ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԷՆ ՊԱՏԱՆԻ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն պատանի ուխտաւորներ։ Այսպէս, Վեհափառ Հայրապետին ներկայացան թեմի Եկեղեցասէր երիտասարդաց միութիւններու կրտսեր անդամները՝ առաջնորդութեամբ Քլիվլընտի Ս. Գրիգոր Նարեկացի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Հրաչ Քհնյ. Սարգսեան։ Հանդիպման ընթացքին տէր հայրը Նորին Սրբութեան տեղեկացուց, որ պատանիները Հայաստան կ՚այցելեն իրենց ուխտը վերանորոգելու եւ կարգ մը կամաւորական ծրագրերու մասնակցելու համար։
Վեհափառ Հայրապետը պատանի ուխտաւորներուն փոխանցեց իր հայրական սէրն ու օրհնութիւնը։ Ան ընդգծեց, որ պատանիներու այցելութիւնը Հայաստան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին լաւագոյն հնարաւորութիւնը կ՚ընձեռէ, որպէսզի անոնք ճանչնան երկիրը, զօրացնեն հայրենասիրական ոգին ու հաւատի ապրումը։ Վեհափառ Հայրապետը այս առումով պատանի ուխտաւորներուն պատգամեց, որպէսզի առաւել ամրացնեն ազգային ինքնութեան գիտակցութիւնը եւ նախանձախնդրութիւնը ազգային արժէքներու նկատմամբ՝ զանոնք դարձնելով իրենց կեանքին հիմն ու հայրենանուէր առաքելութեան շարժիչ ուժը։