ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

Հա­պա ան­ձը ու­նայ­նա­ցուց ծա­ռա­յի կեր­պա­րանք առ­նե­լով՝ մար­դոց նման ըլ­լա­լով

եւ մար­դու կեր­պա­րան­քո­վը Ինք­զինք խո­նար­հե­ցուց։

(Փի­լի­պպե­ցիս. 2.7-8)

ՔՐԻՍ­ՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏ­ՆԵ­ՑԱՒ

Ա­մա­նո­րի եր­ջան­կա­բեր մթնո­լոր­տը կը գու­նա­ւո­րուի եւ կը հարս­տա­նայ, մեր Տի­րոջ Յի­սու­սի Քրիս­տո­սի Ծննդեան եւ Աստուա­ծա­յայտ­նու­թեան տա­ղա­ւա­րին յա­ռա­ջա­ցու­ցած խան­դա­վա­ռու­թեամբ եւ մեր սրտե­րը կը լե­ցուին կրկնա­կի հո­գե­ւոր ու­րա­խու­թեամբ։

Պատ­մու­թեան է­ջե­րը կը վկա­յեն, թէ ո­րե­ւէ պա­տե­րազ­մի մը պա­րա­գա­յին, պար­տուած կող­մը ի նշան պար­տու­թեան կը ստի­պուի ըն­դու­նիլ ի­րեն պար­տադրը-ւած զի­նա­դու­լի պայ­ման­նե­րը եւ կը խո­նար­հի յաղ­թա­կան կող­մին առ­ջեւ։ Հա­կա­ռակ այս բո­լո­րին, տիե­զե­րա­կան պատ­մու­թիւ­նը կ՚ա­ւան­դէ խո­նար­հու­թեան ե­զա­կի օ­րի­նակ մը, որ բո­լո­րո­վին տար­բեր է աշ­խար­հիկ պա­տե­րազմ­նե­րու հետ ա­ռըն­չուած պար­տուած­նե­րու մատ­նուած խո­նար­հու­թեան վի­ճա­կէն։ Այդ ե­զա­կի եւ անկրկ­նե­լի օ­րի­նա­կը ար­ձա­նագ­րուե­ցաւ Աս­տու­ծոյ Խօս­քին մար­դե­ղու­թեամ­բը։ Պօ­ղոս Ա­ռա­քեալ, երբ խո­նար­համտու­թեան մա­սին Փի­լիպ­պե­ցի­նե­րուն կը գրէր, իր տո­ղե­րուն մէջ իբ­րեւ տի­պար կը ներ­կա­յաց­նէր Քրիս­տո­սը, որ իր ան­ձը ու­նայ­նա­ցու­ցած էր ծա­ռա­յի կեր­պա­րանք առ­նե­լով՝ մար­դոց նման ըլ­լա­լով եւ մար­դու կեր­պա­րան­քո­վը Ինք­զինք խո­նար­հեց­նե­լով։ Քրիս­տո­սի յանձն ա­ռած խո­նար­հու­թիւ­նը, յի­րա­ւի տար­բեր էր պար­տու­թիւն կրե­լով խո­նար­հած ան­ձե­րու մատ­նուած պար­տա­դիր վի­ճա­կէն։ Աս­տուած ան­պար­տե­լի է։ Հե­տե­ւա­բար, Աս­տու­ծոյ Միա­ծին Որ­դին եւս ան­պար­տե­լի ըլ­լա­լով, չէր կրնար պար­տուած մը ըլ­լալ, այլ ընդ­հա­կա­ռա­կը աշ­խարհ կու գար, չա­րին առ­ջեւ խո­նար­հած մար­դը վերս­տին բարձ­րաց­նե­լու, զայն մեղ­քի կա­պանք­նե­րէն փրկե­լու եւ սա­տա­նա­յին վերջ­նա­կա­նա­պէս յաղ­թե­լու աս­տուա­ծա­յին ա­ռա­քե­լու­թեամբ։ Քրիս­տո­սի յաղ­թա­նա­կը կան­խա­գու­շա­կած էր Ե­սա­յի Մար­գա­րէն. «Ա­հա իմ ծա­ռաս յա­ջո­ղու­թիւն պի­տի գտնէ, եւ պի­տի մեծ­նայ ու պի­տի բարձ­րա­նայ ու խիստ պի­տի փա­ռա­ւո­րուի։ … Այն­պէս շատ ազ­գեր պի­տի զար­մաց­նէ, թա­գա­ւոր­նե­րը ա­նոր առ­ջեւ ի­րենց բե­րա­նը պի­տի գո­ցեն, վասնզի ի­րենց չպատ­մուա­ծը պի­տի տես­նեն, եւ ի­րենց չլսա­ծը պի­տի ի­մա­նան» (52.13-15)։

Ար­դա­րեւ, Աս­տուած «Շատ ձե­ւե­րով ու շատ կեր­պե­րով կան­խաւ խօ­սած է հայ­րե­րուն հետ՝ մար­գա­րէ­նե­րով։ Այս վեր­ջին օ­րերս իր Որ­դիո­վը խօ­սե­ցաւ մե­զի հետ» (Եբ­րա­յեց­ւոց 1.1-2)։ Այս ան­զու­գա­կան եւ սքան­չե­լի դէպ­քը, աս­տուա­ծա­յին տնօ­րի­նու­թիւն մը ըլ­լա­լով իր մէջ կը պար­փա­կէ խո­րի­մաստ պատ­գամ մը։ Այդ պատ­գա­մը յայտ­նա­բե­րումն է Աբ­րա­համ նա­հա­պե­տին տրուած խոս­տու­մին. «Քու կինդ Սա­ռա որ­դի մը պի­տի ծնա­նի քե­զի ու ա­նոր ա­նու­նը Ի­սա­հակ պի­տի դնես։ Ա­նոր հետ ու ան­կէ ետ­քը ա­նոր սե­րուն­դին հետ իմ ուխտս պի­տի հաս­տա­տեմ, յա­ւի­տե­նա­կան ուխտ մը» (Ծննդոց. 17.19)։ Աս­տուած, որ հա­ւա­տա­րիմ է Իր խոս­տու­մին, յի­շե­լով իր ո­ղոր­մու­թիւ­նը, աշ­խարհ ղրկեց իր Միա­ծին Որ­դին, փրկե­լու հա­մար յո­տից ցգլուխ մեղ­քի տիղ­մին մէջ թա­թա­խուած մե­ղա­ւո­րը։

Աս­տու­ծոյ խոս­տու­մին ի­րա­կա­նաց­ման դէպ­քը կը զու­գա­դի­պէր բո­լո­րո­վին աշ­խար­հիկ նպա­տակ­ներ հե­տապն­դող պաշ­տօ­նա­կան գոր­ծու­նէու­թեան մը հետ։ Աշ­խար­հա­կա­լու­թեան մը միա­հե­ծան ինք­նա­կա­լին՝ Օ­գոս­տոս Կայ­սեր հրա­մանն էր սա մար­դա­հա­մար կա­տա­րե­լու։ Հին Ուխ­տի մար­գա­րէ­նե­րէն Մի­քիա, կան­խա­գու­շա­կած էր, թէ Աս­տու­ծոյ Օ­ծեա­լին ծնուն­դը, տե­ղի պի­տի ու­նե­նար Բեթ­ղեհէ­մի մէջ (Մի­քիա. 5.2)։ Օ­գոս­տոս Կայ­սեր մար­դա­հա­մար կա­տա­րե­լու հրա­մա­նը, ա­ռիթ ըն­ծա­յեց, որ Աս­տու­ծոյ խոս­տու­մը ի­րա­կա­նա­նար Դա­ւի­թի քա­ղա­քին մէջ։ Կայս­րու­թեան մար­դաբ­նա­կու­թեան եւ տնտե­սա­կան վի­ճա­կը քննար­կե­լու ա­ռու­մով ար­ձա­կուած այս հրա­մա­նը կը մի­տէր աշ­խար­հիկ նպա­տակ­ներ։ Սա­կայն այդ հրա­մա­նը դուռ բա­ցաւ, որ Բեթ­ղե­հէ­մը՝ Հա­ցի տու­նը, յի­րա­ւի ար­դա­րաց­նէր իր ա­նու­նին ի­մաս­տը, եւ դառ­նար՝ Կեան­քի Հա­ցին ծննդա­վայ­րը։ Ա­մէն ան­գամ, որ Ս. Պա­տա­րագ կը մա­տու­ցուի, պա­տա­րա­գի­չը ա­ռա­ջադ­րու­թեան պա­հուն կ­՚ա­ղօ­թէ ը­սե­լով. «Տէր Աստուած մեր, դուն՝ փրկիչ, ապ­րե­ցու­ցիչ եւ բա­րե­րար, որ մե­զի ղրկե­ցիր քու երկ­նա­ւոր Հացդ՝ մեր Տէր Յի­սուս Քրիս­տո­սը, իբ­րեւ կե­րա­կուր ամ­բողջ աշ­խար­հին հա­մար, որ­պէս­զի մեզ օրհ­նէ, եւ սրբէ» (Խորհր­դա­տետր)։

Թէ ի՞նչ պէտք է ըլ­լայ մեր կեցուած­քը հան­դէպ՝ այս ան­զու­գա­կան խո­նար­հու­թեան։ Կ­՚ու­զե՞նք սնա­նիլ Կեան­քի Հա­ցով, որ­պէս­զի եր­բեք չա­նօ­թե­նանք հո­գե­ւոր ա­ռու­մով։ Կ­՚ու­զե՞նք, որ Քրիս­տոս այ­ցե­լէ եւ բնա­կի մե­զի հետ, որ­պէս­զի բա­ժին հա­նէ իր խո­նար­հու­թե­նէն։ Կ­՚ու­զե՞նք մեր սրտե­րը Քրիս­տո­սի հա­մար օ­թե­ւան­նե­րու վե­րա­ծել, որ­պէս­զի Իր պատ­րաս­տե­լիք երկ­նա­յին օ­թե­ւան­նե­րուն մէջ կա­րե­նանք տեղ ու­նե­նալ։ Որ­պէս­զի ար­դա­րա­նան այս հար­ցում­նե­րուն տրուած դրա­կան պա­տաս­խան­նե­րը, պար­տինք խո­նար­հիլ ան­պար­տե­լի Աս­տու­ծոյ հզօր կամ­քին առ­ջեւ եւ գոր­ծակ­ցիլ Ի­րեն, մեր կեան­քե­րը կեն­սա­ւո­րե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։ Կ­՚ու­զե՞նք տես­նել խո­նար­հող­նե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը, նա­յինք Բեթ­ղե­հէ­մի մսու­րին։ Հոն են Սուրբ Կոյս Մա­րիա­մը, Յով­սէ­փը, աղ­քատ հո­վիւ­նե­րը եւ մե­ծա­տուն մո­գե­րը, ո­րոնք շրջա­պա­տած են Մա­նուկ Յի­սու­սը եւ ու­նին ի­րենց պատ­գամ­նե­րը բո­լո­րիս, որոնք կա­րե­լի է կար­դալ եւ ըմբռ­նել Սուրբ Ա­ւե­տա­րա­նի ըն­թեր­ցու­մով։ Թա­փան­ցենք այս պատ­գամ­նե­րու ի­մաս­տին եւ ու­նե­նանք ա­նե­րեր հա­ւատք, զգա­լու հա­մար Աս­տուա­ծա­յայտ­նու­թեան խոր­հուր­դին ի­մաս­տը։ Ըմբռ­նենք, թէ «ճշմար­տու­թիւ­նը Յի­սու­սին մէջ է» եւ մեր վրա­յէն թօ­թա­փենք «խա­բե­բայ ցան­կու­թիւն­նե­րով ա­պա­կա­նուած հին մար­դը, նո­րո­գուինք մտքով ու հո­գիով։ Հագ­նինք նոր մար­դը, որ Աս­տու­ծոյ պատ­կե­րին պէս ար­դա­րու­թիւ­նով ու ճշմա­րիտ սրբու­թիւ­նով ստեղ­ծուած է» (Ե­փե­սա­ցիս. 4.21-24)։

Աս­տուա­ծա­յայտ­նու­թեան այս տա­ղա­ւա­րին եւս հա­ւատ­քով, յոյ­սով եւ սի­րով կը շա­րու­նա­կենք ա­ղօ­թել մեր սի­րե­լի Հո­գե­ւոր Պե­տին՝ Ն. Ա. Տ. Մես­րոպ Ս. Պատ­րիար­քին հա­մար։ Վստահ ենք, որ հա­ւա­տա­ցեալ­ներ ինչ­պէս միշտ, այս ա­ռի­թով եւս կու գան միա­նալ մե­զի, ցու­ցա­բե­րե­լով ա­ղօթ­քի զօ­րակ­ցու­թիւն։ Կը շա­րու­նա­կենք ա­ղօ­թել հա­մայն աշ­խար­հի խա­ղա­ղու­թեան հա­մար, մեր երկ­րի ղե­կա­վար­նե­րուն եւ անխ­տիր բո­լոր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն հա­մար, հա­րե­ւան՝ Սու­րիա­հայ եւ Ի­րա­քա­հայ հա­մայնք­նե­րու մեր եղ­բայր­նե­րուն ու քոյ­րե­րուն, ինչ­պէս նաեւ նոյն եր­կիր­նե­րու բո­լոր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն հա­մար, ա­ռանց ցե­ղի, կրօն­քի եւ դա­ւա­նան­քի խտրու­թեան։

Աս­տուա­ծա­յին փառ­քի ծագ­ման ա­ւե­տի­սը ա­ռիթ մը ըլ­լայ Աս­տու­ծոյ Միա­ծին Որդ­ւոյն՝ տի­րոջ Օ­ծեա­լին, Յի­սու­սի Քրիս­տո­սի խո­նար­հու­թեան օ­րի­նա­կը ընդգր­կե­լու, Քրիս­տո­սի սի­րով գօ­տեպն­դուե­լու եւ որ­պէս ի Քրիս­տոս եղ­բայր­ներ եւ քոյ­րեր ծա­ռա­յե­լու՝ Աս­տու­ծոյ փառ­քին, ե­կե­ղե­ցեաց պայ­ծա­ռու­թեան եւ մեր հո­գե­ւոր շի­նու­թեան եւ մխի­թա­րու­թեան։ Այս սրտա­զեղ բա­րե­մաղ­թանք­նե­րը կեան­քի կո­չե­լու եւ պտղա­բե­րե­լու յոյ­սով ող­ջու­նենք զի­րար ը­սե­լով.

ՔՐԻՍ­ՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏ­ՆԵ­ՑԱՒ

ՕՐՀ­ՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏ­ՆՈՒ­ԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍ­ՏՈ­ՍԻ.

Նմա փառք, յա­ւի­տեանս յա­ւի­տե­նից. Ա­մէն։

Աս­տուա­ծա­յայտ­նու­թեան տա­ղա­ւա­րին ա­ռի­թով կը շնոր­հա­ւո­րենք Ա­ռա­քե­լա­կան Մայր Ե­կե­ղեց­ւոյ բո­լոր զա­ւակ­ներն անխտիր, եւ քրիս­տո­սա­ւանդ ջեր­մա­գին սի­րով կ­՚ող­ջու­նենք մեր Հո­գե­ւո­րա­կան Դա­սու ան­դամ­նե­րը, Սրբա­զան Ե­պիս­կո­պոսն ու Միա­բան Հայ­րե­րը, Քա­հա­նա­յից Դա­սը, Գալ­ֆա­յեան Ուխ­տի Քոյ­րը, Սար­կա­ւա­գաց եւ Դպրաց Դա­սե­րը, Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի Տնտե­սա­կան Խոր­հուր­դի, Տիկ­նանց եւ Ե­րի­տա­սար­դաց կազմե­րու ան­դամ­նե­րը, Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին Հի­ւան­դա­նո­ցի Հո­գա­բար­ձու­թիւ­նը, Բժշկա­պե­տու­թիւ­նը, Բժշկաց Դասն ու Բոյժ­-քոյ­րե­րը, Հա­մայն­քա­յին Հաս­տա­տու­թեանց Խնա­մա­կա­լու­թիւն­նե­րը, Թա­ղա­յին Խոր­հուրդ­նե­րը, Տիկ­նանց Յանձ­նա­խում­բե­րը, մեր հա­մայն­քա­յին վար­ժա­րան­նե­րու Հիմ­նա­դիր­նե­րը, Տնօ­րէն­նե­րը, Հո­գա­բար­ձու­թիւն­նե­րը, Ու­սուց­չաց Դա­սը, Աղ­քա­տախ­նամ Մար­մին­նե­րը, Սա­նուց Միու­թիւն­նե­րը եւ բո­լոր մար­դա­սի­րա­կան եւ մշա­կու­թա­յին մար­մին­նե­րը, Հայ Մամ­լոյ Խմբա­գիր­նե­րը եւ ողջ Անձ­նա­կազ­մը, բա­րե­սի­րա­կան եւ կրթա­կան հաս­տա­տու­թեանց սա­տա­րող ազ­նիւ բա­րե­րար­նե­րը, հա­մայն հա­ւա­տա­ցեալ եւ սի­րե­ցեալ մեր ժո­ղո­վուր­դը մաղ­թե­լով բո­լո­րին եր­ջա­նիկ Ս. Ծննդեան տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն, ինչ­պէս նաեւ ե­կե­ղե­ցա­շէն, կրթա­նուէր եւ բա­րե­սէր գոր­ծու­նէու­թեանց լիա­կա­տար յա­ջո­ղու­թիւն։

Յա­տուկ օրհ­նու­թեամբ կ­՚ող­ջու­նենք եւ կը շնոր­հա­ւո­րենք Կրե­տէի Հայ հա­մայն­քի ան­դամները։

Աս­տուա­ծա­յայտ­նու­թեան տա­ղա­ւա­րին ա­ռի­թով կը շա­րու­նա­կենք ա­ղօ­թել վասն բա­րօ­րու­թեան եւ ան­սա­սա­նու­թեան Մայր Ա­թոռ Ս. Էջ­միած­նի։ Մեր որ­դիա­կան ակ­նա­ծան­քը կը յղենք Նո­րին Սրբու­թիւն Տ. Տ. Գա­րե­գին Բ. Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սին։ Կը հայ­ցենք Նո­րին Սրբու­թեան եւ Մայր Ա­թո­ռի ողջ միա­բա­նու­թեան ա­ղօթք­նե­րը Նո­րին Ա­մե­նա­պա­տուու­թիւն Տ. Մես­րոպ Ս. Պատ­րիարք Հօր ա­ռող­ջու­թեան հա­մար։

Ի Քրիս­տոս սի­րով կը շնոր­հա­ւո­րենք Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Նո­րին Սրբու­թիւն Տ. Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սը եւ Ե­րու­սա­ղէ­մի Նո­րին Ա­մե­նա­պա­տուու­թիւն Տ. Նուր­հան Պատ­րիար­քը, հան­դերձ ի­րենց միա­բա­նա­կից վա­նա­կան հայ­րե­րով, նաեւ Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ բո­լոր ա­ռա­քե­լա­գործ վի­ճա­կա­ւոր­նե­րը, հան­դերձ ի­րենց հո­գե­ւո­րա­կան դա­սե­րով վստահ ըլ­լա­լով, թէ բո­լո­րը ա­ղօ­թա­կից են մե­զի։

Այս առ­թիւ ի Քրիս­տոս սի­րով ող­ջու­նե­լով, Աս­տուա­ծա­յայտ­նու­թեան տա­ղա­ւա­րի մեր շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­նե­րը կը յղենք նաեւ բո­լոր քոյր Քրիս­տո­նեայ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ա­ռաջ­նորդ­նե­րուն, հո­վիւ­նե­րուն եւ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն՝ գլխա­ւո­րա­բար Հայ Կա­թո­ղի­կէ եւ Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան հա­մայնք­նե­րուն։

Սի­րոյ ջեր­մա­գին ող­ջոյն­ներ կ­՚ա­ռա­քենք Սփիւռ­քի տա­րած­քին գտնուող Պոլ­սա­հայ, Սուրբ Խաչ Դպրե­վանք, Կեդ­րո­նա­կան, Է­սա­յեան, Մխի­թա­րեան վար­ժա­րան­նե­րու Միու­թիւն­նե­րուն եւ ար­տա­սահ­մա­նի բա­րե­պաշտ եւ ե­կե­ղե­ցա­նուէր մեր ժո­ղո­վուր­դին, ո­րոնք սփիւռ­քեան պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ կը փոր­ձեն պա­հել մեր ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը, միան­գա­մայն հո­գե­ւոր եւ տոհ­միկ կապ պա­հե­լով ի­րենց ծննդա­վայ­րին հետ։

Շնորհք, սէր եւ աս­տուա­ծա­յին սրբա­րար զօ­րու­թիւնն Հօր եւ Որդ­ւոյ եւ Հոգ­ւոյն Սրբոյ ե­ղի­ցի ընդ մեզ, Ա­մէն։

ՔՐԻՍ­ՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏ­ՆԵ­ՑԱՒ

ՕՐՀ­ՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏ­ՆՈՒ­ԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍ­ՏՈ­ՍԻ

Ա­ՐԱՄ ԱՐ­ՔԵ­ՊԻՍ­ԿՈ­ՊՈՍ Ա­ԹԷ­ՇԵԱՆ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ

Երեքշաբթի, Յունուար 5, 2016