ՊԱՇՏՕՆԷՈՒԹԵԱՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը Ամանորի եւ Սուրբ Ծնունդի առթիւ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի զանազան կառոյցներու աշխարհական աշխատակիցներուն հետ։ Վեհարանի գահասրահի երդիքին տակ Վեհափառ Հայրապետը անոնց փոխանցեց իր օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքը։ Նորին Սրբութիւնը գնահատանքով արտայայտուեցաւ Մայր Աթոռի աշխատակիցներու նուիրեալ ծառայութեան, եկեղեցւոյ առաքելութեան արդիւնաւորման ուղղութեամբ։

Զրոյցի տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ յառաջիկայ տարուան ծրագրերուն։

Ուրբաթ, Յունուար 5, 2024