ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՊԵՆԵՏԻՔՏՈՍ ԺԶ. ՊԱՏՈՒԱՒՈՐ ՊԱՊԻ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ

Վատիկանի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ երջանկայիշատակ Պենետիքտոս ԺԶ. Պատուաւոր Պապի յուղարկաւորութիւնը։ Արարողութեան կը մասնակցի նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կողմէ բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր տնօրինութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը երեք սրբազանի կողմէ կը ներկայացուի արարողութեան ընթացքին։ Այսպէս, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կը ներկայացնեն Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, Տաւուշի թեմակալ առաջնորդ Տ. Բագրատ Եպսկ. Գալստանեան եւ Կեդրոնական Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Տիրան Եպսկ. Պետրոսեան։

Պատուաւոր Պապի յուղարկաւորութեան համար Անթիլիասէն ալ Վատիկան մեկնած է Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան, որ այսօրուան յուղարկաւորութեան ընթացքին կը ներկայացնէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը։

Հինգշաբթի, Յունուար 5, 2023