Հինգշաբթի 16, Յունուար 2025
ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊՐԱԶԻԼԱՀԱՅ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Պրազիլի թեմէն ուխտաւորներ՝ ուղեկցութեամբ թեմակալ առաջնորդ Տ. Նարեկ Եպսկ. Պէրպէրեանի։
Զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատեց՝ հաւատացեալները դէպի Մայր Հայաստան ուխտագնացութեան առաջնորդելու թեմի յանձնառութիւնը։ Արցախահայութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն անդրադառնալով՝ Նորին Սրբութիւնը շեշտեց, որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը գործօն աջակցութիւն կը ցուցաբերէ ընկերային դժուարութիւնները յաղթահարելու ճանապարհին։ Ան յորդորեց, որ ուխտաւորները եւս իրենց նպաստը բերեն հայրենազրկուած հայորդիներու կարիքներու դիմագրաւման։
Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2023
Եկեղեցական
- 01/16/2025
- 01/16/2025