին երբ մենք անհատապէս ու որպէս ժողովուրդ, մեր ձեռքերը բարձրացուցած Աստուծոյ, երբեմն նոյնիսկ տկար ձեռքերը բարձրացուցած կը մօտենանք։ Ինչո՞վ բազմապիսի դժբախտութիւններ կը յայտնուին մեր ժողովուրդին մէջ, հեռացո՛ւր մեր մէջէն դժբախտութիւնները, յուսախաբութիւնները։ Երբեմն չենք գտներ պատասխան մը, եւ կ՚առաջնորդուինք ա՛լ աւելի դաժան իրավիճակի։ Ահա, աղօթքը այսօր առաւել եւս աւելի անհրաժեշտ է մեր կեանքերէն ներս։ Այդ աղօթքն է, որ մեզ պիտի հասցնէ Ս. Հոգիին մխիթարութիւնը, Հայր Աստուծոյ գթառատ ողորմութիւնը, Յիսուս Փրկիչին փրկարար արեան շնորհիւ պիտի փոխանցէ վերստին յոյս ու լոյս։ Հետեւաբար, եթէ մենք զմեզ վատ կը զգանք մեր առօրեային մէջ, ապագան խաւար կը տեսնենք, առաւել եւս բանանք մեր ձեռքերը, առաւել եւս զօրաւոր ու ի խորոց սրտի աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած։

ԵԹԷ ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՍ ԼՈՅՍԻՆ, ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ…

Դատաւորի կիրակի օրուան առակը այս է։ Եթէ կը հաւատանք, թէ մեր դատին ու արարքին մէջ արդար ենք, չվհատինք, չյուսախաբուինք եւ շարունակենք Աստուծոյ մօտենալ։ Եթէ կը հաւատանք, որ արդար ենք ու մեր գործը լի է բարութեամբ, սիրով ու ողորմութեամբ, չվախնանք ու չխրտչինք Աստուծոյ մօտենալէ։ Ընդհակառակը առաւել եւս մօտենանք։ Մեր առջեւ երբ փոսեր յայտնուին, մեր ետին թողունք նման փոսերը, առանց իյնալու անոնց մէջ։ Երբ մեր առջեւ պատեր հիւսուին չարէն, ցատկենք անոնց վրայէն ու շարունակենք քալել մեր օրհնեալ ուղիէն։ Եւ ահա երանութիւնը աւելի զգալի պիտի դառնայ մեր կեանքերէն ներս։

Եկէ՛ք, անսահման գաղափարը այս տկար տողերով սահմանած ըլլալով, միասնաբար աղօթենք, որ իւրաքանչիւրս յատկապէս Մեծ պահոց օրհնալի շրջանին, Տիրոջմէ ստանանք մեր պաղատանքներուն պատասխանը։ Իւրաքանչիւրս որ հաւատքով մեր ձեռքերը կը բարձրացնենք, մեր պատասխանը կը ստանանք Տիրոջմէ եւ փառքը կը հիւսենք անունը Ամենասուրբ Երրորդութեան։ Աղօթենք, որ երբ մեր աղօթքին պատասխանը կարճ ժամանակի մէջ չենք ստանար, Աստուած մեզի տոկալու զօրութիւնը պարգեւէ։ Աստուած յոյսով իր ճանապարհէն քալելու առաջնորդութիւնը պարգեւէ։ Եւ մենք, չսայթակղինք այս մեղաւոր աշխարհին մէջ եւ չսայթակղինք խաւարի զօրութեամբ ու ըլլալով ճանպարհորդակիցները Քրիստոսի, եկէ՛ք միասնաբար կեդրոնացնենք մեր միտքը առ Յիսուս։ Ո՜վ Տէր, Արդար Դատաւոր, Դուն ես մեր ապաւէնը մեր անձերուն, ժողովուրդին եւ համայնքին։ Այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից ամէն. ալէլուիա, ալէլուիա։

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ

1 ապրիլ 2022, ուրբաթ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին

Երկուշաբթի, Ապրիլ 4, 2022