ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍՐԲԱԶԱՆՆԵՐԸ ԿՈՉ ՈՒՂՂԵՑԻՆ ՄԱԿ-Ի ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՆԴԱՄ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒՆ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին կը շարունակէ զգայնութեամբ հետեւիլ Արցախի պարագային ստեղծուած ողբերգական իրադրութեան՝ միշտ շեշտելով նաեւ իր տարակարծութիւնները Երեւանի իշխանութիւններուն որդեգրած քաղաքականութեան հետ։ Զանազան հարթութիւններու վրայ, զանազան առիթներով եկեղեցական կառոյցները կ՚ահազանգեն ստեղծուած իրավիճակին։ Հայաստանաբնակ սրբազաններն ալ երէկ միացան այս շարքին եւ հանդէս եկան յայտարարութիւնով մը, զոր հրապարակուեցաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգին կողմէ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրներուն կողմէ թողարկուած այս յայտարարութիւնը։

*

Արցախի ամբողջական շրջափակումը կը շարունակուի եւ այս մէկուն հետեւանքով ստեղծուած աղէտալի ծայրայեղ իրավիճակը, որ ցեղասպանութեան դասական դրսեւորում է, անելանելիութեան ծանր զգացումներով համակած են մեր ժողովուրդը։

Արցախի մէջ սննդամթերքի, դեղօրայքի եւ կենսական այլ առաջնահերթ անհրաժեշտութիւններու խիստ սակաւութեան պայմաններուն ներքեւ ամէն օր կը տեղեկանանք մարդոց՝ ներառեալ մանուկներուն, յղիներու եւ հիւանդներու առողջական վիճակի կտրուկ վատթարացման ու մահուան ցաւալի դէպքերու մասին։ Ամբողջական շրջափակման զուգահեռ՝ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը շարունակեն իրականացնել նաեւ ահաբեկչական գործողութիւններ, որոնք էթնիք զտումներու նպատակով Արցախի ժողովուրդի շրջանակին մէջ միտուած են մշտական վախի, յուսահատութեան, անապահովութեան զգացումներ եւ հայրենիքը լքելու տրամադրութիւններ յառաջացնելու։ Հակամարդկային նմանօրինակ գործելաոճի հերթական դրսեւորումը տեղի ունեցաւ բոլորովին վերջերս, երբ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները Բերձորի միջանցքէն առեւանգեցին Կարմիր խաչի անմիջական հովանաւորութեան նեքեւ Արցախէն Հայաստան փոխադրուող առողջական ծանր խնդիրներով Վագիֆ Խաչատըրեանը՝ կոպտօրէն ոտնահարելով Կարմիր խաչի անձեռնմխելութիւնը, հեղինակութիւնն ու մարդասիրական առաքելութիւնը։

Մեր ժողովուրդի դէմ Ատրպէյճանի թշնամական այսօրինակ գողծողութիւնները ոճրագործութիւն են ոչ միայն Արցախի հայութեան դէմ, այլեւ բացայայտ մարտահրաւէր՝ ուղղուած քաղաքակիրթ ամբողջ աշխարհին եւ միջազգային իրաւասու կազմակերպութիւններուն։

Կոչ կ՚ուղղենք ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդի անդամ պետութիւններու առաջնորդներուն՝ ազդու միջոցներ գործադրել եւ սթափութեան կոչել Ատրպէյճանի իշխանութիւնները՝ յարգելու եւ կեանքի կոչելու Միջազգային արդարադատութեան ատեանի սոյն թուականի փետրուարի 22-ի միջանկեալ եւ յուլիսի 6-ի եզրափակիչ որոշումները՝ պարտադրելով հրաժարիլ բիրտ ուժի եւ ցեղասպան գործողութիւններու միջոցաւ խնդիրները կարգաւորելու գործելաոճէն։

Տարածաշրջանէն ներս խաղաղութիւն չի կրնար հաստատուիլ ի հաշիւ Արցախի ժողովուրդի բնաջնջման կամ անոր խաղաղ, անվտանգ ու արժանապատիւ կեանքի հիմնարար իրաւունքներու ոտնահարման։

Խորապէս մտահոգուած ենք Արցախը Ատրպէյճանի կազմին մէջ ճանչնալու ուղղեալ Հայաստանի իշխանութիւններու որդեգրած դիրքորոշումով։ Կոչ կ՚ուղղենք գործող իշխանութիւններուն՝ չհրաժարիլ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի պաշտպանութեան համար Հայաստանի Հանրապետութեան ստանձնած յանձնառութիւններէն ու համախմբել ազգային ու պետական ամբողջ հնարաւորութիւններն ու ներուժը՝ ի պաշտպանութիւն Արցախի ժողովուրդի ապահով, անվտանգ, ինքնիշխան կեանքի։

Արցախն ու արցախահայութիւնը կեանք ու ապագայ չունին՝ ցեղասպանութիւնը պետական քաղաքականութիւն հռչակած Ատրպէյճանի կազմին մէջ։ Կը յորդորենք մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ աշխարհասփիւռ ամբողջ հոգեւոր դասուն, որպէսզի ազգային-եկեղեցական կառոյցներու իրաւասու ներկայացուցիչներու հետ ձեռնամուխ ըլլան իրենց երկիրներու պետական, եկեղեցական, դիւանագիտական, հասարակական եւ լրատուական շրջանակներուն մէջ ներկայացնել՝ Ատրպէյճանի շարունակուող յարձակողականութեան հետեւանքով Արցախէ ներս ստեղծուած ծայրայեղ ծանր կացութիւնը՝ հասնելու համար Արցախի մեր ժողովուրդի կենսական իրաւունքներու իրագործման եւ անվտանգ կեանքի ապահովման։

Կը յորդորենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն՝ հնարաւոր բոլոր միջոցներով եւ ճանապարհներով միանալ Արցախի փրկութեան սրբազան գործին։

Կ՚աղօթենք Արցախի մեր ժողովուրդի համար եւ կը հայցենք Տիրոջ պահապանութիւնն ու զօրակցութիւնը Արցախի մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն՝ ոգիով աննկուն մնալու եւ վճռականութեամբ ու միաբանութեամբ յաղթահարելու ստեղծուած ծանր իրավիճակը եւ ծառացած հիմնախնդիրները։

Թող Երկնաւոր Տէրը խաղաղ պահէ մեր հայրենիքը եւ օրհնէ համայն մեր ժողովուրդի ջանքերը յանուն Արցախի եւ Հայաստանի բարօրութեան. ամէն։

Ուրբաթ, Օգոստոս 4, 2023